ՎԵՐ­ՋԻՆ ՀՐԱ­ԺԵՇՏ` ԱՐԱՄ ՂԱ­ՐԱ­ԲԵԿ­ԵԱ­ՆԻՆ

0 0
Read Time:3 Minute, 40 Second

 Aram-GHARAB Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գահ Սերժ Սարգս­եան, մշա­կոյ­թի նա­խա­րար Յաս­միկ Պօ­ղոս­եան, մե­ծա­թիւ ար­ուես­տա­գէտ­ներ եւ ար­ուես­տա­սէր­ներ Յուն­ուար 29-ին վեր­ջին հրա­ժեշտ տուին Հա­յաս­տա­նի ար­ուես­տի վաս­տա­կա­ւոր գոր­ծիչ, “Մով­սէս Խո­րե­նա­ցի“ մե­տա­լա­կիր, ան­ուա­նի գե­ղար­ուես­տա­կան ղե­կա­վար Արամ Ղա­րա­բեկ­եա­նին: “Արամ Խա­չատր­եան“ հա­մեր­գաս­րա­հին մէջ տե­ղի ու­նե­ցած յու­ղար­կա­ւո­րու­թեան արա­րո­ղու­թեան մաս­նակ­ցե­ցան բազ­մա­թիւ քա­ղա­քա­կան, հա­սա­րա­կա­կան գոր­ծիչ­ներ, մտա­ւո­րա­կան­ներ, ար­ուես­տա­գէտ­ներ եւ Արամ Ղա­րա­բեկ­եա­նին ար­ուես­տը գնա­հա­տող մար­դիկ` իրենց յար­գան­քի տուր­քը մա­տու­ցե­լով տա­րի­ներ շա­րու­նակ հայ­րե­նի­քի մէջ բե­ղուն գոր­ծու­նէ­ու­թիւն ծա­ւա­լած խմբա­վա­րին: Արամ Ղա­րա­բեկ­եա­նին թա­ղու­մը տե­ղի ու­նե­ցաւ Երե­ւա­նի քա­ղա­քա­յին պան­թէ­ո­նին մէջ: Վաս­տա­կա­ւոր խմբա­վա­րը յան­կար­ծա­մահ եղած էր Յուն­ուար 11-ին, Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու մէջ, ուր­կէ անոր մար­մի­նը փո­խադր­ուած է Երե­ւան:

Հրա­ժեշ­տի արա­րո­ղու­թեան ըն­թաց­քին ար­տա­սան­ուած խօս­քե­րուն մէջ անդ­րա­դարձ կա­տար­ուե­ցան Ղա­րա­բեկ­եան ար­ուես­տա­գէ­տի ան­սահ­ման տա­ղան­դին եւ մարդ­կա­յին յատ­կա­նիշ­նե­րուն: Երաժշ­տա­հան Տիգ­րան Ման­սուր­եան թէ­եւ չկրցաւ ներ­կայ գտնուիլ հրա­ժեշ­տի արա­րո­ղու­թեան, որով­հե­տեւ Մի­աց­եալ Նա­հանգ­ներ կը գտնուէր, այն­ուա­մե­նայ­նիւ, ցա­ւակ­ցա­կան նա­մակ յղած էր Ղա­րա­բեկ­եա­նի ըն­տա­նի­քի ան­դամ­նե­րուն եւ ամ­բողջ հայ ժո­ղո­վուր­դին: Այ­սօր դէ­պի յա­ւեր­ժու­թիւն կ՛ու­ղե­ւոր­ուի պայ­ծառ հա­յոր­դի, որ հայ երաժշ­տա­կան մշա­կոյ­թի ան­դաս­տա­նին մէջ իր փայ­լուն գոր­ծու­նէ­ու­թիւնը ծա­ւա­լեց անմ­նա­ցորդ եւ հա­ւա­տա­րիմ ձե­ւով: Ան եղաւ իր ծրա­գիր­նե­րուն, իր առ­ջեւ դրուած պա­հանջ­նե­րուն խո­նարհ են­թա­կան, բազ­մա­թիւ ու­րա­խու­թեան պա­հեր նուի­րեց թէ՛ հայ եւ թէ՛ օտար երաժշ­տա­սէր հան­րու­թեաններ­կա­յաց­նե­լով հայ երաժշ­տա­կան ար­ուես­տը տար­բեր կեդ­րոն­նե­րու մէջ: Բո­լո­րիս հա­մար մեծ կո­րուստ է Ղա­րա­բեկ­եա­նի մա­հը, վկա­յած էր Ման­սուր­եան:

Կը յի­շեմ, թէ ինչ­պէս մտաւ մեր երաժշ­տա­կան կեան­քին մէջ: Այ­նու­հե­տեւ, յետ­պա­տե­րազմ­եան տա­րի­նե­րուն վաղ­ուան օրը նոր շօ­շա­փող ժո­ղո­վուր­դը մտաւ Արամ Ղա­րա­բեկ­եա­նի աշ­խար­հը: Ան հրա­ւիր­ուե­ցաւ այս­տեղ` իբ­րեւ սե­նե­կա­յին նուա­գա­խում­բի խմբա­վար եւ իրեն հետ բե­րաւ իր աշ­խար­հը, իր մշա­կոյ­թը, մօ­տե­ցում­նե­րը, ար­ժէք­նե­րը, երազ­նե­րը, որոնք կը փոր­ձէր իրա­կա­նաց­նել: Ես անոր հետ ծա­նօթ ըլ­լա­լու պատիւը եւ հա­ճոյ­քը ու­նե­ցած եմ այն տա­րի­նե­րէն, երբ ան եկաւ Հա­յաս­տան: Ան մար­դոց հա­մար իւ­րա­քան­չիւր պա­հը տօ­նի կը վե­րա­ծէր, նա­եւ կը դաստ­ի­ա­րա­կէր, կը կրթէր: Այ­սօր պէտք է պար­զա­պէս ըսենք` փառք Աս­տու­ծոյ, որ այս­պի­սի ան­հատ­ներ կը ծնին: Արա­մը կրցաւ իր կեան­քին ըն­թաց­քին շատ բան ընել: Միւս կող­մէ` ափ­սոս բո­լոր չը­րած­նե­րուն հա­մար, լրագ­րող­նե­րուն հետ ու­նե­ցած զրոյ­ցին ըն­թաց­քին յայտ­նեց Հա­յաս­տա­նի մշա­կոյ­թի նա­խա­րար Յաս­միկ Պօ­ղոս­եան:

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles