ՀԱՐՑԸ
Ուշագրաւ երեւոյթ է, որ հայ մարդիկ, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ), շատ քիչ կը խօսին բնապահպանութեան մասին, նաեւ կրնանք ըսել, որ ընդհանրապէս չեն մտահոգուիր: Հայկական մամուլը եւ լրատուամիջոցները հազուադէպօրէն կ՛անդրադառնան բնապահպանական աղէտներուն, անհատներու եւ հաւաքականութիւններու պատասխանատուութիւններուն, լրագրական անմիջականէ անդին: Հայաստանի մէջ կայ շարժում մը, որ գրեթէ լռած է: Սփիւռքի պարագային, ո՛չ մեր կայք հաստատած երկիրներուն եւ ո՛չ ալ համայնքային մակարդակներու վրայ բնապահպանական մտահոգութիւններ կը դրսեւորուին: Կամ կը մտածենք, որ անով զբաղողներ կան, կամ եսասիրաբար կը խորհինք, ինչպէս առածը կ՛ըսէ, “ինձմէ ետք ջրհեղեղ“:
ՄԵՆՔ ԵՒ
ԲՆԱՊԱՀՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ
Եթէ ներազգային կարեւոր-անկարեւոր հարցերէն մեր քիթը դուրս հանենք, պիտի նկատենք, որ քաղաքական, ընկերային, յարաբերական եւ կենցաղային հարցերու վիճարկումի պարագային, բնապահպանութիւնը ներկայ է: Ժամանակակից քաղաքակրթութեան մէջ ան դարձած է անշրջանցելի եւ առօրեայ խնդիր, քանի որ կեանքը մոլորակին վրայ անմիջականօրէն կ՛առնչուի բնապահպանութեան: Գիտակից քաղաքացին, որ մոլորակի բնակիչ է, չի կրնար անտարբեր ըլլալ յարաճուն ապականութեան եւ անապատացման հանդէպ: Նուազագոյն չափով հետաքրքիր քաղաքացին այլեւս գիտէ, որ քանի մը երկիր-մոլորակներ պէտք են Ամերիկայի կամ Ֆրանսայի աղբը մաքրելու համար:
Իսկ կարգ մը երկիրներ, իրենց կամ ուրիշներու մեղքով, աղբանոց են: Նաեւ կան աղբանոց ովկիանոսային տարածութիւններ:
Եթէ կ՛ուզենք ճշդել տեղը եւ դերը բնապահպանութեան, պիտի ըսենք, որ ան հրամայական այն իմաստութիւնն է, որ կը կը հակի ապրող արարածներու եւ անոնց միջավայրին վրայ: Ապրողը իր միջավայրին պէտք ունի, առանց որուն` ան կը դադրի: Ապրողը ապրող է միջավայրով: Մեր մոլորակի իւրայատուկ միջավայրը ստեղծած է կեանքը, մարդկութեան նուաճած այլազան գիտութիւնները ցարդ չեն յայտնաբերած նման այլ միջավայր, ուր կարելի ըլլայ կեանքի հրաշքը: Տիեզերական անսահմանութիւնը ցարդ անկեանք է: Հետեւաբար բնապահպանութիւնը ինքնատիպ քաղաքական-բարոյական վարդապետութիւն մըն է, որ կ՛առաջադրէ բնութեան պաշտպանութիւնը, պաշտպանութիւնը այն բոլոր իւրայատուկ միջավայրերուն, ուր կեանքի ծաղկումը կարելի կ՛ըլլայ:
Այսքան պարզ ճշմարտութիւն գերիվեր պէտք է համարուէր տնտեսական շահախնդրութիւններէ: Այս ըմբռնումով է, որ հանդէս կու գայ ժամանակակից մարդուն քաղաքական իրաւ մարդկայնութիւնը, որ եսէն անդին կը մտածէ միւսին մասին, անմիջական սեփական բաւարարութիւններէ անդին գալիք սերունդներու մասին: Պարզ ձեւով պէտք է մտածել հետեւեալ հարցումին մասին. “Ինչպիսի՞ ապագայ մը պիտի կտակենք անոնց, որոնք պիտի գան հարիւր, երկու հարիւր կամ հազարամեակ մը ետք“: Երբ այսօրուան աւերներուն պատկերը աչքի առաջ կ՛ունենանք, կրնա՞նք անտարբեր մնալ:
Յունիս 5 եւ 6, 1972-ին Սթոքհոլմ գումարուած ՄԱԿ-ի բնապահպանութեան հարցով գումարուած խորհրդաժողովը որոշումներ կայացուցած էր, որպէսզի պահպանուի բնութիւնը եւ բարելաւուին անոր պաշտպանութեան միջոցները: Յայտարարութիւն եղած էր եւ ճշդուած էին սկզբունքներ: Շուրջ 2500 բառ:
Յայտարարութեան առաջին կէտը, որպէս սկզբունք, կ՛ըսէ. “Մարդը միաժամանակ արարածն է եւ արարողը իր միջավայրին, որ կ’ապահովէ իր ֆիզիքական ապրուստը եւ իրեն կ’ընծայէ մտաւորական, բարոյական, ընկերային եւ իմացական զարգացման հնարաւորութիւն: Երկրի վրայ մարդկային ցեղի երկար եւ տքնաջան հոլովոյթին մէջ եկած է պահը, երբ, գիտութեան եւ արհեստագիտութեան միշտ աւելի արագ յառաջընթացին շնորհիւ, մարդը ձեռք բերած է շրջապատը փոփոխութեան ենթարկելու անհամար ձեւեր` աննախընթաց տարողութեամբ: Իր շրջապատի երկու տարրերը, բնական տարրը եւ այն, որ ինք ստեղծած է, անհրաժեշտ են իր բարեկեցութեան եւ իր հիմնական իրաւունքներու ամբողջական վայելքին համար, ներառեալ նաեւ` կեանքի իրաւունքը“:
Խօսքը կը վերաբերի ՄԱՐԴ–ուն, անցեալի, ներկայի եւ ապագայի: Այսինքն կեանքը չի սկսիր եւ չ՛աւարտիր մեզմով, այլ պատասխանատու ենք գալիքին:
Յայտարարութեան երրորդ կէտը կը պատկերացնէ կացութիւնը. “Մարդը տեւաբար պէտք է որ իր փորձին ճշդումը ընէ եւ շարունակէ հնարել, գտնել, ստեղծել եւ յառաջանալ: Այսօր, այն կարողութիւնը, զոր ունի մարդը իր ապրած միջավայրը փոխելու, եթէ գիտակից ընտրութեամբ գործադրէ, բոլոր մարդոց կրնայ բերել զարգացման բարիքը եւ կեանքի որակը բարելաւելու կարելիութիւնը: Չարաչար կամ անխորհուրդ գործածուելով‘ այս նոյն կարողութիւնը կրնայ անհաշիւ վնասներ պատճառել մարդկային էակներուն եւ միջավայրին: Մեր աչքին առջեւ եւ մոլորակի բազմաթիւ շրջաններուն մէջ կը բազմապատկուին մարդոց պատճառած վնասներու, աւերներու եւ քանդումներու օրինակները. Կը հաստատենք ջուրի, օդի, հողի եւ ապրող էակներու ապականման վտանգաւոր մակարդակներ, կենսոլորտի եւ բնապահպանական խոր եւ անընդունելի խանգարումներ, աւերումը եւ սպառումը անվերականգնելի բնական հարստութիւններու, վերջապէս, մարդուն կողմէ ստեղծուած ծանրակշիռ թերիներ` ֆիզիքական, մտային եւ ընկերային առողջութեան համար, մասնաւորաբար` իր ապրելու եւ աշխատելու միջավայրին մէջ“:
Այսինքն, եթէ պահ մը մտածենք, կը հաստատենք, որ մարդը ինք կը քանդէ այն միջավայրը, որ ծնունդ տուած է կեանքին, եւ օր մը պատճառ կրնայ ըլլալ նոյն այդ կեանքի դադարեցման, մեր վերաբերումները կը փոխուին: Յայտարարութեան 6-րդ կէտը կը բացուի գալիքի վրայ: Կը կարդանք. “Պաշտպանել եւ բարելաւել միջավայրը` ներկայ եւ գալիք սերունդներուն համար, մարդկութեան համար դարձած է առաջնահերթ նպատակ, յստակօրէն սահմանուած աշխատանք, որուն իրականացումը հարկ է համադրել եւ ներդաշնակել խաղաղութեան, տնտեսական եւ ընկերային զարգացման համար, նախապէս համայն աշխարհի համար ճշդուած հիմնական նպատակներուն հետ“:
ԱՆՀԱՏԱՊԷՍ
ԱՌԱՆՁԻՆ ՉԵՆՔ
ՄՈԼՈՐԱԿԻՆ ՎՐԱՅ
Այսօրուան եւ վաղուան պարզ իմաստութիւնը պիտի ըլլայ այն, որ առանձին չենք ո՛չ մեր թաղին, ո՛չ մեր քաղաքին, ո՛չ մեր երկրին մէջ: Պէտք է կարողանանք մտածել, որ մեր նուազագոյն արարքը եւ թերացումը յանձնառու կը դարձնեն համայն մարդկութիւնը եւ կրնան աւեր գործել համամարդկային եւ համամոլորակային տարողութեամբ: Օրինակ, եթէ աշխարհի եօթը միլիառ բնակիչներէն իւրաքանչիւրը օրական մէկ սիկարեթի կճատ նետէ փողոցը, քանի՜ բեռնատառ պէտք է փոխադրութեան համար եւ որքա՜ն տարածութիւն` ամբարելու համար…
Յայտարարութեան ընթերցումը հարկ է շարունակել: Տեղեակ քաղաքացին է, որ դրապէս կրնայ դերակատար կրնայ ըլլալ: Կը կարդանք այլ սկզբունքներ:
Այսպէս. “Մարդը հիմնական իրաւունք ունի ազատութեան, հաւասարութեան եւ կեանքի բաւարար պայմաններու, միջավայրի մը մէջ, որուն որակը իրեն թոյլ տայ ապրիլ արժանապատիւ կերպով եւ բարեկեցութեամբ: Ան հանդիսաւորապէս պարտականութիւն ունի պաշտպանելու եւ բարելաւելու շրջապատը ներկայ եւ գալիք սերունդներուն համար“: Այսպէս, իրաւունք եւ պարտաւորութիւն զուգընթաց են: Նոյն գիծին վրայ, մարդը պարտաւոր է աչալուրջ կերպով հսկելու, քանի որ` “երկրագունդի բնական պաշարները, ներառեալ օդը, ջուրը, բուսականութիւնը եւ մասնաւորաբար բնութեան եւ շրջապատի ներկայացուցչական նմուշները, պէտք է որ պաշտպանուին բծախնդիր մատակարարումով մը, երբ այդ կը պահանջուի“:
Մեր առօրեայ կեանքին մէջ նման ընդհանրական պահանջներու չենք անդրադառնար, անոնցմէ դուրս կը մնանք, վաղուան եւ միւսին մտահոգութեամբ չենք տագնապիր: Եթէ Էմմանուէլ Քանթի տարրական բարոյականին հետեւէինք, պիտի գիտնայինք, որ` “պէտք է գործել այնպէս, որ մեր արարքին կանոնը դառնար տիեզերական օրէնք“, կամ առաջնորդուէինք ֆրանսացի իմաստասէր Ռընէ լը Սընի գաղափարով, ըստ որուն` “ուրիշի իրաւունքը իմ պարտականութիւնս է“: Կրնայ զարմանալի թուիլ թերեւս, բայց ժամանակակիցներուս համար լայնածիր եւ լայն միջոցներ պահանջող պայքարի դաշտ է բնապահպանութիւնը, եւ այդ յաճախ կ՛անտեսենք: Սթոքհոլմի խորհրդաժողովը անդրադարձած էր անոր: Կը կարդանք. “Թունաւոր կամ այլ նիւթերու արտանետումները եւ ջերմութեան մեծածաւալ կամ խտացեալ արտադրութիւնը այնպիսի քանակով, որ շրջապատը անկարող ըլլայ անոր հետեւանքները չէզոքացնելու, պէտք է որ դադրին, որպէսզի խնայուի բնապահպանական համակարգը, լուրջ եւ անդառնալի վնասներ չկրէ: Բոլոր ժողովուրդներու արդար պայքարը ապականման դէմ պէտք է քաջալերել“: Թերեւս պէտք է աւելցնել, մեծ ու փոքր ժողովուրդներու, նոյնիսկ երբ անոնք անմիջական եւ ծանրակշիռ հարցերու դիմաց կը գտնուին, պէտք է որ մասնակցին այս պայքարին, մանաւանդ որ անոնցմէ ոմանց երկիրները յաճախ աղբանոցի կը վերածուին կամ որպէս այդպիսին կը գործածուին:
Բնապահպանութիւնը նաեւ դաստիարակութիւն է, որ կ՛ենթադրէ նախ գիտնալ եւ ապա զոհողութիւն ընել: Սթոքհոլմի յայտարարութիւնը կ՛անդրադառնայ այս գիտակցութեան յառաջացման: Կը կարդանք. “Էական է երիտասարդ սերունդին ուսուցում ջամբել շրջապատի հարցերուն մասին, ինչպէս նաեւ` չափահասներուն, ստիպողաբար նկատի առնելով նաեւ նուազ նպաստաւորուածները, զարգացնելու համար անհրաժեշտ հիմերը հանրային կարծիքի լուսաբանման, եւ անհատներուն, հիմնարկներուն եւ հաւաքականութիւններուն տալու համար իրենց պատասխանատուութիւններուն իմաստը, ինչ կը վերաբերի շրջապատի պաշտպանութեան եւ բարելաւման` ամբողջական ծաւալով“:
Այս հարցերով զբաղիլ, այս ուղղութեամբ դաստիարակչական լայնածիր աշխատանք կազմակերպել, երկրորդական իրարանցումներ կամ պարզապէս պերճանք չենք: Անհատներէն անդին մարդկութեան ապագայի հարց կայ: Աւելի պարզ. ժամանակակիցներուս եւ գալիք սերունդներուն արժանապատիւ կեանք ունենալու դասերը պէտք է սորվիլ: Բնութիւնը այն աւազանն է, ուր կ՛իրականանայ մարդու բարեկեցութիւնը, կը գտնուին բաւարարման պայմանները, եթէ կ՛ուզէք` երջանկութիւնը: Հոն կ՛ապահովուի առողջութիւնը, անօթութեան դէմ պայքարը, եւ իմաստուն համագործակցութեան պարագային` հաւասարութիւնը: Փճացած-փճացուած շրջապատի մէջ կեանքը հետզհետէ անկարելի կը դառնայ: Բնապահպանութիւնը ժամանակակից մարդուն լաւ կեանքի անշրջանցելի գաղափարախօսութիւնն է: Այլ խօսքով, ան գաղափարական շարժում է, ծառայութիւնը մարդուն` մարդուն համար:
Տրամաբանութիւնը պարզ է. բնութիւնը պէտք է հաւասարապէս ծառայէ բոլորին, քանի որ ան հասարակաց ժառանգութիւն է: Բայց այդպէս չէ եղած եւ այդպէս չէ: Բնապահպանութիւնը հասարակաց պարտականութիւն է, որպէսզի բնութեան բարիքները եւս հաւասարապէս ծառայեն մարդկութեան: Հետեւաբար բնապահպանութիւնը մարդկութեան յառաջընթացի, բարոյականի եւ հեռանկարի գաղափարախօսութիւն է:
Այսօր, պէտք է ընդունիլ իրականութիւնը, այս իրականութեան գիտակցութիւնը փոքրամասնութեան մը շրջանակին մէջ է, քանի որ հազարամեակներու ընթացքին ստեղծուած մտայնութեամբ, բնութեան կ՛ուզենք տիրել, զայն գործածել որպէս միջոց եւ ուժ տիրելու համար: Եթէ զարգանայ մեր կացութեան ըմբռնումը, որ բնութիւնը աղբիւրն է կեանքին, որ անոր փճացումը սպառնալիք է կեանքին, մարդկային մեր յարաբերութիւնները նոր որակ կը ստանան:
Ինչ որ յաճախ կը կոչենք յառաջդիմութիւն, բնութեան ընծայած միջոցներու չարաչար գործածութեամբ, յարաճուն կերպով, կրնայ առաջնորդել տիեզերական աղէտի:
ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆ
ԵՒ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
Պետութիւններ, կուսակցութիւններ, միութիւններ, կրթութիւնը ընդհանրապէս իրենց օրակարգին վրայ պէտք է ունենան բնութեան պաշտպանութիւնը, որ մարդուն իսկ պաշտպանութիւնն է:
Այս խորհրդածութիւններէն ետք կրնա՞նք մտածել ամէն օր մեր յառաջացուցած մեծ ապականութիւններուն մասին. օդը, մթնոլորտը, գետերը, ովկիանոսները: Այսինքն` մտածել կեանքի մասին:
Իսկ բնութեան պաշտպանութեան համար մեծ կամ փոքր, ընդունելի կամ անընդունելի ապականութիւններ չկան:
Չկան նաեւ պայքարի մեծ կամ փոքր միջոցներ: Այլ, յանուն բնապահպանութեան, կայ պայքար‘ սկսելով տունէն, դպրոցէն, անցնելով գործատեղիներէն, գիտական կեդրոններէն, բանակներէն, մինչեւ մթնոլորտ, մոլորակի շուրջ, ուր կը կը դառնան ու կը վխտան մեր յառաջդիմութեան աղբը եւ թափօնները:
Բնապահպանութիւնը ապագայատես եւ մարդկայնական շարժում է եւ վատութիւն է անոր անտեսումը:
Այս թղթածրարը բաց պահելը բարոյական պարտաւորութիւն է:
Ֆրանսացի իմաստասէրը` Ռընէ Տեքարթ կը խորհէր, որ մարդը բնական կերպով կը ձգտէր տիրապետելու իր շրջապատին, որ պիտի ըլլար ընկերային բնապահպանական յառաջդիմութիւն: Բայց յառաջդիմութիւնը, երբ կ՛անգիտանայ մարդը, կեանքը, ապագայի նախատեսութիւնը, կը դառնայ չարիք:
Չարիքը կը սկսի, երբ կը մոռցուի գլխագրուած Մարդը, որ բնութեան մէջ է, մաս կը կազմէ բնութեան:
Բնապահպանական շարժումը նոր է, յիսուն տարուան կեանք ունի, բայց ան մոլորակի վրայ կեանքի շարունակման գիտակցութիւն է, որ կը պահանջէ յանձնառութիւն, չըսելու համար, որ ոչինչ կրնանք ընել, մեր ուժերէն վեր է:
Կերպընկալ մէկ բաժակ նուազ գործածել, ինքնաշարժը մէկ ժամ նուազ գործածել… բնապահպանութեան ուղղութեամբ առնուած քայլեր են: Այս ընելու համար քաղքենիական սովորութիւններէն հրաժարելու վարժութիւն ձեռք պէտք է բերել:
Բայց ինչ որ պատահի, կամ ի՛նչ ալ ըլլան նախաձեռնութիւնները, մարդոց կողմէ իսկ ստեղծուած չարիքներու գնահատման սարսափ պատճառող թիւեր կան:
Այսպէս, ամէն տարի 250 միլիոն թոն կերպընկալ նիւթէ (փլասթիք) առարկաներ կ՛արտադրուին, որոնց հարիւր առ հարիւրէն աւելին կը գտնուին ջուրի մէջ: Առաւել, նաւերը 6 միլիոն թոն աղբ ուղղակիօրէն ծով կը թափեն: Անոնք կրնան մինչեւ հազար տարի չփճանալ…
Գիտնալ չի բաւեր: Ի՞նչ է մեզմէ իւրաքանչիւրին պատասխանատուութիւնը: Այս հարցումը կրնա՞յ առանց պատասխանի մնալ…