Երկուշաբթի, 6 Յունուարին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ Սուրբ Ծննդեան պատարագը մատուցեց եւ հայրապետական իր պատգամը տուաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, ներկայ հաւատացեալ հոծ բազմութեան:
Արամ Ա. Կաթողիկոս իր պատգամին մէջ շեշտը դրաւ խաղաղութեան վրայ: “Քրիստոնէութիւնը Քրիստոսը կը նկատէ խաղաղութեան իշխան: Աստուծոյ հրեշտակը Քրիստոսի ծնունդը աւետեց որպէս խաղաղութեան գալուստը աշխարհ: Քրիստոս իր առաքելութիւնը սկսաւ դարձեալ խաղաղութիւնը նկատելով իր առաքելութեան կարեւոր նպատակներէն մէկը: Իր ուսուցումներու ընթացքին, Աստուծոյ Որդին շեշտեց խաղաղութեան հրամայականը եւ երանի տուաւ բոլոր անոնց, որոնք խաղաղութեան համար կ’աշխատին: Քրիստոսի քարոզած խաղաղութիւնը սովորական իմաստով պէտք չէ ըմբռնել: Խաղաղութիւնը պատերազմին բացակայութիւնը չէ. խաղաղութիւնը մարդոց ու ազգերու միջեւ արդարութեան, փոխադարձ յարգանքի ու ճանաչման, փոխադարձ սիրոյ ու յարգանքի վրայ հիմնուած կեանքի որակ մըն է: Եկեղեցին կոչուած է Քրիստոսի առաքելութիւնը շարունակել նոյն սկզբունքներով ու նոյն մօտեցումով“ շեշտեց Վեհափառը:
Ապա Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ. “Տագնապի մէջ է ներկայ աշխարհը. տնտեսական, գաղափարական, ընկերային ու ցեղային տագնապներ պատերազմ յառաջացուցած են նոյնիսկ նոյն ազգի կեանքէն ներս: Միջին Արեւելքէն ներս տեղի ունեցող տագնապները կը շարունակուին աւեր սփռելով ժողովուրդի կեանքէն ներս: Միաստուածեան կրօնները, յատկապէս իսլամութիւնն ու քրիստոնէութիւնը չեն կրնար անտարբեր մնալ այս վտանգալից կացութեան դիմաց: Խաղաղութեան հաստատումը այս երկու կրօններու աստուածատուր կոչումին մաս կը կազմէ“:
Անդրադառնալով վերջին շրջանին քրիստոնեայ համայնքներու մտահոգութիւններուն, Արամ Ա. Կաթողիկոս ըսաւ.- “Քրիստոնէութեան պատմութիւնը Միջին Արեւելքէն ներս միշտ տագնապներով լեցուած է: Հակառակ այս իրողութեան, քրիստոնեայ-իսլամ գոյակցութիւնը մնացած է ամուր: Այս օրերուն քրիստոնեայ համայնքներուն նկատմամբ ցուցաբերուած ժխտական կեցուածքները ու գործելակերպերը Մենք կը նկատենք ծայրայեղական խմբակներու կողմէ կատարուած անպատասխանատու արարքներ, որոնք դատապարտելի են նոյնիսկ իսլամութեան կողմէ: Հակառակ ստեղծուած այս դժուար պայմաններուն քրիստոնէութիւնը կառչած կը մնայ իր ծննդավայրին, իր իրաւունքներուն ու պարտաւորութիւններուն, փոխադարձ յարգանքի ու սիրոյ վրայ հիմնուած քրիստոնեայ-իսլամ գոյակցութեան“:
Իր պատգամի աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը նաեւ անդրադարձաւ Սուրիոյ կացութեան ու ըսաւ “Սուրիայէն ներս ստեղծուած տագնապին առաջին իսկ օրէն Մենք ո՛չ միայն մօտէն հետեւեցանք այլ նաեւ փորձեցինք զանազան ձեւերով օգտակար ըլլալ մեր ժողովուրդի դիմագրաւած դժուարութիւններուն: Այս ծիրէն ներս հանգանակութիւն կազմակերպեցինք, որպէսզի կարենանք օգտակար ըլլալ երկրէն ներս ստեղծուած տնտեսական դժուարութիւններուն: Սուրիոյ հայ համայնքին վերականգնումը, ըսինք ու կը կրկնենք, համահայկական առաջնահերթութիւն է: Արդ, չի՛ բաւեր միայն մտահոգուիլ Սուրիոյ հայութեան ներկայ վիճակով, անհրաժեշտ է գործնապէս մեր զօրակցութիւնը ու աջակցութիւնը շարունակել: Ու սա պահուն, մեր ժողովուրդի զաւակներուն սրտի թարգմանը կ’ըլլանք եւ Մեր խօսքը ուղղելով Սուրիոյ մեր սիրելի զաւակներուն կ’ըսենք` միշտ ձեր կողքին ենք ու պիտի մնանք: Վստահ եղէք որ մեր աղօթքներուն, մտածումներուն ու աշխատանքներուն մէջ մնայուն ներկայութիւն էք: Մնացէ՛ք միակամ. մնացէ՛ք Սուրիոյ ժողովուրդին կողքին` կառչելով քրիստոնէական միասնականութեան ու քրիստոնեայ-
իսլամ համերաշխ գոյակցութեան: Ա՛յս է եղած մեր համայնքին կեցուածքը ու այսպէս պէտք է մնայ միշտ“: