ՀԱԼԷՊ.- Շաբաթասկիզբէն ի վեր, կացութիւնը բաւական լարուած է Հալէպի մէջ:
Նոր Գիւղ հայահոծ շրջանին մէջ մէկէ աւելի հրասանդի հիթիռներ ինկած են: “Բերիոյ նիուզ“ կը տեղեկացնէ, թէ Փետրուար 3, 2014-ին, Հալէպի Հրասանդի հիթիռներէն մէկը ինկած է կէսօրուան ժամը 1:00-ին, ազգապատկան “Կիլիկիա“ շէնքէն քիչ մը անդին, պատճառ դառնալով երկու տեղացի զոհերու: Իսկ բազմաթիւ ուրիշներ վիրաւորուեցան, որոնք անմիջապէս տարուեցան դարմանատուն, համապատասխան դարմանումներէ ետք, անոնց առողջական վիճակը կայուն է: Արձանագրուեցան նաեւ նիւթական վնասներ: Աւելի ուշ, հրասանդերու թիրախը ծաղկավաճառ “Միտան“ի մօտն էր: Իսկ երրորդը` Ազգային “Սահակեան“ վարժարանը: Վերջին հրասանդերու պայթումները բարեբախտաբար ֆիզիքական լուրջ վնասներ չարձանագրեցին, այլ պատճառեցին միայն քանդում եւ աւեր: Արձանագրուեցան կարգ մը բնակարաններու եւ ինքնաշարժներու տարբեր աստիճանի վնասներ:
Ցայսօր, կը լսուին տարբեր զէնքերու հրաձգութեան եւ ռումբերու ահեղ ձայներ, որոնց պատճառը քանի մը օրէ ի վեր սուրիական բանակի եւ զինեալ ընդդիմադիրներու միջեւ տեղի ունեցած բախումներն են:
Նշենք թէ, վերջերս սուրիական բանակը զինուորական ծանր գործողութիւններ կատարեց զինեալ խմբաւորումներու վերահսկողութեան տակ գտնուող շրջաններու դէմ, յատկապէս Հալէպի արեւելեան շրջանները` գործածելով օդուժի ուղղաթիռներ: