Պարտադիր կուտակային կենսաթոշակային համակարգի ստեղծած դժգոհութեան ալիքը այնպիսի կացութիւն մը ստեղծած է, որ բողոքի ցոյցերը տարածուած են այլ հեռաւոր շրջաններէ ներս: Զուգահեռաբար, այլ առաջնահերթ հարց մը` Մաքսային Միութեան անդամակցելու Հայաստանի շտապ որոշումը սկսած է նոյնքան մտահոգութիւն ստեղծել, որքան վերոյիշեալ կենսաթոշակային համակարգը:
Եթէ այս վերջինը, ներքին ընկերային հարցերը շօշափող նիւթ մըն է, Մաքսային Միութեան անդամակցելու որոշումն ալ արտաքին-յարաբերական բնագաւառէն ներս, խիստ կարեւոր բնագաւառ մըն է, որ իր կարգին կուտակում մըն է…կուտակուած թերացում, որուն հետեւանքները հետզհետէ կը յայտնուին:
Արդարեւ, դեռ հազիւ շաբաթ մը առաջ, Սթրազպուրկի մէջ տեղի ունեցած Եւրոպական Միութիւն – Հայաստան խորհրդարանական համագործակցութեան յանձնախումբի հերթական նիստին, տարօրինակ մթնոլորտ մը կը տիրէր, որ կարելի էր նկարագրել իբրեւ “կուտակուած դժգոհութիւն…կուտակուած թերացման առթիւ“:
Ընդվզեցուցիչն ու մտահոգիչը այն է թէ, նմանօրինակ հապճէպ որոշումի արդիւնք, բազմաթիւ եւրոպացի խորհրդարանականներ կը կարծեն, թէ Հայաստանի արտաքին քաղաքական` Մաքսային Միութեան անդամակցելու որոշումին վերաբերեալ իրենց դժգոհութեան արտայայտման լաւագոյն ազդեցիկ միջոցը կրնայ ըլլալ Արցախի հիմնահարցի լուծման առնչութեամբ, աւելի հակահայ եւ տագնապին խաղաղ լուծման որեւէ ձեւով չնպաստող եւ նոյնիսկ վնաս հասցնող դիրքորոշումներու կիրարկումը:
Յատկապէս այս դիրքոշումն ու ընթացքն է որ, մտահոգութիւններու եւ հարցադրումներու դուռ կը բանայ: Ոչ մէկ յաւելեալ բացատրողական որոշումի մը մասին, որ գրեթէ վեց ամիսէ ի վեր առնուած է եւ եւրոպական միջավայրը զերծ մնացած է որեւէ յաւելեալ բացատրողականէ եւ … առ ի գիտութիւնէ:
Բնականաբար, այս վտանգաւոր կացութիւնը, արդիւնք է Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան եւ բնականաբար Արտաքին Գործոց նախարարութեան “կուտակուած թերացման“: Այսուամենայնիւ, այս գծով եթէ քարոզչական-յարաբերական աշխատանք տարուէր, բացատրելով Հայաստանի աշխարհաքաղաքական փափուկ կացութիւնը, եւրոպացիք լաւապէս կրնային հասկնալ այդ կացութիւնը եւ շատ աւելի տրամաբանական մօտեցումով, կրնային որոշ վերապահ դիրքորոշումներ առնել…շարունակ խաղող քաղելու եւ երբեք այգեպան ծեծելու մտայնութեամբ:
Եւրոմիութիւն-Հայաստան խորհրդարանական համագործակցութեան յանձնաժողովին համար յստակ է թէ Մաքսային Միութեան անդամակցելով, Հայաստան պիտի դիմագրաւէ բազմաթիւ դժուարութիւններ, որոնց կարգին բազմաթիւ կենսանիւթներու եւ ապրանքներու սակի բարձրացում: Այս մէկը զգալի պիտի ըլլայ, մանաւանդ որ Հայաստանի եւ Մաքսային Միութեան երկիրներու միջեւ ընդհանուր ցամաքային սահման գոյութիւն չունի, եւ հետեւաբար նմանօրինակ սահմանի բացակայութիւնը, պիտի նուազեցնէ նման միութիւններու տարանցիկ տնտեսական հնարաւորութիւնները:
Այս բոլոր տեղեկութիւններն ու հիմնաւորումները, եթէ պատշաճօրէն ներկայացուէին Եւրոմիութիւն-Հայաստան խորհրդարանական համագործակցութեան բեմահարթակ բնականաբար, տարբեր պիտի ըլլար կացութեան ընկալումը: