…ՀԵՐԹԸ ՍԵՒԱՆ ՆՇԱՆԵԱՆԻ՞Ն

0 0
Read Time:1 Minute, 45 Second

sevan-nshanian3  ՀԱՅՐԵՆԻՔ 

Փաստ մը եւս…եւ այդ ալ ի՜նչ զուգադիպութիւն:

Յունուար 19, 2007-ին Պոլսոյ մէջ անարգ ոճիրի զոհ գնաց “Ակօս“ի խմբագիր Հրանդ Տինք: Գրեթէ եօթ տարի ետք, Յունուար 2, 2014-ին երկու տարուան համար արգելափակուեցաւ այլ Պոլսահայ մը` բառարանագէտ, լրագրող, յօդուածագիր եւ շինարար Սեւան Նշանեան:

Տեղին է հարցադրել թէ ի՞նչպէս կարելի է կապ մը հաստատել երկու դէպքերուն միջեւ: Իրօք, հայատեաց ու այլամերժ մօտեցումներ կիրարկելով եւ համաթուրք տեսլականի իրագործման ի խնդիր, անգամ մը եւս կարելի է նկատելու յայտնաբերել ցեղապաշտ եւ ազգայնամոլ վարքագծերու առկայութիւն մը:

Այսպէս, երբ վճռաբեկ ատեանի բեկանումի վճիռէն ետք, Հրանդ Տինքի սպանութեան դատավարութիւնը կը պատրաստուէր շարունակութիւնը, Պոլսոյ ծանր յանցագործութիւններու 14րդ դատարանին առջեւ, Նշանեան բարձ մը ձեռքին եւ անհրաժեշտ ապրանքներով լեցուած ճամպրուկով մը, ներկայացաւ “Թորպալը“ բանտ…երկու տարուան բնակութեան մը համար դասաւորումները կատարելու:

Տարիներէ ի վեր, կառավարութիւնը մօտէն կը հետեւէր Նշանեանի գործընթացին եւ անոր կատարած աշխատանքներուն:  Նոյնիսկ անցեալ Մայիսին, ան բանտարկութեան դատապարտուած էր` Մոհամէտ մարգարէն վարկաբակելու յանցանքով: Ըստ, տեղւոյն ղեկավարութեան, շուրջ տասնեակ մը քաղաքացիներ բողոքած էին ժողովուրդի մէկ մասին կրօնական արժէքները վիրաւորելու մեղադրանքով:

Սակայն, այս անգամուայ հարցը, բոլորովին տարբեր է եւ կապ ունի…իբր թէ ապօրինի կերպով կատարուած շինարարական աշխատանքներու, Իզմիրի մօտակայ Շիրինճէ գիւղին մէջ:

Հոս տեղին է նշել թէ օրին մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծեց այս գիւղին վերաշինութիւնը: Արդարեւ, Դեկտեմբեր 21, 2012-ին, թէ ըստ “ Մայա“ քաղաքակրթութեան օրացոյցին, այդ թուականին աշխարհը պիտի կործանէր:

Միեւնոյն ժամանակ, այս տարօրինակ ու անհաւատալի շշուկը տարածող աղբիւրները թուած էին նաեւ աշխարհի չորս ծագերուն` Հարաւային Ամերիկայի, Եւրոպայի թէ Ասիոյ մէջ կարգ մը տեղանուններ, որոնք զերծ պիտի մնային ենթադրեալ կործանումէն: Այս ցանկին մէջն էր  Իզմիրի շրջանի Շիրինճէ գիւղը, որ արդէն …տարիներ առաջ, շնորհիւ նոյնինքն Նշանեանի` արդէն փրկուած էր իսկական կործանումէ մը, երբ շրջանի կառավարական պաշտօնեաներ մտադրած էին փլցնել անոր յունական  պատմական տուները: Այսպէս, Նշանեան միջամուխ ըլլալով գնած էր անոնց մեծ մասը, ապա վերանորոգած, արձակուրդի համար վերապահուած վարձու տուներու կամ պանդոկներու վերածած էր:

Այդ ենթադրեալ կործանման թուականէն առաջ իսկ, վերակառուցուած Շիրինճէի

պանդոկներուն բոլոր սենեակները վարձուած էին, իսկ գիւղացիները բազմաթիւ յուշանուէրներ եւ գինի պատրաստած էին այս առթիւ, որոնք ամբողջութեամբ վաճառուած էին:

Ահաւասիկ, շինարար հայորդի մը…մութ պատճառներով կը բանտարկուի, մինչդեռ շաբաթներէ ի վեր Պոլսոյ մէջ, կը շարունակուի Էրտողանի կառավարութենէն ներս կատարուած զեղծարարութեան եւ փտածութեան թնճուկը:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles