Դեկտեմբեր 26-30, 2013-ին, Ուեսպորոյի (Ուսթըր, Մասաչուսէց) մէջ տեղի ունեցաւ, Ա.Մ.Ն. Արեւելեան Շրջանի Հ.Ե.Դ.-ի 80-րդ պատգամաւորական ժողովը, որուն մասնակցեցան քառասունի շուրջ ներկայացուցիչներ:
Տեղւոյն “Արամ“ մասնաճիւղը կը հովանաւորէր այս ժողովը, որ նաեւ կազմակերպած էր հիւրասիրութիւն մը՝ Շաբաթ Դեկտեմբեր 28-ին:
Ժողովին ներկայ եղան քանի մը հիւրեր, որոնք կատարեցին զեկուցումներ: Այսպէս, “Քէմփ Հայաստան“ի պատասխանատու Դաւիթ Համբարեան յաւելեալ տեղեկութիւններ փոխանցեց եւ անդրադարձաւ գործակցութեան մասին:
Մեծն Պոսթընի Հ.Օ.Մ.-ի պատասխանատուներէն` Հէտըր Գրաֆեան, իր կարգին զեկուցեց երիտասարդութեան կատարելիք ներդրումին մասին, Հայ Օգնութեան Միութեան բնագաւառէն ներս: Թամար Գանարեան անդրադարձաւ Հայ Դատն ու հայ երիտասարդութիւնը նիւթին մասին եւ կոչ ուղղեց երիտասարդութեան, որ աւելի գործեն Հայ Դատի գործունէութեան դաշտէն ներս:
Մէն Թոփալեան անդրադարձաւ Հ.Ե.Դ.-ի Ողիմպիականին գծով, որ տարեկան դրութեամբ կը կատարուի, ստեղծելով մեծ հետաքրքրութիւն: Արամ Քայսէրեան խօսեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի մասին:
Ա.Մ.Ն. Արեւմտեան Շրջանի ներկայացուցիչ` Ստեփանոս Քէշիշեան, ներկայացուց իր շրջանի իրավիճակն ու մտահոգութիւնները: Ապա, Ա.Մ.Ն. Արեւելեան Շրջանի Կ.Կ.-ի ներկայացուցիչ Լեւոն Աթարեան իր կարգին զեկուցելով, շեշտեց երիտասարդութեան դերը, Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի սեմին: Այս գծով, ժողովականները բաւական ժամանակ տրամադրեցին եւ կատարեցին կարծիքի փոխանակում:
Ժողովականները մեծ խանդավառութեամբ եւ եռանդով, անդրադարձան համահայկական հարցերու մասին, սկսելով Հայաստանէն, մինչեւ Արցախ, Ջաւախք եւ Արեւմտահայաստան:
Աւարտին, կատարուեցաւ նոր Կեդրոնական Վարչութեան ընտրութիւն: Նոր մարմինի անդամներն են.- Միշէլ Հակոբեան, Ստեփան Յակոբեան(Կրանիթ Սիթի – “Անդրանիկ“ մասնաճիւղ), Րաֆֆի Վարժապետեան, Րաֆֆի Եափուճեան (Պոսթըն – “Նժդեհ“), Տալիտա Կեցոյեան, Կարօ Թաշեան, Անտրու Պաղտասարեան (Փրովիտընս – “Վարանդեան“):