ԵՐԵՒԱՆ.- Փետրուար 5-ին, “Նիկոլ Աղբալեան“ ուսանողական եւ Հ.Յ.Դ. Հայաստանի երիտասարդական միութիւններու անդամները հաւաքուեցան Հայաստանի Արտաքին Գործոց նախարարութեան շէնքին մօտ` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն այցելութեան գծով իրենց բողոքի ձայնը բարձրացնելու զինադադարի խախտման դէպքերուն վերաբերեալ համանախագահներու չէզոք դիրքորոշումին դէմ:
Նախքան համանախագահներու ժամանումը` Հ.Յ.Դ. “Նիկոլ Աղբալեան“ ուսանողական միութեան վարչութեան ատենապետ Գերասիմ Վարդանեան յայտնեց, որ ղարաբաղեան տագնապի կողմերը հաւասարապէս մեղադրելու համանախագահներու դիրքորոշումը կը նպաստէ ոչ թէ խաղաղութեան հոլովոյթին, այլ Ատրպէյճանի ռազմատենչ յայտարարութիւններուն:
“Եկած ենք ըսելու, որ հաւասարութեան նշան չդնեն սահմանագիծին վրայ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի գործողութիւններուն միջեւ“, ըսաւ ան:
ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ Իկոր Փոփովը, Ճէյմս Ուորլիքը եւ Ժաք Ֆօրը, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիքը Արտաքին Գործոց նախարարութեան շէնքին մօտ դիմաւորուեցան բողոքի պաստառներով:
Ցոյցին մասնակցող երիտասարդները իրենց հետ բերած էին համանախագահներուն մայրենի լեզուներով (անգլերէն, ռուսերէն եւ ֆրանսերէն) թարգմանուած զանազան պաստառներ:
Հ.Յ.Դ. Հայաստանի երիտասարդական միութիւնն ու “Նիկոլ Աղբալեան“ ուսանողական միութիւնը, նախապէս նաեւ կոչ ուղղած էին քաղաքական տարբեր կուսակցութիւններու երիտասարդական միութիւններուն` անկախ քաղաքական դիրքորոշումներէն եւ մօտեցումներէն, միանալու բողոքի ցոյցին եւ միասնական դիրքորոշում արտայայտելու ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու կեցուածքին վերաբերեալ: Դժբախտաբար, ոչ մէկ այլ կուսակցութիւն միացած էր:
Արտաքին Գործոց Նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի հետ հանդիպումէն ետք, ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ռուս համանախագահ Իկոր Փոփով յայտարարեց, որ հայ-ազերի շփման գիծին վրայ նկատուող լարուածութեան աճը կը խոչընդոտէ բանակցային հոլովոյթը: Իսկ օր մը առաջ, միջնորդները Պաքուի մէջ հանդիպումներ ունեցած էին Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ Արտաքին Գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի հետ: