ՎԱՀՐԱՄ ԴԱՆԻԷԼԵԱՆԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ

0 0
Read Time:4 Minute, 5 Second

P11 vahram tanielian2  Ար­դէն իսկ քա­ռա­սունքն է ըն­կեր եւ եղ­բայր Վահ­րամ Դանի­էլ­եա­նին: Տա­րի­ներ շա­րու­նակ ծա­ռա­յած` Հ.Յ.Դ.-ին եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ին, ցայ­սօր յի­շա­տա­կե­լի կը մնայ ան: Ստո­րեւ թարգ­մա­նա­բար եւ յա­պա­ւու­մով, լոյս կ՛ըն­ծա­յենք, իր թաղ­ման օրը, Ֆլո­րի­տա­յի Հ.Յ.Դ.  “Ռոս­տոմ“ Կո­մի­տէ­ու­թեան անու­նով Պա­րէթ Մա­րոն­եա­նի փո­խան­ցած խօս­քը.-

Յուն­ուար 1, 2014-ը յի­շա­տա­կե­լի օր մըն է մե­զի հա­մար:

Տար­ուան առա­ջին օրն իսկ, իմա­ցանք որ կորսն­ցու­ցած ենք հայր մը` գա­ղու­թի կա­րե­ւոր դէմ­քե­րէն մէ­կը:

Դժուար է ընկ. Վահ­րամ Դանի­էլ­եա­նի նման տի­պա­րի մը հան­դի­պիլ եւ գոր­ծել հե­տը:

Կ՛ու­զեմ անդ­րա­դառ­նալ Վահ­րամ Դանի­էլ­եան մար­դուն մա­սին եւ ոչ թէ միայն գա­ղու­թի ղե­կա­վա­րին` ըն­կեր Վահ­րա­մին կամ Եղ­բայր Վահ­րա­մին մա­սին:

Բա­րի Հսկայ մըն էր, ան որ շա­րու­նակ կ՛ու­զէր օգ­նու­թեան հաս­նիլ, օժան­դա­կել եւ այդ ալ բա­ռին բուն իմաս­տով:

Ըն­կեր Վահ­րամ անա­չա­րօ­րէն գոր­ծեց եւ քրտինք թա­փեց, որ­պէս­զի յա­ջո­ղի իր աս­պա­րէ­զէն ներս: Գա­ղու­թէն ներս ալ, ան կա­տա­րեց մի­եւ­նոյ­նը, թէ՛ որո­շում առ­նե­լով եւ թէ՛ գոր­ծե­լով:

Իր իսկ լու­ման տրա­մադ­րե­լով, ան գոր­ծեց յաչս շրջա­նէն ներս, նոր կեդ­րոն մը կա­ռու­ցե­լու: Ան կազ­մա­կեր­պեց դրա­մար­շաւ, շա­րու­նակ խանդա-վառութեամբ գոր­ծեց ու հե­տապն­դեց եւ այդ ալ միշտ նուի­րու­մով:

Բո­լորս ալ շատ լաւ կը յի­շենք թէ ինչ­պէ՞ս շի­նեց Ֆորթ Լօ­տըր­տէյ­լի Սուրբ Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ եկե­ղեց­ւոյ խո­րա­նը: Ան ծա­ռա­յեց իր եկե­ղեցի­ին, իր պաշ­տած Հա­յաս­տա­նին:

Միշտ ալ ժպտուն եւ ըն­կեր­նե­րուն կող­մէ սիր­ուած, ան իւ­րա­յա­տուկ հայ­րա­կան մօ­տե­ցում կը ցու­ցա­բե­րէր: Այս­պէս հօր նման, ամէն մէկ հարց հան­դար­տօ­րէն ու լրջօ­րէն քննե­լով, ան կը փո­խան­ցէր իր կար­ծի­քը: Միշտ ալ, որե­ւէ հար­ցի շուրջ, կապ կը հաս­տա­տէ­ինք ըն­կեր Վահ­րա­մին հետ եւ կը փա­փա­քէ­ինք ունե­նալ իր կար­ծիքն ու խոր­հուր­դը:

Նա­խա­պէս նշե­ցի թէ ընկեր Վահ­րամ որ­քա՜ն հա­մեստ էր եւ այդ ալ հսկայ հա­մեստ մը: Այն­քան մը որ իր հաս­ցէ­ին քննա­դա­տու­թիւն­ներ ըն­դու­նե­լի էին, սա­կայն հայ­րե­նի­քին` Հա­յաս­տա­նին հան­դէպ որե­ւէ անար­գանք, անոր հա­մար անըն­դու­նե­լի էր:

Ան շի­տակ գոր­ծող մարդ էր եւ վստա­հե­լի: Այդ իսկ պատ­ճա­ռով, յարգ­ուած էր եւ եր­բեք թշնա­մի չու­նէր: Ան եր­բեք փառ­քի ետե­ւէ չվա­զեց, ընդ­հա­կա­ռա­կը մնաց Դաշ­նա­կ­ցա­կան եւ յա­ւել­եալ շեշ­տե­լով` տի­պար դաշ­նակ­ցա­կան:

Պա­հե­լով իր գա­ղութէն ներս ղե­կա­վա­րի պար­տա­կա­նու­թիւնը, ան ու­նե­ցաւ բարձր մա­կար­դա­կի հան­դի­պում­ներ, նա­խա­գահ Պիլ Քլին­թը­նին, հայ­րե­նի նա­խա­գահ­նե­րու եւ իր ծննդա­վայր` Յու­նա­ս­տա­նի բարձր անձ­նա­ւո­րու­թիւն­նե­րու հետ:

Ըն­կեր Վահ­րա­մի վեր­ջին գոր­ծե­րէն մէ­կը, շրջա­նէն ներս կա­տար­ուած դրա­մա­հա­ւաքն էր` 12 հա­զար տո­լար, Սու­րիա­հա­յու­թեան հա­մար:

Քա­նի մը ամիս ետք, քաղց­կե­ղէ վա­րակ­ուած, ան շա­րու­նա­կեց գոր­ծել եւ միայն վեր­ջին շա­բաթ­նե­րուն ստիպ­ուե­ցաւ ծա­ռա­յել ան­կո­ղի­նի:

Վեր­ջին ան­գամ երբ հան­դի­պե­ցանք, ան ան­համ­բեր կը սպա­սէր: Աչ­քե­րը բաց, սեղ­մեց մեր բո­լո­րին ձեռ­քը…ժպտաց: Կը զգա­յինք թէ վեր­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով կը ձեռն­ուինք մեծ անձ­նա­ւո­րու­թեան մը հետ:

Ըն­կեր Վահ­րամ այ­լեւս մեր շատ սի­րե­լի ըն­կե­րը չէր, այլ յետ մա­հու ժա­ռանգ…

Այս­պէս ­քա­ջա­տեղ­եակ եղանք թէ ի՞նչ ըսել է տի­պար դաշ­նա­կա­ցան ըլ­լալ:

Հո­ղը թե­թեւ գայ վրադ, ըն­կեր:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles