Առաջին անգամ չէ, որ նիւ եորքաբնակ ազգային բարերար Տէր եւ Տիկին Էտուըրտ եւ Գարմէն Կիւլպէնկեաններ իրենց Փաունտ Րիճի ապարանքէն ներս կը հիւրընկալեն հանրայայտ արուեստագէտներ: Տօնական օրերու նախօրէին Մեթրոփոլիթըն Օփերայի եւ Նիւ Եորքի Ֆիլհարմոնիք նուագախումբի աստղեր յաճախ ուենցած են ելոյթ ընդարձակ եւ արուեստի գործերով հարուստ այս տան մէջ, ուր եկած են արուեստասէր լուրջ հասարակութիւն մը:
Այս տարի եւս, շարունակելով այս գեղեցիկ աւանդութիւնը, Կիւլպէնկեաններ, Նոյեմբեր 24, 2013ին, Կիրակի օր կէսօրէ ետք ժամը 3ին հրաւիրած էին նախկին պոլսահայ ու այսօր արդէն աշխարհահռչակ Անի եւ Այտա Գավաֆեան քոյրերը տալու իրենց ջութակի համերգը: “Մաունթ Քիսքօ Համերգային Ընկերակցութիւնն է որ կը հրաւիրէ երաժշտասէրները նման համոյթին: Ըսենք նաեւ որ Ա.Մ.Ն. նախկին նախագահ Տէր եւ Տիկին Պիլ եւ Հիլըրի Գլինթըններ մաս կը կազմեն այս համերգային ընկերակցութեան ապրելով համանուն քաղաքին մէջ:
Յայտագրին դաշնակի ընկերակցութեամբ կը մասնակցէր Ճոնաթան Ֆելտմըն:
Յայտագիրը ունէր երկու բաժին. առաջին մասը նուիրուած էր Եոհան Սեպասթիըն Պախի (1685-1750) ստեղծագործութիւններէն` “Trio Onata in C major, BWV 1037 եւ երկրորդ` Մորիթց Մոսքոուսքիի (1854-1925) Suite for Two Violins and piano in G Minor, Op. 71: Ըսենք որ Անին կը նուագէ Սթատիվարիըս ջութակով իսկ Այտան` կը նուագէ եւ ջութակ եւ վիոլա:
Կարճ դադարէ մը ետք, յայտագրին երկրորդ բաժինով ներկայացան Պոհուսլավ Մարդինուի (1890-1959) Sonata for Two Violins and Piano, H213, Պելա Պարթոքի (1881-1945) Selections from 44 Duos for Two Violins, BB104, Sz. 98, ու վերջապէս` Փապլօ տը Սարասաթի (1844-1908) Navarra (Spanish Dance) for Two Violins and Piano, Op. 33:
Պէտք չունինք տալու եւ գրելու անոնց գեղարուեստական մակարդակին մասին. միջազգային մամուլն ու արուեստի քննադատները տարիներ առաջ գնահատանքով արձանագրած են անոնց կատարողական մակարդակը: Ամերիկայէն դուրս, արուեստի մեծ ոստաններու մէջ Անին ու Այտան արժանացած են արուեստասէրներու երկա՜ր ծափողջոյններուն:
Այդ երեկոյ, այդ սալոնին մէջ, շրջապատուած ծովանկարիչ Այվազովսքիի գործերով, ազգային հպարտութեան օր մըն էր որ հրամցուցին հիւրընկալ զոյգը: Կիւլպէնկեանները զարմիկներն են Գալուստ Կիւլպէնկեանի: Անոնց հայրը բարերարն է Նիւ Եորքի առաջնորդանիստ Ս. Վարդան Մայր Տաճարի առաջնորդարանի համալիրին, որ կը կոչուի “Կիւլլապի Կիւլպէնկեան“ Կեդրոն: Բարերարներն են նաեւ` Հալէպի “Կիւլպէնկեան Մայրանոց“ին: Այսօր եւս անոնք իրենց նուիրատուութեամբ օգտակար կ՛ըլլան հայ դպրոցին, Թէքէեան Մշակութային Միութեան եւ մեր մամուլին:
Հոգեկան բաւարարութեամբ ներկաները վերադարձան տուն, պահելով այդ երեկոյթի քաղցր յիշատակները: