Վերջերս, ներկայացուցած է “Նոր Հալէպ“ թաղամասին ամբողջական յատակագիծը: “Նոր Հալէպ“ թաղամասը պիտի կառուցուի Աշտարակի մէջ` դէպի Էջմիածին տանող մայրուղիին վրայ: Ըստ նախագիծին, թաղամասը ունի երկու շէնք եւ ակմբային շէնք: Ընդհանուր 488 միաւոր բնակելի տարածք է, ուր բնակարաններ կան 2000 անձի համար: Թաղամասը, որ պիտի կառուցուի հայկական տուֆով, պիտի ունենայ նաեւ ստորերկրեայ կառատուն: “Կան նաեւ երկյարկանի առանձնատուներ, որոնք 2 եւ 4 սենեակնոց են: Ընդհանուր նախագիծը ունի նաեւ խանութներու բաժին, որմէ եկած մուտքը պիտի գործածուի շէնքերը պահպանելու եւ մաքուր պահելու ծախսերուն համար: Ակումբը պիտի ծառայէ մշակութային կեանքը պահպանելու: Նաեւ առողջապահական հատուած պիտի ըլլայ, լողաւազան, պասքէթպոլի եւ թենիսի դաշտեր: Կը նախատեսուի նաեւ մանկապարտէզ կառուցել, եթէ անհրաժեշտութիւն ըլլայ, նաեւ դպրոց պիտի հաստատուի“, յայտնած է ճարտարապետ Վահէ Թիւթիւնճեանը: Յարդարուած եւ վերջնական տեսքի բերուած բնակարաններուն քառակուսի մեթրը, ըստ նախնական հաշիւներու, պիտի արժէ 500-550 տոլար, իսկ տակաւին չամբողջացած վիճակի մէջ` 350-400: Ճարտարապետ Վահէ Թիւթիւնճեան յայտնած է, որ մարդիկ կրնան ընտրութիւն կատարել, եւ եթէ ուզեն, իրենք կ՛ամբողջացնեն յարդարման բաժինը, սակայն այս բոլորը միեւնոյն ատեն պէտք է ըլլայ, որպէսզի կարելի ըլլայ թաղամասը օգտագործելու սկսիլ: Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան նշած է, որ Հայաստանի նախագահին յանձնարարութեամբ ծրագիրը սկսած է Յունիս 2013-ի աւարտին, իսկ հողի նուիրատուութեան հարցը լուծուած է Աշտարակ քաղաքին կողմէ: “Մենք կ՛աշխատինք այն նպատակով, որ դուք ունենաք բնակարան լաւ պայմաններով, բայց` աժան գինով: Մենք կ՛ուզենք լուծել հայրենիքի մէջ արագ հաստատուելու եւ աժան գինով բնակարան ձեռք բերելու հարցը: Եթէ մարդիկ կը ցանկան այդ տարածքին մէջ ապրիլ, ապա պէտք է արդէն սկսին նախնական վճարումները կատարելու: Իւրաքանչիւր անձ, որ կ՛ուզէ բնակարան ունենալ, պէտք է ներդրում կատարէ, մենք ալ գումարներ պիտի հայթայթենք, նուիրաբերենք, որ ամբողջացնենք ծրագիրը“, յայտնած է նախարարը` աւելցնելով, որ ներկայ դրութեամբ 625 անձ դիմած է ծրագրին: Հրանուշ Յակոբեան լրագրողներուն տեղեկացուցած է, որ ցարդ մեծագոյն ներդրումը կատարած է տուրմի “Կրանտ Քենտի“ ընկերութիւնը. “Օգնութեան մասին յայտնած են նաեւ Սամուէլ եւ Կարէն Կարապետեանները: Մարդիկ ներդրումներ կատարելու սկսած են երկու տոլարէն: Կան համայնքներ, որոնք 5000-էն մինչեւ 100 հազար դրամ նուիրաբերած են: Այս ծրագիրը նաեւ բարեսիրական ուղղութիւն պիտի ունենայ, իւրաքանչիւր հայ պէտք է օգնէ սուրիահայուն“: Հանդիպումին հրաւիրուած էին նաեւ դրամատուներու ներկայացուցիչները, որոնք ներկայացուցած են վարկաւորման պայմանները եւ գործընթացը: Նշենք թէ, հայ նկարիչներ, վերջերս “Նոր Հալէպ“ թաղամասի աշխատանքներուն նուիրուած էին գործեր: Այս մասին յայտնած է Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը: Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան եւ Մարսէյի “Թեր տ՛Արմենի“ մշակութային կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ Ֆրանսայի Մարսէյ քաղաքի մէջ իրականացուեցաւ “Ֆրանսական-հայկական գերազանցութեան շաբաթ“ նախաձեռնութիւնը: Այդ ծիրին մէջ կայացաւ հայ նկարիչներու ցուցահանդէս-վաճառք, որմէ ստացուած ամբողջ հասոյթը փոխանցուեցաւ “Նոր Հալէպ“ բնակարանաշինութեան համար բացուած հաշուեհամարին: Միւս կողմէ, Յունուար 13-ին Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ սուրիահայութեան եւ անոնց բազմաբնոյթ հարցերուն վերաբերող հանդիպում-քննարկում մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին բազմաթիւ Հալէպահայեր:
Read Time:5 Minute, 1 Second