Իր բազմավաստակ գրականութեամբ, ստեղծած բազմագոյն պատկերներով, ծնունդ տուած բազմատիպ կացութիւններով, ապրուած բազում իրավիճակներուն մէջ ուրիշն ալ ներգրաւելու հմտութեամբ ընթերցողին մտքի իւրաքանչիւր բջիջին հասնող, սրտի ծալքերուն թափանցող եւ ջղային համակարգը մուտք գործող գրագէտ Պօղոս Սնապեանի “Կիսալոյսեր Մութ Կապերու Վրայ…“ գիրքը կը շարունակէ արձագանգել, երբ կը փակես զայն:
Մտքիդ մէջ յատկապէս կը շարունակէ փայլատակել գաղափարական մէկ ճակատէն միւսը անցածներուն, իրենք զիրենք, իրենց ներկան ու ապագան աղաւաղած ու ծախու հանածներուն մասին հոն արձանագրուածը:
Անոնցմէ մէկը “Պղտոր ջուրեր“ անունով ծաւալուն վիպակի չորրորդ մասին` “Կիսալոյսեր մութ կապերու վրայ…“-ի տխրահռչակ հերոսն է` ի բացակայութիւն: Գիրքին հիմնական դէմքին` Պարոյր Անյայտեցիին, անոր բարեկամ Ատոմին, պարոն Լուդվիկին եւ Վարագ Մէկեանի միջեւ ծաւալած նախ հանդարտ, ապա եռացող զրոյցին ընթացքին է, որ “կը ներկայանայ“ Սէն Բագրատեանը‘ Ատոմին նախկին բարեկամը, որ Լիբանանի մէջ ապրած հանգրուանին իր դաւանած բոլոր սկզբունքները հիմնովին այլափոխելով` կը կարծէ, թէ`
“Սովետ Միութիւնը կազմող երկրամասը աշխարհի ամէնէն երջանիկ վայրը չէ անշուշտ, բայց արուեստագէտներն ու գրողները կ՛ապրին օթեակի մը մէջ, որ հեռու չէ… Դրախտէն“:
Պօղոս Սնապեան այս զրոյցին ճամբով ընթերցողին դիմաց կը բանայ Խորհրդային Հայաստանի մէջ սովորական դարձած երեւոյթներու մութ ու սեւ աշխարհ մը, կը պարզէ դառն իրականութիւն մը, լուսարձակի տակ կ՛առնէ դատապարտելի մտայնութիւն մը, որ աւերներ գործեց ո՛չ միայն զանոնք կրողներուն հաշուոյն, այլ նաեւ` զանոնք մերժողներուն: Գիրքին մէջ բազում են պատկերները, գաղափարները, կացութիւնները, իրականութիւնները, սակայն ընկերներուն միջեւ փոխանակուող այս զրոյցն ու ընթերցողին եւս հասնող բարկութեան ալիք բարձրացնող վաճառուած, մէկ գիշերուան մէջ լենինապաշտ դառնալով նման կեցուածքներու տէր անտէրներուն ողբալի առկայութիւնը կը հանդիսանայ գիրքին ամէնէն տիրական բաժիններէն մէկը:
Հագուստ փոխելու նման սկզբունք փոխող նման անձեր մեծապէս կը տագնապեցնեն Պօղոս Սնապեանը, որ Ատոմի ընդմէջէն շատ դիպուկ կերպով կը ներկայացնէ նմանները, “որոնք աննկարագրելի նուաստութիւններ գումարեցին իրենց կենսագրութեանց վրայ, առաջինը գործօն ուժի մը համար ընելիք չունի ըսելով` ստորագրեց իր բարոյական մահը, մէկը` երիտասարդ մնացած ըլլալուն եւ շարունակ նոյնը մնալու գաղտնիքը Սովետ Միութեան մէջ ապրած ըլլալու բախտին վերագրեց ու այդ լորձնաշուրթն յայտնութենէն ետք մէկ տարի ալ չապրեցաւ, միւսը` բոցավառ շուրթներով կոմունիզմ համբուրած ըլլալու նուաստութեամբ գոյութիւն պահեց, չորրորդը մաքրաջրումով ձեւազեղծեց դէմքը եւ այլն, եւ այլն“:
Դաւանափոխ վերջինին առիթով ապշեցուցիչ է նաեւ այս մատնանշումը. “Հայաստանի հողին ոտք կոխելէ ետք մեր նախկին բարեկամը այնպէս վարուեցաւ իր գրիչին հետ, որ կարծես ընթերցող չկայ դիմացը եւ ոեւէ մէկուն հաշուետու չի համարեր ինքզինք“: Ու սեւով ճերմակի վրայ կը գրէ. “Նոր հայը նոր Հայաստանի մէջ կոմունիստ է: Կեանքը ծա՞նր է, կոմունիզմը պիտի թեթեւցնէ: Հողը նե՞ղ է, կոմունիզմը պիտի լայնցնէ… Դժգո՞հ է մէկ ղեկավարէն, ուրիշ մը պիտի գտնէ, որ դարձեալ կոմունիստ է: Ո՞վ աւելի լաւ կրնայ ըլլալ կոմունիստէ մը. ուրիշ կոմունիստ մը“:
“Կիսալոյսեր մութ կապերու վրայ…“-ն գրականութեան ընդմէջէն լուսարձակի տակ կը բերէ պատմութեան մէջ առկայ ահաւոր այն իրականութիւնը, որ Խորհրդային Հայաստանի մէջ գործադրուեցաւ հայութեան երկրորդ սպանդը: “Ուղղակի Լենինի ու իր կուսակցութեան գործած չարիքները լուռ ողբացող ժողովուրդին կսկծալի ապրումները առանց հաշուի առնելու, գովքը կը հիւսէ անոնց, որոնց օրով ապրեցաւ երկրորդ ապրիլ 24 մը, Երեւանէն մինչեւ Սիպերիա, ոչնչացնելով հարիւր կամ հազար տարին անգամ մը աշխարհ եկող բանաստեղծներ, գրագէտներ, քաղաքագէտներ ու զինուորականներ, երբ մեր հայրենիքը այնքան պէտք ունէր անոնց մեծութեան եւ մեծագործութեանց“:
Այս իրականութիւնը նաեւ դուռ կը բանայ այլ իրականութիւններու, որոնց կարգին ա՛յն, որ երբ մարդիկ նկարագիրով հակամէտ են այդ նկարագիրէն հրաժարելու, ուրեմն անոնք ընդհանրապէս ողնայար ունեցող մարդիկ չեն եղած ու չեն կրնար ըլլալ, նոյնիսկ եթէ այդպէս կարծուած ըլլայ օրին մէկը: “Երբ նման անցեալի տէր մարդիկ այդպիսի քայլերու կը դիմեն, կը ստիպեն մեզ ըսել, որ երէկ, անցեալ տարի, տասնամեակներու վրայ ծաւալած գործերուն մէջ անկեղծ չէին, արեան խորհրդաւոր կնիքով սրբագործուած չէին, նեարդներով կապուած չէին իրենց գործունէութեան, խօսքին, գրիչին, արեան խորհրդաւոր կնիքով մը սրբագործուած չէր իրենց յարումը, բարոյական թէ նիւթական շահու աղբիւր էր, հաշիւ, եւ ուրիշ հաշիւով մը անջատում“:
Զրոյցին սկիզբը Ատոմ որոշ վերապահումներով կ՛ընդունի իր նախկին բարեկամին հասցէին կատարուած արտայայտութիւնները, կ՛ուզէ չհաւատալ, թէ մարդ կրնա՞յ այսքան այլանդակել իր գրիչը, սակայն երբ իրականութիւններու ծալքը շերտ-շերտ կը բացուի, Սէնի ա՛լ իրեն չպատկանող գրիչէն հոսած մեղանչող ու թունաւոր մելանով արձանագրուած տողեր կը վկայակոչուին, Ատոմ կը բախի իրականութեան, ներքուստ մերժելով հանդերձ` կ՛ընդունի դառն երեւոյթները, կ՛ընդվզի Սէնի դէմ` այպանելով եւ ամօթի պատին գամելով իր նախկին բարեկամը: Հոս կայ նաեւ աւելի՛ն. թէեւ բացայայտօրէն ակնարկութիւն չի կատարուիր, սակայն Ատոմին ներաշխարհը կը յուզէ այն երեւոյթը, որ Սէնի նման աննկարագիրի մը հետ օր մը ինք գործ ունեցած է, բարեկամութիւն մշակած է, հաւատացած է անոր անխառն հայ ըլլալուն… Պարոյրի մտորումներուն մէջ երկու բարեկամներու նախկին դառնալը լաւագոյնս կը բացատրուի:“Ինք (Ատոմ) լոյսով, սխրագործութիւններով, զոհաբերութիւններով, մեծութիւններով եւ մեծագործներու թափօրներով սրբագրուած հարիւրամեայ ճանապարհէն ընթանալու ուխտին հաւատարիմ հոգի, իսկ բարեկամը նոր ճամբաներէ ընթանալու միտումներ որոճալու ընթացքին բաժնուած էին իրարմէ“:
***
Գիրքին գլխաւոր հերոսը Պարոյր Անյայտեցին է, որ նաեւ հերոսն էր Պօղոս Սնապեանի “Պղտոր ջուրեր“ շարքին պատկանող չորս նախկին գիրքերու` “Միջնարար-5“, “A room in Paris“, “Երախտագիտութեան թակարդը“ եւ “Ցերեկային դաւը“: Ան նաեւ պիտի ըլլայ յառաջիկային ծնունդ առնելու կոչուած նոր գիրքերու, որովհետեւ թէեւ առանձինն ամբողջութիւն իբրեւ կ՛ընկալուի “Կիսալոյսեր մութ կապերու վրայ…“-ն, սակայն խորքին մէջ Պարոյրին կեանքի ուղին հոս չի սկսիր եւ չի վերջանար:
Սովորական տուեալներով օժտուած ըլլալով հանդերձ, Պարոյր անսովոր անձնաւորութիւն մըն է: Ոչ ամբողջական հայու տիպար մը: Ոչ ամբողջական` այն իմաստով, որ պայմաններու բերումով, կամայ-ակամայ, հեռացած է հարազատ հայու տուեալներով օժտուելու յատկութիւններով զինող միջավայրէ: “Ծնողք չունէի, քոյր-եղբայր զլացած էր ինծի բախտը, քսան տարեկանիս միս-մինակ մարդ մըն էի կեանքին մէջ, բայց չէի ուզեր, որ ուրիշներ խօսին մինակութեանս մասին ու գուրգուրան վրաս: Հօրս կորուստը, կորսուած սիրոյ մը վէրքը, ուրիշ մը չկարենալ սիրելու տառապանքը եւ կարեկցութիւններէն զգացած սարսափս տարօրինակ անձ մը կազմած էին մէջս, հեռաւորութիւններու երկրպագու, խորացումներէն խորշող, թեթեւ հաճոյքներու անձնատուր… Հարեւանցի հայ մը, հարեւանցի մարդ մը, հարեւանցի սիրող, հարեւանցի խմող: Միայն մէկ անգամ զգացած եմ տառապանքը, հօրս մահուան վաղորդայնին, Փարիզ, անորոշութի՛ւն, որ դրամ շահելու կիրք մը յառաջացուց սրտիս, վրէժխնդրութեան չափ զօրաւոր: Դրամը մեծ հարց մը չէ ինծի համար, անոր տիրանալու ձեւերը գիտեմ, բայց ոչինչ ունեցող մը կը թուի, երբ ինքզինք բաղդատէ պարզ կեանք վարող եւ պարզ ուրախութիւններ ապրող տղոց հետ““:
Թէեւ Պարոյր ինքն իր մասին խօսելով` կ՛ըսէ, թէ հարեւանցի հայ է, սակայն հայ ըլլալու իրականութեան կամրջուող պայմանները տիրական են իր կեանքին մէջ: Արդարեւ, Հայոց Ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայը բազում դժուարութիւններու դէմ յանդիման կանգնեցաւ, պայքարեցաւ յանուն օրուան հացի, ապրեցաւ աղքատութեան ու չքաւորութեան մէջ: Այդ պատճառով ալ յաջորդ սերունդներուն մէջ տիրական էր պայքարը` չքաւորութեան անելէն ձերբազատելու, երբեմն` ի գին բնական կեանքի ընթացքի եւ փոքր ուրախութիւններ ըմբոշխնելու: “Կը սարսափիմ անցեալիս վերադարձէն, չքաւորութեան հարուածներէն ու անորոշութեան ահարկու կրկնութենէն, բայց ամէն ինչով յագեցած ներկաս աւելի բախտաւոր չի թուիր ինծի“:
Գիրքին երկրորդ տիրական ներկայութիւնը Ատոմն է` Պարոյրին յայտնաբերած նոր ընկերը, սակայն մեծ տարբերութիւն կայ անոնց միջեւ, որովհետեւ Պարոյր հարցերուն կը մօտենայ ի միջի այլոց, իսկ Ատոմ` խորունկ լրջութեամբ: “Իրեն նայելով,¬ կ՛ըսէ Պարոյր,- ինքզինքս կը զգայի լեռներու ծոցին կորսուած վանքի մը մէջ իր առաջին պատարագը ընող երիտասարդ վարդապետի մը դիմաց, յափշտակութեան, երկիւղին, մատուցումին, վերացումին միջոցներով ուրիշ ուժի մը հետ հաղորդակցութեան մէջ մտած մէկու մը դիմաց, որ կարծես ինքզինք կը զոհաբերէ այդ ուրիշ ուժին“:
Ատոմ յանդուգն է, համարձակ, ըսելիքները բարձրաձայն արտասանող, թէկուզ անոնք ըլլան վիրաւորող կամ անպատշաճ. “Որոշեցի հայելիին մէջ համարձակօրէն նայելու ոճի մը հետեւիլ: Հայելի՜ն: Ատկէ աւելի մեծ բարեկամ ունի՞ միթէ մարդը: Ունի՞ աւելի մեծ թշնամի: Ես միամիտ հաւատքը ունիմ, որ պճնամոլութեան համար չէ տարածուած անիկա: Հայելի՜ն: Չկայ աւելի մեծ ուժ մը, որ պատասխանատուութիւնը այնքան խորութեամբ զգացուցած ըլլայ ինծի, որքան` այդ անդրադարձ զօրութիւնը“:
Մտածել տուող մօտեցում մը, որ առկայ եղած է եւ տակաւին է մարդկային իրականութեան մէջ: Նայիլ հայելիին` ինքնավստահ ու ինքնագոհ…
Ատոմ չի հանդուրժեր միջակութիւնը, ոչինչ արժողին տրուած մեծ արժէքները. կը պնդէ, որ մարդ պէտք է ինքնագիտակցութիւն ունենայ: “Ատիկա ինքնին ողբերգութեան մը մասին կը վկայէ արդէն, կը հաստատէ չափանիշներու անկումը: Երկու բառ խօսողը` հմուտ, երկու բառ քով քովի դնողը` գրող, երկու նախադասութիւն արտասանողը բեմի վրայ տեսնուելու սարսափելի դիւրահաճութիւն մը կը վարէ մեզ հիմա եւ չեմ գիտեր` ե՞րբ պիտի յայտնուի այն ահեղ սատանան, որ ահաբեկիչ զօրութեամբ զգացնէր մեր հոգիներուն արդէն թագաւորել սկսած աղքատութիւնը“:
Ատոմի ճամբով Պօղոս Սնապեան որքան գեղեցիկ եւ բծախնդիր կերպով կը ներկայացնէ իր պաշտամունքը ոսկեղնիկին նկատմամբ. “Լեզուն ի՜նչ անհատնելի ու մշտանորոգ գանձ, ուժեղ, հնչեղ, նրբին, ճկուն, հին, ժամանակակից: Եթէ միայն կարենայի՜նք անոր պէս անցնիլ պատմութեան քառուղիներէն, իբրեւ գործօն` ըլլալ անզիջող ու բոլոր նորութիւնները իրեն ենթարկելու իր օժտուածութեամբ ըլլալ ժամանակակից, առնել ամէն բան ու մնալ անվթար, տրուիլ ինքնօրէն, եթէ կարենայի՜նք միայն անոր պէս շնչել“:
Փաստուած է, որ Պօղոս Սնապեան բացառիկ կարողութիւն ունի մարդու ներաշխարհը եւ անոր իւրաքանչիւր բջիջի հնչեղութիւնը լաւապէս ներկայացնելու. նման պատկերներու կը հանդիպինք գիրքին մէջ զանազան դէպքերու եւ իրադարձութիւններու ընդմէջէն, անոնցմով կը պայծառացնէ կացութիւններ:
Ցուցահանդէսի մը առիթով Ատոմին ունեցած մէկ արտայայտութիւնը լաւագոյնս կը ցոլացնէ այդ իրականութիւնը: Արդարեւ, խօսելով իրեն համար աննշան արուեստագէտի մը գործերուն մէջ պակսող կենսատու տարրերուն մասին` ան կ՛ըսէ.- “Ոչ թէ բան մը, այլ` շատ բաներ: Ջիղերու հրկիզումը, արեան պատարագը, զոհաբերութեան հարկը: Ես ի՜նչ գիտնամ: Նկարի մը դիմաց ես պիտի ուզէի զգալ ինծի անհասկնալի գիւտի մը վրայ պարող գոյնի մը բոյրը, ձեւի մը երաժշտութիւնը, գիծերու խորհուրդը, ընդհանուրէն բխող լինելիութեան մը անհատնելի մոգութիւնը: Այս երեկոյ նման խնճոյքի մը չմասնակցեցայ ես… Իմ չափս չափազանցութիւնն է““:
***
“Կիսալոյսեր մութ կապերու վրայ…“-ին մէջ ընթերցողին դիմաց կը բացուին սիրոյ կիսալուսաւոր պատկերներ, ջերմ պահեր, սիրային մեղմ մեղեդիի հնչեղութեամբ ներկայացող կացութիւններ, սակայն անոնք այդքան տիրական, հրկիզող եւ ազդեցիկ չեն, որքան նախորդ պրակներուն մէջ, երբ Զելան յատկապէս իր ողջ գեղեցկութեամբ ու գրաւչութեամբ կարողութիւնը ունէր կլանելու ընթերցողը` յատկապէս “A room in Paris“-ին մէջ, որուն մէջ ան կը ներկայանար իբրեւ սիրոյ գերագոյն պատուանդանին բազմած գոհարը: Այս բաժինին մէջ սիրոյ զգացումները մեղմ են, հազիւ բոցկլտացած` մարելու մօտեցող, սակայն կրկին վերակենդանացող, կան առանց խորունկ սիրոյ ապրուած զոյգի յարաբերութեան գեղեցիկ ու կլանող պատկերներ, որոնք երազայնութեամբ ներկայացուած ըլլալով հանդերձ, կը մնան յուշիկ, չեն բախիր ընթերցողին սիրային ներաշխարհին, բոցեր չեն արթնցներ հոն: Հաւանաբար պատճառը այն է, որ Պարոյր այս հանգրուանին ի՛նք նոյնիսկ պատրաստ չէ բոցավառող ու իր էութիւնը հրկիզող սէր ապրելու, ան լռելեայն կը մերժէ իր սրտին ու ամբողջ ներաշխարհին մէջ իր փէշերը լայնօրէն փռած Զելային տեղը զիջիլ ոեւէ մէկուն, ուստի` գիրքին մէջ ան ցնցիչ սիրոյ պահեր չ՛ապրիր ու նմաններ չի հրամցներ ընթերցողին:
Սիրուն է “Քազինօ տիւ Լիպան“-ի մէջ Պարոյրին ունեցած յատկանշական հանդիպումը, կարօտի եւ դառնութեան տարրերով խաչաձեւ “Օր մը առանց քեզի“ երգին ունեցած ազդեցութիւնը Պարոյրին վրայ, որ կը մղէ զինք ծաղկեփունջ մը նուիրելու երգչուհի Իվեթին, որ իր կարգին Պարոյրին կը նուիրէ իր ուշադրութիւնը, գուրգուրանքը, սէրը… Սակայն նոյնիսկ երբ միասին կը հեռանան քազինոյէն, եւ պանդոկի սենեակին մէջ այդ գեղեցիկ երիտասարդուհիին հետ մերձեցման պահեր կ՛ապրի Պարոյր, ինքզինք կը պատկերացնէ Զելային կողքին, անոր երգին ձգողականութեամբ ու մարմինէն արձակուող ցնորական բուրումներով արբշիռ: “Անցեալը, ներկան, պատրանքները, պատրանաթափութիւնները, մշտամորմոք ապրումներն ու յուսաբեկումները իրարու խառնուեցան մէկէն, կախարդական գաւազանի մը ներքեւ կարծէք գոյացաւ նորաստեղծ հմայքներով ծփուն անդիմադրելի մթնոլորտ մը, ուր, Իվեթի վերջին բառերուն հետ` ինքզինքս գտայ իր կողքին…“:
Գիրքին մէջ անկիւնադարձային է “մանկութեան եւ պատանեկութեան շրջաններէն մնացած ամէնէն սիրելի տղուն“` Գուրգէնի հետ հանդիպումը, որ դուռ բացաւ Պարոյրին ակամայ մուտք գործելու իր սովորական կեանքէն ու առօրեայէն բոլորովին տարբեր աշխարհ մը, ուր թաքնուած էր երբեմնի փոքրիկ աղջնակը, ներկայի գրաւիչ Լիլին` Գուրգէնին քոյրը:
Սակայն նոյնիսկ նոր կացութիւններու եւ միջավայրի մէջ` Գուրգէնի յարկաբաժինին մէջ թաւալած պահերուն Պարոյրի մէջ կը շեշտուի ինքզինք չսիրելու տրամադրութիւնը. “Արդարեւ, ուրիշներու համեմատութեամբ որքա՜ն զուր անցած են կեանքիս ամէնէն յորդ տարիները: Մարդիկ ի՜նչ չնչին ծառայութիւններով, ընդառաջումներով ու հաճոյական խօսքերով գիտեն ուրախացնել զիրար, երգել իրարու համար, պատմել, զարնել բաժակ բաժակի ու գինովնա՜լ իրարու համար: Այս բաներով կազմուած օրերու շղթան աւելի արժէք չունի՞ արդեօք, քան` գիշերային զբօսավայրերու մէջ իմ գնած հաճոյքներուս դէզը: Առաջին անգամ Զելային (Պարոյրին մեծ սէրը) կրած հարուածին անդրադարձը նետեց զիս այդ ճամբուն մէջ, որ ամէնօրեայ դարձաւ, երբ զգացի Մասիի ծնողներուն զիս որդեգրելու մտադրութիւնը“:
Երիտասարդութեան խանդավառ, Պարոյրին կերպարէն եւ նկարագիրէն տարբեր անձնաւորութիւններու ներկայութեան, անոնց շարժումներուն եւ ակնարկներուն մէջէն յորդող կեանքին առկայութեան զուգահեռ, անգամ մը եւս լուսարձակի տակ կ՛առնուին Պարոյրին նկարագրային գիծերը. ան գործի բերումով մխրճուած էր օտար շրջանակներու մէջ ու խորթութիւն մը խմորուած էր հոգիին մէջ, սիրտը մեծ հարուածներու տակ կրած կսկիծները մոռնալու տարտարոսին մէջ քարացած անօթի մը վերածուած էր, յուզումի աղբիւրները ցամքած էին:
Սակայն, հակառակ այս բոլորին, հակառակ անոր որ Պարոյր սեղմ կերպով փակած էր սրտին դարպասները, Լիլի անկոչ հիւրի նման կը սպրդի ներս, լուռ, սակայն ազդեցիկ ու գրաւող ձեւով կը փորձէ տեղ ունենալ Պարոյրի հոգիին մէջ… Լիլիի փորձերը իրենց ուղին կը գտնեն:
Բացօթեայ պտոյտի մը ընթացքին Լիլիի ուրուականին հետեւելու Պարոյրի մղումը կու գայ փաստելու, որ ան նուրբ հոգիի տէր անձ է, մանա՛ւանդ երբ հոգին շարժողը իգական սեռի պատկանող մըն է: Պտոյտին ընթացքին, շրջապատուած երիտասարդներով, ան Լիլիի հետ էր մտովին ու հոգեպէս, թէեւ վարդի թուփի նմանող էակը այդ օր բացայայտ կերպով կը խուսափէր Պարոյրէն, նեղուիլ կը ձեւանար, սակայն Պարոյրի արիւնը կը խենթանար, գաղտնօրէն կը հետեւէր անոր շարժումներուն, դիմախաղերուն, նայուածքներուն ուղղութեան, անոր թովչութեան, թէեւ միշտ Զելան կը մնար տղան դարպասողը, որուն հետ միշտ ալ բաղդատական ընելու կացութեան մէջ կը յայտնուէր Պարոյր: “Զելային թուխ հրապոյրը չունէր Լիլին, ոչ ալ` ակնարկին վայրագ գեղեցկութիւնը, բայց հմայք մը կը ճառագայթէր ողջ մարմնէն, շարժումներուն պարէն ու նայուածքին նուաղուն բոցերէն: Գեղեցիկ ալ չէր, բայց անծանօթ ուժ մը անընդմէջ կը փսփսար ականջիս ու կը խմորէր սրտիս այն բաղձանքը, որ կ՛ուզէր բոլոր աղջիկներն ու կիները իրեն պէս ըլլային,¬ թովի՜չ: … Աչքս կանգ կ՛առնէր Լիլիին վրայ: Կը նայէի իրեն եւ ինծի կը թուէր, որ երեսները բոց կ՛առնէին եւ անոնց վրայ բռնկած բոյր մը կը հասնէր մինչեւ իմ ռունգերս“:
Հակառակ իր ապրած եռեւեփումներուն, Լիլիի ունեցած կախարդական ազդեցութեան` Պարոյր կը շարունակէ մերժել այս իրականութեան իսկութիւնը: “Կը ջանայի չմատնել ինքզինքս ոեւէ մէկուն եւ իմ կացութեան անդրադառնալով զսպուածութեան գերագոյն վայրկեաններուն ծիծաղելի կը գտնէի ինքզինքս“:
Գիրքը կը փակուի Պարոյրին մտորումներով` նոր գիրքի մը հիմք դնելով. “Առաջարկել Ատոմին, որ երթայ Փարիզ եւ Լուսոյ քաղաքին մէջ լոյս նետէ իր երազին վրայ: Այդ բաղձանքին հոլովման հետ, երկրորդ մտածում մը խուժեց մէջս, Ատոմին ողջերթ մաղթած օրս սկսիլ նոր գնած հողակտորիս վրայ կառուցանել իմ տունս, որուն աւարտին հրաւիրել այսօրուան տղաքն ու աղջիկները եւ բացման հանդիսութեան առաջարկել Լիլիին, որ ինք կտրէ ժապաւէնը…“:
Դրական տրամադրութեամբ եղած փակումը նաեւ ընթերցողին մէջ կ՛արթնցնէ սպասումն ու հետաքրքրութիւնը` Պարոյրին հետ ըլլալու իր կեանքի նոր հանգրուանին:
Հայ գրականութեան անդաստանին մէջ իր դրոշմը դնելու կոչուած գիրք մը, որուն ընթերցումը ո՛չ միայն գրականութեան առնչուելու հաճոյք կը պատճառէ, այլեւ կը ցնցէ, բարկանալու կը մղէ, մերժելու մղում կը յառաջացնէ` ա՛յն պատճառով, որ բացայայտ իրականութիւնները, յատկապէս խորհրդային ժամանակաշրջանին Հայաստանի մէջ իրենք զիրենք վաճառքի հանած անձերուն վերաբերող, կը ներկայացուին տարբեր ոճով, նրբութիւններով, ջիղերուն դպչելու հեղինակին կարողականութեամբ: Երբեմն պատկերները այնքան ահաւոր ուժգնութեամբ կը հարուածեն, որ ընթերցողը կ՛ուզէ մերժել անոնց առկայութիւնը, փորձել գտնել պարբերութիւն մը, ուր պիտի ջրուին այդ բոլորը, պիտի բացայայտուի, որ հայ մը չի կրնար հակահայ ու անսկզբունք ըլլալ, սակայն` ի զուր…
Ինչպէս “Պղտոր ջուրեր“-ու նախորդ պրակներուն, նաեւ ասոր մէջ սէրն ու սիրային պատկերները իրենց հնչեղութիւնն ու հրապոյրը ունին, անոնք կու գան դէպի թովիչ աշխարհ տանելու ընթերցողը, զայն ակնկալութիւններու մղելու, Պարոյրին ապրած եռեւեփումը ապրելու:
Պօղոս Սնապեան անգամ մը եւս կը յաջողի միացնել գեղեցիկն ու դառնը, սուրն ու նուրբը, սէրն ու ատելութիւնը, բարկութիւնն ու երազայինը` ընթերցողին հրամցնելով գրական իւրայատուկ զեղումներէ ծնունդ առած գիրք մը: