ԱՐՍԷՆ ՍԱՅԵԱՆ 19-րդ դարու երկրորդ կէսը, կը հանդիսանայ շատ կարեւոր ժամանակաշրջան մը, հայկական երաժշտութեան համար: Յատկապէս 50ևէն 60ևական թուականներուն ունեցաւ ժողովուրդի կեանքէն ներս: Այս շրջանին հայ իրականութեան մէջ յառաջացած էին որոշ հոսանքներ, որոնք իրենց բարերար ազդեցութիւնը գործեցին, հայ գրականութեան եւ արուեստին վրայ: Այսպիսով մշակոյթի տարբեր ճիւղերն ընդհանուր վերելք ապրեցան, ինչպէս օրինակ, պարբերական մամուլը, դպրոցներն ու արուեստի օճախները: Առանձնապէս, ուժեղ կերպով զարգացաւ գեղարուեստական գրականութիւնը, հրապարակ եկան բանաստեղծներ եւ գրողներ, որոնք իրենց ստեղծագործութիւններով մեծապէս նպաստեցին հայ գրականութեան: Այս երեւոյթը կարեւոր էր երաժշտութեան համար` որովհետեւ Մ. Նալպանտեանի, Ռ. Պատկանեանի, Ղ. Աղայեանի, Ս. Շահազիզի, Մ. Պէշիկթաշլեանի, Ղ. Ալիշանի, Պ. Դուրեանի, Գ. Դոդոխեանի, իսկ դարեվերջին` Յ. Յովհաննէսեանի, Յ. Թումանեանի, Ա. Իսահակեանի եւ ուրիշներու ազատաշունչ ու քնարական բանաստեղծութիւնները, որոնք լայն ժողովրդականութիւն կը վայելէին` խորապէս սատար հանդիսացան հայ երաժշտութեան համար: Հայ Երաժշտութեան գործիչներուն կողմէ այդ բանաստեղծութիւններով ստեղծուեցան բազմաթիւ երգեր, որոնք կ՛երգուէին ու կը տարածուէին ժողովրդական շրջանակներու մէջ:
Բացի այս երեւոյթէն, նոյն շրջանի արձակագիրներու` Պ. Պրոշեանի, Րաֆֆի, Շիրվանզատէի եւ այլոց գրական երկերը, յետագային դարձան հիմք, օփերային եւ պալեդային ստեղծագործութիւններու համար: Ահա, այդ երգերէն օրինակ մը, որուն նիւթը Գ. Դոդոխեանի “Ծիծեռնակ“ բանաստեղծութիւնն է` խմբերգի վերամշակումով Ճէմս Գէոզալեանի: Ինչպէս գրականութեան եւ երաժշտութեան, նոյնպէս եւ հասարակական կեանքէն ներս, հետեւողականօրէն կ՛աշխուժանար գեղարուեստի հանդէպ յատուկ ուշադրութիւնը, որ պիտի օժանդակէր հայ աշխարհաբար լեզուի ընդհանրացման:
Այս ուղղութեամբ մեծ դեր կատարած է Միքայէլ Նալպանտեան: Թէեւ Նալպանտեան մասնագիտութեամբ չէ զբաղուած երաժշտութեան վերաբերեալ հարցերով, սակայն իր թելադրութիւնները մեծ ազդեցութիւն ունեցած են այդ ասպարէզէն ներս: Միքայէլ Նալպանտեան մօտիկէն ծանօթ ըլլալով եւրոպական երաժշտութեան, անհրաժեշտ պայման համարած է այդ երաժշտութեան տարածումը հայ հասարակական կեանքին մէջ: Նալպանտեան բարձր է գնահատած` Մոցարթի, Պէթհովէնի, Վերտիի եւ միւս դասականներու ստեղծագործութիւնները:
Իր խորհուրդով` Սահրատեան թարգմանած է Ճուզեփէ Վերտիի “Դրուպատուր“ օփերան, որ հրատարակուած է 1864 թուականին: Այդ քայլը հայ իրականութեան մէջ, օփերայի թարգմանութեան առաջին դէպքն է:
Միաժամանակ, Միքայէլ Նալպանտեան հետամուտ եղած է հայ ազգային երաժշտութեան զարգացման, որուն միջոցով ունկնդիրը պիտի կարողանար գաղափար կազմել, հայ ազգի երաժշտական ճաշակի եւ հասկացողութեան մասին: Ան համոզուած էր որ գրականութիւնն ու արուեստը պէտք է ըլլան ժողովուրդի հայելին: Այդ պատճառով, ան յատուկ ուշադրութեան առարկայ դարձնելով ժողովրդական ստեղծագործութեան հաւաքման հարցը, կոչ ըրած է զբաղուիլ ժողովրդական երգերով, ծէսերով եւ աւանդութիւններով: