ՀԱՅ­ԿԱ­ԿԱՆ ԴԻՐ­ՔԵ­ՐՈՒ ՈՒՂ­ՂՈՒ­ԹԵԱՄԲ ԿՐԱ­ԿՈՑ­ՆԵՐ

0 0
Read Time:1 Minute, 34 Second

p1 nkr2  ԵՐԵ­ՒԱՆ.- Փետր­ուար 10-ի լոյս 11-ի գի­շեր­ուան ըն­թաց­քին, սահ­մա­նի ամ­բողջ եր­կայն­քով Ատր­պէյ­ճա­նը խախ­տած է զի­նա­դա­դա­րը եւ հայ­կա­կան կող­մի ուղ­ղու­թեամբ կրա­կա­հեր­թեր բա­ցած է: Հա­կա­ռա­կոր­դը կրա­կած է Ար­ցա­խի դիր­քա­պահ­նե­րու, իսկ Տա­ւու­շի մար­զէն ներս, կրա­կած է նա­եւ բնա­կա­վայ­րե­րու ուղ­ղու­թեամբ: Ըստ երե­ւոյ­թին, ազե­րի­նե­րը տար­բեր հաս­կա­ցո­ղու­թեամբ կ’ըմբռ­նեն 

Թէ­եւ Մի­ջազ­գա­յին ողիմպ­ի­ա­կան կո­մի­տէն կոչ ըրած էր հա­կա­մար­տող եր­կիր­նե­րուն զերծ մնալ բռնու­թիւն­նե­րէ եւ պահ­պա­նել Ողիմպ­ի­ա­կան զի­նա­դա­դա­րը, սա­կայն Ատր­պէյ­ճան, այդ օրէն ի վեր բազ­միցս խախ­տած է:

Հ.Հ. Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան մա­մու­լի խօս­նակ Արծ­րուն Յով­հան­նիս­եան յայտ­նեց թէ, հայ­կա­կան դիր­քե­րու ուղ­ղու­թեամբ ար­ձակ­ուած է վաթ­սուն կրա­կոց, անոնց մեծ մա­սը‘ ան­կա­նոն: Հայ­կա­կան ու­ժե­րը չեն պա­տաս­խա­նած:

Սահ­մա­նա­յին անվ­տան­գու­թեան հար­ցը քննարկ­ուած էր նա­խա­պէս ալ, երբ ԵԱՀԿ Մինս­քի խում­բի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը այ­ցե­լած էին Հա­յաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Սէյ­րան Օհան­եա­նը: Հան­դիպ­ման ժա­մա­նակ, պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րը վե­րա­հաս­տա­տած էր հայ­կա­կան կող­մի դիր­քո­րո­շու­մը, թէ զի­նա­դա­դա­րը պէտք չէ խախտ­ուի:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles