Սթրազպուրկի (Ալզաս – Ֆրանսա) մէջ, Փետրուար 5-6ին տեղի ունեցած Եւրոպական Միութիւն – Հայաստան խորհրդարանական համագործակցութեան յանձնախումբի հերթական 14-րդ նիստը դժուարութիւններու առջեւ գտնուած է: Արդարեւ, Խորհրդարանական համագործակցութեան յանձնախումբի աշխատանքներու աւարտին, կողմերը չեն յաջողած համաձայնութիւն կայացնել եզրափակիչ յայտարարութեան շուրջ:
Հայաստանի խորհրդարանական պատուիրակութեան ներկայացուցիչ Սամուէլ Ֆարմանեան կը մեղադրէ եւրոպացիները` փաստաթուղթին մէջ անընդունելի ձեւակերպումներ ներառելու համար, սակայն կան նաեւ լուրեր այն մասին, որ յայտարարութիւնը չստորագրելու մէջ դերակատարութիւն ունեցած է նոյնինք Ֆարմանեան:
Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն խորհրդարանական համագործակցութեան յանձնախումբի հայկական պատուիրակութեան անդամ Աղուան Վարդանեան “Երկիրն այսօր“-ին հետ հեռաձայնային զրոյցին ընթացքին նշած է, որ կարեւոր էր յայտարարութեամբ մը հանդէս գալ` յատկապէս այս հանգրուանին, երբ Հայաստանի կառավարութիւնը անհրաժեշտ կը նկատէ Եւրոպական Միութեան ուղղութեամբ աշխատանքները առաւելագոյնս շարունակել, առանց խանգարելու Մաքսային միութեան անդամակցութիւնը: “Իմ առաջին տպաւորութիւնս այն է, որ մեր յանձնախումբի ներկայացուցիչը դերակատարութիւն ունեցաւ համաձայնութիւնը չստորագրելուն մէջ: Որոշ չափով անոր միանձնեայ դիրքորոշման պատճառով այս բոլորը տեղի ունեցաւ“, ըսած է Վարդանեան:
Աղուան Վարդանեան հաստատած է, որ Սեպտեմբեր 3-ի յայտնի որոշումէն արդէն հինգ ամիս անցած է, սակայն Եւրոպական խորհրդարանի պատգամաւորներու բացարձակ մեծամասնութիւնը, որոնց շարքին նաեւ անոնք, որոնք մնայուն կերպով Հայաստանի դիրքորոշումը կը կիսէին, ամբողջական կերպով տեղեակ չեն, թէ ի՞նչ եւ ինչո՞ւ կատարուած է:
“Անակնկալը, ցնցումը մինչեւ այսօր կը շարունակուի, ինչ որ կը նշանակէ, թէ մեր արտաքին գործոց նախարարութիւնը գոնէ բացատրական հիմնաւորման լուրջ աշխատանք չէ կատարած այս ընթացքին“, ըսաւ Վարդանեան:
Ան նշեց, որ Արցախի լուծման վերաբերեալ կէտին մէջ խնդիրներ եւ տարակարծութիւններ յառաջացան կողմերուն միջեւ: Վարդանեան ընդգծեց, որ միացեալ փաստաթուղթ չստորագրելը իր հետեւանքները պիտի ունենայ: Ան նաեւ յայտնեց, որ թէեւ ժամանակը շատ քիչ էր, բայց հայկական պատուիրակութեան բոլոր անդամներուն` Եւրոպական Միութեան խորհրդարանականներուն հետ ընդհանուր յայտարարի չգալու փաստը տարակուսանք յառաջացուցած էր, քանի որ Սեպտեմբեր 3-էն ետք առաջին անգամ ըլլալով կարելի չեղաւ միացեալ փաստաթուղթ ստորագրել:
“Մենք կ՛ենթադրենք, որ մեր խումբին ղեկավարը կը հաղորդակցի պաշտօնական Երեւանի հետ, բայց կը կարծեմ, որ Ֆարմանեան պէտք է իր գործընկերներուն, անկախ անկէ` ընդդիմութիւնը կը ներկայացնեն, թէ ոչ, տեղեկացնէր այդ քննարկումներուն եւ դիրքորոշումներուն մասին: Մենք կրնայինք խուսափիլ միանձնեայ որոշումէն: Այս պարագային մենք աւելի շատ կորսնցուցինք: Կը վախնամ, որ այս քայլով Եւրոպայի մէջ բարեկամներ կը կորսնցնենք“, ըսաւ Աղուան Վարդանեան` աւելցնելով, որ Հայաստան այսուհետեւ աւելի ծրագրուած աշխատանքներ պէտք է տանի` փորձելով ազդել այնպէս, որ կարելի ըլլայ խուսափիլ նմանօրինակ իրավիճակներէ: