Դեկտեմբերի 25, 2013-ին Պոլսոյ “Արաս“ հրատարակչատունը լոյս ընծայեց թրքերէն թարգմանութիւնը Յակոբ Լեւոն Պարսումեանի “Իսթանպուլի Հայ Ամիրաներու Դասակարգը“ գործին: Թարգմանութիւնը կատարած է Այշէ Կիւնայլու:
Գիրքը նախապէս հրատարակուած է Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանին կողմէ 2007-ին: “Իսթանպուլի Հայ Ամիրաներու Դասակարգը“ (The Amira Class of Instanbul), Պարսումեանի աւարտաճառն է, գրուած 1980-ին, որպէս աւարտաճառ Նիւ Եորքի Քոլումպիա Համալսարանին:
Ծնած Հալէպ, ցեղասպանութենէ ճոպողրած ծնողներէ, Պարսումեան աւարտած է տեղւոյն “Քարէն Եփփէ“ Ճեմարանը: Ապա, Սան Ֆրանսիսքոյի Համալսարանէն յաջորդաբար ստացած պսակաւորի եւ մագիստրոսի վկայականները մասնագիտանալով միջազգային առեւտուրի մէջ, որպէս աւարտաճառ ունենալով Եւրոպայի հասարակաց շուկայի տնտեսութեւնը:
1972-ին հաստատուելով Նիւ Եորք , տեղւոյն համալսարանէն ստացած մագիստրոսի վկայական մասնագիտանալով Միջին Արեւելքի պատմութեան, ապա 1980-ին, Նիւ Եորքի Քոլումպիա Համալսարանէն, ստացած է իր տոքթորականը, մասնագիտանալով օսմաներէն լեզուի եւ օսմանեան պատմութեան բնագաւառներու մէջ:
Հրաւիրուած էր Պէյրութ, դասախօսելու Հայկազեան Համալսարանէն ներս: Յունուարի 31, 1986-ին ան առեւանգուեցաւ եւ ցայսօր անյայտ կորսուած է:
Գիրքը կ՛ընդգրկէ նախաբան մը, իր կնոջ` Անայիսին կողմէ, ապա “Վեսլիայն“ Համալսարանի դասախօս դոկտ. Խաչիկ Թէօլէօլեանի յառաջաբանը:
Թէօլէօլեան կը յայտնէ թէ ինչպէս օրին, այսօր ալ Պարսումեանի աւարտաճառը ամէնէն համապարփակ եւ խորաթափանց ուսումնասիրութիւնն է օսմանեան կայսրութեան օրերու հայ ամիրայական դասակարգին:
Թրքերէնի թարգմանութիւնը արդէն իսկ արժանացած է մէկէ աւելի գրախօսականներու Պոլսոյ հայ եւ թուրք մամուլին կողմէ:
Գիրքին անգլերէն բնագիրը կարելի է ստանալ դիմելով.-
National Association for Armenian Studies and Research.-
395 Concord Avenue,
Belmont, MA 02478
Հեռ.- (617) 489-1610