Արդէն իսկ լոյս տեսած է Քաթիա Փելթեքեանի “Հայոց Ցեղասպանութեան Ժամանակները“ (The Times of the Armenian Genocide, 1914-1919, 1920-1923) երկհատոր գիրքը, որուն առաջին շնորհահանդէսը կատարուած էր Նոյեմբեր 22, 2013-ին` Լոնտոնի Հայկական Տան մէջ:
Փելթէքեանի այս գիրքը լոյս տեսած էր Հոկտեմբեր 13-ին: Երկհատոր այս գիրքին առաջին մասը կ՛ընդգրկէ 1914-էն 1919-ի ընթացքին բրիտանական մամուլին, յատկապէս` “Տը Կարտիըն“ (նախկին` “Տը Մանչեսթըր Կարտիըն“ անունով հրատարակուած), Լոնտոնի “Տը Թայմզ“ եւ “Տը Սանտէյ Թայմզ“ թերթերու հրապարակումները Հայոց Ցեղասպանութեան եւ առնչակից նիւթերու մասին, աւելի քան 450 յօդուած-գրութիւններ: Իսկ երկրորդ հատորը կ՛անդրադառնայ 1920-էն 1923-ի ընթացքին նշեալ մամուլին հրատարակած աւելի քան 570 գրութիւններուն:
Հովանաւորութեամբ Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի Լիբանանի Կեդրոնական մարմինին եւ կազմակերպութեամբ Համազգայինի “Վահէ Սէթեան“ հրատարակչատան, Յունուար 31-ին, Համազգայինի “Լիւսի Թիւթիւնճեան“ ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ այս երկհատոր աշխատասիրութեան ներկայացումը:
Ներկայ էր դիւանագիտական պատկառելի ներկայացուցչութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին Հայաստանի, Վատիկանի, Արժանթինի, Ուրուկուէյի, Ռուսիոյ դեսպանները, ինչպէս նաեւ ներկայ էին համայնքներու ու միութենական ներկայացուցիչները եւ հոծ բազմութիւն մը:
Համազգայինի հրատարակչատան տնօրէնութեան եւ “Լիւսի Թիւթիւնճեան“ ցուցասրահի վարչութեան անունով ձեռնարկին բացումը կատարեց արուեստագէտ Միսաք Թէրզեան, որ նախ հայերէնով եւ ապա անգլերէնով ողջունեց ներկաները եւ ներկայացուց յայտագիրի գլխաւոր կէտերն ու խօսք առնելու կոչուած անձնաւորութիւնները:
“Հայ Դատի հետապնդման ճամբուն վրայ կատարուած հետազօտական, ակադեմական պրպտում մըն է Քաթիա Փելթէքեանի երկհատոր այս գործը, որուն միջոցով ան իր եզակի ներդրումը կը կատարէ Հայոց Ցեղասպանութեան առնչուող աշխատանքներուն մէջ“, ըսաւ Միսաք Թէրզեան` սեղմ գիծերու մէջ ներկայացնելով հատորի խմբագիր Քաթիա Փելթէքեանը: Փելթէքեան շրջանաւարտ է Պէյրութի ամերիկեան համալսարանէն եւ Գանատայի մէկ այլ համալսարանէն: Ան դասաւանդած է անգլերէն` Հայկազեան եւ Պէյրութի ամերիկեան համալսարաններուն մէջ:
“Կը յուսանք, որ Փելթէքեանի այս երկհատոր աշխատասիրութիւնը օգտակար ըլլայ եւ վերանորոգ խթան հանդիսանայ հայ ժողովուրդի բարեկամներուն` հետապնդելու արդարութեան եւ մարդկային տիեզերական արժէքներու գործադրումը“, ընդգծեց Թէրզեան:
Ապա խօսք առաւ հեղինակը` Քաթիա Փելթէքեան, որ խոստովանեցաւ, թէ այս աշխատանքը արգասիքն է 12 տարուան հետազօտութեան, որ իր մէջ ծագած էր նախ իբրեւ սիրողական զբաղում` “հոպի“: Անգլերէնով արտասանած իր խօսքին մէջ Փելթէքեան յայտնեց, որ ընդհանրապէս այն տպաւորութիւնը կը տիրէ, թէ Եւրոպա չէ օգնած Հայոց Ցեղասպանութեան վէրքերու ամոքումին գծով: Խորքին մէջ սակայն Եւրոպա եւ յատկապէս Բրիտանիա յատուկ ճիգեր թափած են այս գծով: “Բրիտանական խորհրդարանին մէջ հայոց ի նպաստ “լոպի“ մը կազմուած է, յանձինս լորտ Ճէյմս Պրայսի եւ երկու ուրիշներու“, շեշտեց Փելթէքեան` նշելով, որ շուրջ եօթանասուն անգամ Հայոց Ցեղասպանութեան արհաւիրքը եւ հայ գաղթականներու օգնութեան հարցը արծարծուած է բրիտանական խորհրդարանին մէջ` շնորհիւ հայասէր լոպիինկի ճիգերուն: Փելթէքեան նաեւ յայտնեց, որ խորապէս զգացուած է իրեն ընծայուած այս առիթէն եւ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց ձեռնարկի կազմակերպողներուն, հովանաւորներուն եւ անոր յաջողութեան նպաստած բոլոր բարեկամներուն:
Խօսք առաւ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Աշոտ Քոչարեան, որ նախ անգլերէնով, ապա հայերէնով արտասանած իր խօսքին մէջ շեշտեց Քաթիա Փելթէքեանի այս աշխատասիրութեան կարեւորութիւնը:
Ձեռնարկի աւարտին Քաթիա Փելթէքեան մակագրեց իր այս նորագոյն աշխատասիրութիւնը: