Յատուկ հաղորդագրութեամբ մը, Հ.Բ.Ը.Մ.-ը կը տեղեկացնէ թէ, 2013-2014 կրթական տարեշրջանի ընթացքին, 1,1 միլիոն տոլարի կրթանպաստներ շնորհած է զանազան արուեստագէտներու եւ հիմնարկներու: Այս գումարէն կ՛օգտուին մօտաւորապէս չորս հարիւր համալսարանական ուսանողներ, որոնք կ՛ուսանին մօտաւորապէս 35 երկիրներու մէջ: Հարիւր համալսարանականներ կ՛ուսանին Միացեալ Նահանգներու զանազան համալսարաններէ ներս եւ ընդամէնը ստացած են չորս հարիւր հազար տոլար գումար արժող կրթանպաստներ:
Նպաստ ստացողներէն մէկն է Պոլսոյ Կեդրոնական վարժարանի շրջանաւարտներէն` Մոնիքա Մանիշակը, որ պիտի ուսանի Իզմիրի համալսարաններէն մէկուն մէջ, եւ իր ուսումը աւարտելէ ետք` ուսուցչութիւն պիտի կատարէ Կեդրոնական վարժարանէն ներս: Կրթանպաստ ստացած է է նաեւ Ռիմա Կարապետանը, որ կ՛ուսանի Հոլանտայի Լայտըն քաղաքի համալսարանին մէջ եւ կը մանագիտանայ միջազգային իրաւական հարցերու ճիւղին մէջ: Կարապետան, որոշած է ուսումը աւարտելէ ետք` Հայաստանի Արտաքին Գործոց նախարարութեան մօտ աշխատիլ:
Օփերայի երգիչ Արամ Օհանեան կը մասնագիտանայ Պեռնի (Զուիցերիա) արուեստի համալսարանին մէջ, եւ մօտ օրէն ելոյթ պիտի ունենայ Պեռնի եւ Ամսթերտամի մէջ, գործակցելով »Լա Սեթրա« խումբին հետ: Օհանեան երախտապարտ է եւ կը հաստատէ թէ, առանց այս նիւթական օժանդակութեան, պիտի չկարենար ուսումը շարունակել: Երեւանէն Վարդան Գասպարեան, թաւջութակի իր մասնագիտացումը կը կատարէ Գալիֆորնիոյ “Քոլպըրն“ երաժշտանոցէն ներս: Երկու տարի շարունակ հետեւած ամառնային դասընթացքներու, Մէյն նահանգէն ներս, Գասպարեան 2012-ին ելոյթ ունեցած է Հ.Բ.Ը.Մ.-ի կազմակերպած երիտասարդներու նուիրուած ձեռնարկին: Կրթանպաստ ստացող յատկանշական ուսանողներէն մէկն է նաեւ Լոնտոնի Երաժշտութեան թագաւորական հիմնարկի ուսանող Արփինէ Քալինինան, որուն կազմած “Կանթեղ“ նուագախումբը արժանացած է բազմաթիւ միջազգային մրցանակներու: Իսկ անոր յօրինումներու անդրանիկ կատարումներէն քանի մը հատը Լոնտոնի մէջ կայացած են, եւ այս գործերէն մէկը ներշնչուած է Եղիշէ Չարենցի գործերէն: Շարժապատկերի եւ պատկերասփիւռի մարզերուն մէջ, Հարաւային Գալիֆորնիոյ համալսարանէն ներս մասնագիտացած Մարտիրոս Վարդանով, իր կարգին շնորհիւ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի կատարած օժանդակութեան, կրցած է մասնագիտութիւնը շարունակել:
Ան վաւերագրական մը պատրաստելու ընթացքին մէջն է: Նաեւ, Վարդանով հայ մշակոյթը լուսարձակի տակ առնող շարք մը ձեռնարկներ կազմակերպած է, որոնց կարգին Գալիֆորնիոյ մէջ Ուիլիըմ Սարոյեանին նուիրուած հանդիսութիւն մը, ներկայութեամբ անոր թոռնուհիներէն` Քէյթին: Նաեւ Քորէայի Փուզան քաղաքին մէջ, Վարդանով դասախօսած է Սերգէյ Փարաճանովի եւ Միքայէլ Վարդանովի մասին: Նպաստ ստացողներու շարքին է նաեւ ուսանողներ` Տօնա Ռըզք եւ Քեթրին Աճապահեան, որոնք կրօնական ուսումնասիրութիւններու մարզէն ներս, Աստուածաբանութիւն կ՛ուսանին: Յառաջիկայ տարիներուն ալ Հ.Բ.Ը.Մ. պիտի շարունակէ կրթանպաստ յատկացնել երիտասարդ եւ ապագայ խոստացող արուեստագէտներու: