Տօնական օրերը ժամանած են, իրենց զանազան սովորութիւններով, զարդարուած ծառերով եւ համադամ խոհանոցային պատրաստութիւններով:
Հետաքրքրական է հարցադրել թէ ինչպէ՞ս եւ ուրկէ՞ Եկած է “Կաղանդ“ բառը:
“Զի՞նչ է Կաղանդ եւ Կաղանդիկա: Կաղանդ ամսամուտէ, իսկ Կաղանդիկա նախասկզբնակ օր տարւոյն“ գրած է Անանիա Շիրակացին` իր “Տիեզերագիտութիւնը եւ տոմար“ գիրքին մէջ:
“Կաղանդ“ բառը ծագած է լատիներէն calendae բառէն, որ հայերէնով ստացած է Նոր տարուան առաջին օրուան նշանակութիւնը: Արդարեւ, Նոր տարի հասկացողութիւնը կ՛արտայայտուի նաեւ Կաղանդ բառով, այդ առիթով իրար շնորհաւորելու սովորութիւնը` կաղընդել, նուէրը` կաղընչէք, իսկ երգերը` կաղանդոս բառերով:
Նաեւ յիշատակելի է նշել թէ “Ամանորի“ բառն ալ ունի իր տարբեր անուանումները` ամանորաբեր, տարեմուտ, տարեգլուխ, տարին գլուխ, տարենոր, նոր տարի, նորաբեր, նաւասարդ եւ ծաղկըմուտ:
Հետաքրքրական է այս առթիւ, տեղեկանալ հայրենի կարգ մը շրջաններէն ներս, թէ ի՞նչ տօնակատարութիւններ կը կազմակերպուէին: Ստորեւ, “Յուշամատեան“ կայքէջէն օգտագործուած, կարգ մը տեղեկութիւններ, զանազան շրջաններու մասին.-
ԽԱՐԲԵՐԴ
Նոր Տարուան երեկոյեան ճաշասեղանը շատ հարուստ պէտք է ըլլայ պահքի յատուկ կերակուրներով, պտուղներով, օղիով ու գինիով: Հետեւաբար, տան կիներն ու աղջիկները արդէն Դեկտեմբեր 30-էն ճաշի պատրաստութեան մէջ կ՛ըլլան, Նոր տարուան սեղանին համար կը պատրաստեն մանաւանդ քաղցրեղէններ, ինչպէս գաթա, բոկեղ, անուշապուր:
Դեկտեմբեր 31-ը նուէրներ բաշխելու օրն է: Բարեկամներ ու ազգականներ ընծաներ կը փոխանակեն, հարսեր իրենց ձեռքի գործ հիւսուածքները (գդակ, քսակ, թաշկինակ, եւայլն), իսկ փեսաներն ալ պտուղներ (տանձ, նուռ, խնձոր), հայելի, պարսկական շալ, Ակնի լաջակ, ոսկեղէն զարդարանք, գուլպայ, կօշիկ եւ այլ բաներ կը նուիրեն մտերիմներու: Պատանիներ “գօտեկախ“ կ`ընեն. այսինքն տուներու երդիքներէն վար կ`իջեցնեն չուաններ, որոնց ծայրը անցուած կ`ըլլայ տոպրակ մը: Տանտիկիններ անոնց մէջ կը լեցնեն շաքարեղէն, մրգեղէն, ձմերուկի կամ սեխի խարկուած կուտ, եւայլն: “Գօտեկախ“ի այս սովորութեան կը հանդիպինք Դատեմ (Դատըմ) գիւղին մէջ: Բազմաշէնի (Պիզմիշին/Սարըչուպուք) մէջ նոյն բանը կը կատարուի Ծնունդի իրիկունը, իսկ Գոմք (Ենիքափը) գիւղին մէջ` Նոր տարիին յաջորդած առտուն: Կաղանդի օրը տուները հիւր եկող ամէն անձ միշտ պէտք է յիշէ նաեւ կաղընտելը (կաղանդել), այսինքն երեխաներուն անուշեղէններ նուիրելը: Իսկ փոքրիկները, Նոր տարիի առաջին առաւօտը երբ կը զարթնեն, իրենց նուէրները` չամիչ, ընկոյզ, չոր թութ, նուշ, պաստեղ, ռոճիկ, Կաղանդ պապային կողմէ լեցուած կը գտնեն տան պատին ցիցերէն կախուած իրենց գուլպաներուն եւ գոգնոցներուն գրպաններուն մէջ, ինչպէս նաեւ անկողինի կողքի սեղանիկին վրայ: Խարբերդ քաղաքին մէջ, Նոր տարուան նախորդած այդ իրիկունը, տան պատանիները պատրաստութիւններ կը տեսնեն նաեւ իրենց հայրը “կախելու“: Այսպէս, երբ իրիկուան հայրը տուն կը վերադառնայ, պատանի զաւակները վրան կը յարձակին, մէջքին հաստ չուան մը կ`անցնեն ու առաստաղէն կախել կը փորձեն: Հօր “չարչարանք“ը վերջ կը գտնէ միայն այն ատեն երբ ան կը համաձայնի իր հետ բերած քաղցրեղէն նուէրները բաժնել տնեցիներուն:
Չափահասներուն համար տօնական խրախճանքը ծայր կ`առնէ Նոր տարուան երեկոյեան, իսկ կէս գիշերին, գիւղերուն մէջ (օրինակ Բազմաշէն, Դատեմ, Բարջանճ) սովորութիւն է աղբիւր երթալ եւ Նոր տարուայ ջուրը կուժերու մէջ լեցուած` բերել տուն: Այսպէս, ամբողջ գիւղի երկսեռ երիտասարդութիւնը կը թափուի փողոցներուն մէջ ու երգելով կ`ուղղուին դէպի գիւղին աղբիւրները: Ոմանք նոյնիսկ այդ ցուրտ օդին աղբիւրներու աւազաններուն մէջ լոգանք կ`առնեն, քանի որ, ըստ տեղական աւանդութեան, այդ օրը ջուրերը կախարդիչ յատկութիւն կ`ունենան եւ անհատը կրնան բժշկել ֆիզիքական զանազան ցաւերէ: Ասիկա նաեւ կը համարուի աղբիւրներու ոգիներէն Նոր տարուան համար բարի մաղթանքներ խնդրելու արարողութիւն մը: Այսպէս, գիւղացիներ, յատկապէս աղջիկները, այդ օրը աղբիւրի ակին ու գուռին վրայ, ինչպէս նաեւ ասոնց բոլորտիքը կը ցանեն ցորենի, գարիի, սիսեռի հատիկներ, նոր ծննդաբերած կովու կամ ոչխարի առաջին կաթով պատրաստուած պանիր (տեղական բարբառով` խեր), բամպակի կուտ, ոլոռն եւ պայտ (նալ):
Նոր տարուայ այդ իրիկունը սովորութիւն է նաեւ որ գիւղացիներ իրենց հետ աղբիւր բերեն բկեղներ (բլիթ), որոնք օղակաձեւ շինուած հացեր են: Նախ կը թաթխեն զանոնք աղբիւրին ջուրին մէջ, ապա տուն կը դառնան ու բկեղները կը կերցնեն ախոռի ու գոմի անասուններուն` անոնց բեղմնաւորութիւն շնորհելու յոյսով:
Գիւղերուն մէջ սովորութիւն է նաեւ որ նորապսակ հարսերը իրենց ամուսնութեան յաջորդած առաջին Նոր տարիէն ետք միայն արտօնուած կ`ըլլան այցելելու իրենց ծնողներուն տուները: Այնպէս որ անոնք եւս իրենց կարմիր կուժերը շալկած կ`երթան նոյն այդ գիշերը դէպի աղբիւր եւ այնտեղէն ջուր առնելով կը տանին իրենց ծնողներուն: Այդ յատուկ օրուան համար նոր հարսերը կը հագուին իրենց լաւագոյն հագուստները:
Խրախճանքը կը կրկնուի նաեւ Նոր տարիի առաւօտուն: Սեղաններուն վրայ կը դրուին բազմազան անուշեղէններ, ինչպէս նաեւ առատ գինի: Մեծ ու պզտիկ փոխադարձ այցելութիւններու կ`երթան` շնորհաւորելով Նոր տարին: Իսկ Հապուսի (Իքիզտեմիր) եւ Բազմաշմէն գիւղերուն մէջ Կաղանդին յաջորդած օրը զանազան ուրախութիւններու շարքին տեղի կ`ունենայ նաեւ գոմէշներու մարտ, ձիարշաւ եւ ըմբշամարտ:
Ծնունդի օրը կը կատարուի ջուրին մէջ մխրճուած խաչը դուրս հանելու աւանդական արարողութիւնը: Ճրագալոյցին յաջորդող օրը` Յունուար 6-ին, առտու կանուխ կը հնչէ եկեղեցւոյ զանգակը ու ժողովուրդը դարձեալ կը փութայ այնտեղ` տօնելու համար Քրիստոսի Ծնունդը: Այդ օրը կը կատարուի խաչը ջուրէն հանելու աւանդական արարողութիւնը: Ասոր համար դարձեալ կ`ընտրուի ամէնէն մեծ նուիրատուութիւն ընողը: Խաչը դրուած կ`ըլլայ ջուրով լեցուած մեծ կաթսայի մը մէջ: Քահանան կը ձայնէ. “Ո՞վ պիտի ըլլայ Ս. Խաչին կնքահայրը“: Եւ աճուրդը ծայր կ`առնէ: Մէկը կ`առաջարկէ տասը ղուրուշ, ուրիշ մը մէկ օխա (1 օխա = 1,28 քկ.) մանած, մէկ ուրիշ մը մէկ օխա մոմ կամ մէկ լիթր ձէթ: Ի վերջոյ Տէր Հայրը իր ընտրութիւնը կը կատարէ, ընտրեալ կնքահօր եկեղեցական շապիկ կը հագցնեն, կնքահայրը ջուրէն դուրս կը հանէ խաչը, որ բոլոր հաւատացեալներուն կողմէ կը պագնուի:
Եկեղեցական արարողութիւնը հազիւ աւարտած, աշակերտները իրենց վարժապետին ընկերակցութեամբ կ`այցելեն տուները` “Աւետիս“ երգելու համար: Վարժապետը այս ձեւով ամէն տունէ կը ստանայ քանի մը ղուրուշ նուէր: Նոյն “Աւետիս“ները շահութաբեր ձեռնարկներ են նաեւ պատանիներուն համար: Այսպէս, երկար թելի մը կապուած պայուսակ մը իրենց ձեռքին, անոնք կ`ելլեն տուներու տանիքները ու երդիքներէն վար իջեցնելով ծրարը` կը սկսին “Աւետիս երգել“: Տանտիկինները պայուսակները կը լեցնեն հաւկիթով, իւղով, խաւուրմայով: Փոքրիկները այս պաշարը տուն կը տանին, կ`եփեն ու կ`ուտեն:
Ծնունդի այդ օրը նաեւ Տօնապետ անունը կրող տղամարդոց անուանատօնն է: Այնպէս որ բոլոր Տօնապետներուն տուներուն սեղանները այդ օրը ճոխ կ`ըլլան ու տան մէջ կը կատարուին հիւրընկալութիւն ու խրախճանք:
ՄԱՐԱՇ
Հայկական ու հայաբնակ բոլոր շրջաններուն նման, Մարաշի մէջ եւս բոլոր տօները կ’ուղեկցուին ծիսական աւանդոյթներով, ինչպէս` Կաղանդի գիշերը “Աւետիս“ երգող խումբերու շրջայցերը եւ նուէրներ պահանջելը, Տեառնընդառաջի օրը կրակ վառելը, Համբարձումին վիճակ հանելը, Զատիկին հաւկիթ ներկելը, Վարդավառին ջուր սրսկելը, եւլն: ժողովրդական գրեթէ բոլոր հանդիսութիւնները, ներառեալ տօնական օրերուն փոխադարձ այցելութիւնները, ուխտագնացութիւնները, մատաղի սովորոյթը, գերեզմանատուն երթալը, սերտ առնչութիւններ ունին հայկական տօնացոյցին մէջ հաստատուած տօներուն եւ անոնց ծիսակարգին հետ:
Տօնական օրերուն եկեղեցական եւ աւանդական ծէսերուն հետ նոյնքան կարեւոր են այդ օրերուն եփուած ճաշերը, ինչպէս շատ մը վայրերու մէջ Մարաշի մէջ եւս գրեթէ բոլոր տօները ունին իրենց յատուկ ճաշատեսակները, Ամանորի գիշերը` ըռպէվ շովրոն (ռուպով ապուր), խթումին` փիլաւի տեսակները, Ս. Սարգիսի օրը` փէխանդը (փոխինդ) եւ ալլա հոցը (անլի հաց), Բարեկենդանին` հերիսոն (հարիսա), Միջինքին` պահքի քիւֆթէները, Աղուհացի Շաբաթը` հատակ շովրոն (հատիկ ապուր), Զատիկին` կարմիր հաւկիթը, եւլն: Տօնական եւ պահքի օրերու յատուկ ճաշերը, ծիսակարգի բաղադրիչները ըլլալով, ամէնամօտ ընդհանրութիւններ ունին հայ ազգագրական տարբեր շրջաններու մէջ տօնական օրերուն պատրաստուող ուտեստներուն հետ:
Մարաշցի հայոց տօնականիին առաւել ուշագրաւ բաժինը տօներուն նուիրուած բանահիւսական նիւթերն են: Ժողովրդական տօնախմբութիւնները կ’ուղեկցուին տօներուն նուիրուած յատուկ երգերով, երգային մրցոյթներով, նուագածութիւններով, զուարճախօսութիւններով, որոնք տօնական հանդիսակարգին մաս կազմելով, լաւագոյնս կ’արտացոլեն ժողովրդական ստեղծագործութեան կենսուակ ջիղը մարաշահայոց մէջ: Շրջանառուած են բազմաթիւ քառեակներ, որոնք այնքան պատկերաւոր կերպով կը ցոլացնեն մարաշցի հայուն սրտին բաղձանքներն ու հոգեկան կարօտները: Այս երգ-քառեակները թէեւ թրքերէն, սակայն կը հնչեն հայ ժողովրդական տաղերու խորքով ու շունչով, բոլորին ալ շարայարողները Մարաշի հայ ժողովրդական աշուղները եղած են: Ժամանակակիցներու վկայութեամբ բոլոր երգերը բերնուց կը սորվէին եւ կ’երգուէին ժողովուրդին կողմէ:
Բնականաբար տօնական հանդիսութիւններէն ու տօնախմբութիւններէն անբաժան են մարաշցի հռչակաւոր աշուղներն ու նուագածուները, որոնք մեծ խանդավառութիւն կը ստեղծեն տօներու եւ խրախճանքներու ատեն: Բնատուր ձիրքերով օժտուած քաղցրաձայն երգիչներ, նուագածուներ, զուարճախօսներ եւ աշուղական տաղեր արտասանողներ, կը շրջին տեղէ տեղ եւ կը ճոխացնեն ժողովրդային տօնախմբութիւնները: Իսկ, կրօնասէր ու եկեղեցասէր մարաշցին, աւելի կարեւորութիւն կ’ընծայէ տօնին կրօնական նշանակութեան եւ եկեղեցական ծիսակարգին, սակայն ինչպէս միշտ եւ ամէն տեղ, կրօնական տօնը կը շարունակուի ժողովրդական աւանդութիւններով ու սովորութիւններով:
Մարաշի պատմագիրներուն հաւաստմամբ, 19րդ դարու վերջին` երիտասարդութիւնը մեծ մասամբ զերծ է հին սովորամոլութիւններէն, միաժամանակ անոր ուսեալ յառաջադէմ տարրը, տօներուն մէջ կը տեսնէ ժողովուրդի ազգային ինքնագիտակցութիւնը պահպանելու կարեւոր դերը:
Բոլոր փաստերը կը վկայեն, որ Մարաշի հայուն տօները անցեալին առաւել ճոխ եւ գունագեղ բնոյթ ունեցած են, անպակաս եղած են ժողովրդային տօնախմբութիւնները, տօներու հետ առնչուած ծիսական արարողութիւնները, ուխտագնացութիւնները, որոնք կ’ուղեկցուէին խանդավառ երգերով, խաղերով ու զուարճանքով: Աւելի ուշ` 1895ին հակահայ կոտորածներէն ետք, անապահովութեան ու քաղաքական սեղմումներու բերմամբ, զգալիօրէն խամրած են տօները, լռած են ժողովրդային ուրախութեան ելոյթները, սահմանափակուելով եկեղեցական արարողութիւններու եւ ընտանեկան հաւաքոյթներու պարունակին մէջ:
Հայկական գրեթէ բոլոր շրջանակներու նման, Մարաշի հայը Նոր տարուան սկիզբը` տարեմուտը կը տօնէ Յունուար 1-ին, ուր այս տօնը ժողովուրդին կողմէ գործածուող գաւառաբարբառով անուանուած է Կաղընտէս, որ Կաղանդ (Նոր Տարի, Ամանոր) բառի բարբառային աղաւաղուած ձեւն է:
Ինչպէս ամէնուր, Մարաշի մէջ նոյնպէս Նոր Տարուայ արարողութիւնները կեդրոնացած են եկեղեցական ծիսակարգի շուրջ, սակայն տօնին հետ սերտաճած են ժողովրդական սովորոյթներ, որոնք որոշ ընդհանրութիւններ ունին հայկական շատ մը շրջանակներու մէջ Նոր Տարուան ծիսակատարութիւններուն հետ:
Կաղընտէսի տօնակատարութիւնը կը սկսի նախորդ օրուընէ` Դեկտեմբեր 31-ի ընթրիքի սեղանին շուրջ: Մարաշցի տանտիկինը օրեր առաջ կը սկսի տօնական սեղանի նախապատրաստութիւններուն: Եկեղեցական կանոնացուած սովորութեամբ Ծնունդի նախորդող շաբաթը պահք է եւ Նոր տարուայ տօնն ալ այդ շաբթուան մէջ իյնալով, մարաշցի հայեր խստօրէն կը հետեւին պահքի յատուկ կերակուրներ գործածելու կանոնին, եւ նոյնիսկ Նոր տարուայ տօնին մսեղէն եւ կենդանական ծագում ունեցող մթերքներ չեն ուտեր: Այդ շաբաթ խստօրէն արգիլուած է նաեւ իրիկնամուտին եւ գիշերը որեւէ գործ աշխատիլ, այլապէս` “Քրիստոսը կը նեղուի“:
Նոր տարուան սեղանի զարդն է ըռպէվ շորվոն (անուշապուր)` ծեծածով, սիսեռով եւ ռուպով պատրաստուած ապուրը: Մարաշցի տանտիկինը կը պատրաստէ ձէթով եւ չոր բանջարեղէններով ճաշեր ու աղանդերներ: Այս բոլորին կողքին յատուկ տեղ ունին մառանի մէջ պահ դրուած չոր եւ թարմ մրգերն ու զանազան քաղցրեղէնները` շարոց, բանդակ, պաստեղ, գըրմա, սամսա եւլն:
Մարաշի մէջ այս տօնին բնորոշ համահայկական սովորութիւններէն կարելի է համարել Նոր Տարուայ գիշերը 10-12 տարեկան տղոց շրջայցերը եւ տօնը շնորհաւորելու աւանդոյթը: Ընտանիքին անդամները հազիւ ընթրիքի սեղանին շուրջ բոլորած, կը սկսին “Կաղընտէս“ պտտող տղոց այցելութիւնները: Պատանի տղաք իրենց տան մեծերէն “կաղընտուելէն“, այսինքն` իրենց կաղանդի նուէրները ստանալէն ետք, տանիք կ’ելլեն եւ ուրախ եւ զուարթ ձայներ կ’արձակեն, կանչելով“`Կաղընտէ՜ս, պապուդ քէսէն եէս“:
Այսպէս տանիքէ տանիք ցատկելով տուներու բուխերիկներէն պզտիկ տոպրակ մը կամ քսակ մը պարանով վար իջեցնելով Նոր տարուայ գալուստը կ’աւետեն “Աւետիս“ներ երգելով:
Ծննդեան տօնը կ’ուղեկցուի եկեղեցական եւ ժողովրդական արարողութիւններու յատուկ ծիսակարգով, որ սերտ աղերսներ ունի բուն Հայաստանի գաւառներուն մէջ տարածուած ծէսերուն եւ սովորութիւններուն հետ:
Սուրբ Ծնունդը հայկական տարբեր շրջանակներու մէջ կը կոչուի նաեւ պզտիկ Զատիկ, որ Մարաշի բարբառով հանդէս կու գայ համանման` Պտիկ Զատակ ձեւով:
Կաղընտէսի նման, Ծնունդի տօնակատարութիւնը եւս կը սկսի նախորդ օրուընէ, քանի որ տօնին կը նախորդէր թաթախման երեկոն` խթման գիշերը եւս հայ ընտանիքները կը դիմաւորեն առատ սեղաններու շուրջ: Ծնունդի նախապատրաստութիւնը կը սկսի նախորդ օրուընէ նաեւ այն պատճառով, որ ծիսական ընդունուած կարգով կը լուծուի Ծնունդին նախորդող պահքի շաբաթը` յատուկ հանդիսաւորութեամբ եւ համապատասխան արարողութիւններով:
Ծնունդին նախորդող օրը ընդունուած է կենդանի զենել, յատկապէս հարուստ ընտանիքներ յատուկ այդ օրուան համար խնամուած ոչխար կամ ուլ կը մորթեն եւ անով կը պատրաստեն ծննդեան տօնի մսեղէններով յագեցած կերակուրները:
Ծննդեան տօնի բուն ժողովրդական հանդիսակարգը կը կեդրոնանայ խթման գիշերուայ յատուկ ճաշատեսակներով եւ զանազան խորտիկներով բեռնաւորուած ընթրիքի սեղանին շուրջ: Սովորաբար երեկոյեան ժամերգութենէն վերադառնալով Ծնունդին նախորդող մէկ շաբաթեայ պահքը կը բանան կէս ճօր` մատաղի կամ պարզ մսաջուր խմելով:
Այդ երեկոյ տօնական սեղանը կը զարդարեն մսեղէնները` ոչխարի լիցքը, քիւֆթէի տեսակները` խաշուած կամ սաճի վրայ խորովուած, մէջէվ քիւֆտօ (միջուկով), կշկուռ, նաեւ հում քիւֆտօ, առատ իւղով պատրաստուած բրինձի կամ ծեծածի փիլաւները, վրան` միսի կտորներ, պիստակ եւ նուշ: Սեղանի զարդն են չոր միրգերով, չամիչով եւ ռուպով պատրաստուած խոշապը եւ զանազան անուշեղէնները:
Ընդունուած սովորութեան համաձայն Ծննդեան տօնին տան փոքրերը իրենց գոց սորված քանի մը համար “Աւետիս“ները երգելով նուէրներ կը ստանան իրենց մեծերէն: Տօնի առիթով բոլոր մանուկները նոր պարեգօտ, գդակ, կօշիկ կը հագուին, որ մեծ ուրախութիւն կը պատճառէ անոնց, սովորոյթ մը որ պահպանուած է մինչեւ մեր օրերը եւ Ծննդեան տօն կամ Զատիկ ըսելով կը հասկնանք նաեւ մանուկներու տօն:
Սուրբ Ծննդեան տօնը կը շարունակուի առաւօտեան Սուրբ Պատարագին մասնակցութեամբ, փառաբանութեան երգերով եւ սաղմոսերգութեամբ:
Ժամանակակից հեղինակներ կը մատնանշեն Մարաշի մէջ Կիրակի կամ տօն օրերուն եկեղեցական արարողութեանց ժողովուրդի խուռներամ ներկայութիւնը, նաեւ մարաշցիներու խոր յարգանքն ու ակնածանքը եկեղեցական կանոնացուած տօներուն եւ ծիսական արարողութիւններուն հանդէպ: “Ծնունդի եւ Զատիկի պէս տօներուն,- կը գրէ Գր. Գալուստան,- դպրոցները գոց կ’ըլլային եւ ժողովուրդը մեծ ու պզտիկ, այրեր, կիներ, հարուստ, աղքատ կը լեցուէին եկեղեցիները“:
Մարաշցիներուն յատուկ է նաեւ խիստ պահեցողութիւնը: Ինչպէս կը վկայեն Մարաշի պատմութիւնը արձանագրող հեղինակները, եկեղեցական տօնացոյցով հաստատուած պահքի օրերուն ժողովուրդին մեծ մասը պահք կը պահէ: Նախատօնակներուն կենդանական ծագում ունեցող մթերքներու` միս, իւղ, հաւկիթ եւ կաթնամթերք չգործածելը, երբեմն մէկ, երբեմն երկու-երեք օր ծոմ եւ պահք պահելը, մանաւանդ Զատկին նախորդող քառասունօրեայ պահքը, ինքնին կը վկայէ մարաշցի հայուն կապուածութիւնը եկեղեցական կանոններուն ընդհանրապէս, եւ տօնին իմաստին մասնաւորապէս: Յատուկ օրերու առթիւ նաեւ ծոմ կը պահեն: Ծոմապահութիւնը միաժում կամ անսուաղ կ’ըլլայ: Կանանց մէջ ընդհանրացած է անսուաղ ծոմը, երբ միայն ջուր կը խմեն, տղամարդոց եւ երիտասարդներուն մեծ մասը` շուկայի եւ գործի մարդիկ, սովորաբար միաժում ծոմ կը պահեն` օրը մէկ անգամ ուտելով:
Նոյն պահպանողականութեամբ, ազնիւ հաւատքով ու նուիրումով մարաշցի կինը կը վերաբերի տօնին նախորդ օրը` Շաբաթ երեկոյեան կամ շաբթուան մէջ յատուկ օրերու որոշեալ գործերու նկատմամբ արգելքներուն, յատկապէս լուացք չընելու, մանելու, գործելու սահմանափակումներուն:
Բնորոշ է, որ Մարաշի մէջ եւս տօներու եւ արարողութիւններու շրջանակին մէջ առաւել մեծ դեր վերապահուած է կիներուն, եւ այդ զարմանալի չէ, եթէ նկատի առնենք այն հանգամանքը, որ կինն է օճախը պահպանողն ու ընդհանրապէս տօներու եւ աւանդութիւններու պահպանման եւ փոխանցման ամէնէն կարեւոր օղակը:
Այդուհանդերձ, Մարաշի հայոց տօնականին կը յամենայ դարերու խորերէն եկող եկեղեցական խորհուրդներով եւ ժողովրդական գեղեցիկ աւանդութիւններով: Այժմ ըստ տարբեր հեղինակներու նկարագրութիւններուն, փորձենք ներկայացնել եւ համապատասխան բացատրութիւններ տալ Մարաշի հայոց եկեղեցական եւ աւանդական տօնացոյցին մաս կազմող տօներուն եւ ծէսերուն:
ԶԷՅԹՈՒՆ
Զէյթունցին տօն օրերը կը նշէ յատուկ հանդիսաւորութեամբ, սիրով եւ ջերմեռանդութեամբ: Տօնական օրերը մասնաւոր հմայք մը կ’ունենան եւ բոլորը անխտիր կը մասնակցին ընդհանուր տօնախմբութեան եւ ըլլալով աւանդապաշտ ժողովուրդ, կը յարգեն տօներու հետ կապուած ծէսերն ու սովորութիւնները:
Զէյթունցիի ընտանիքը` նահապետական է. մէկ յարկի տակ կ’ապրին ընտանիքի բոլոր տղաները իրենց ծնողներու, կանանց եւ զաւակներու հետ. ի՜նչ փոյթ, որ տունը փոքր է. տօնական օրերուն բոլորը միասին կը համախմբուին օճախի շուրջ, ճոխ սեղաններով կը դիմաւորեն հիւրերը եւ գիտեն կերուխում ընել, երգել ու պարել:
Դեկտեմբեր 31-ի գիշերը շատ յաճախ ձիւնոտ եւ ցուրտ, սակայն ընտանիքի բոլոր անդամները բուխերիկի շուրջ հաւաքուած ուրախութիւն կ’ընեն. կանայք պատրաստած կ’ըլլան օրուան յատուկ ուտելիքները` ոսպնաթան, տաքապուր, հափուսա, փոշեջուր. մառաններէն կը բերեն չամիչ, ընկոյզ, սուճուխ, պաստեղ, լեպլեպու, նարինջ, նուռ, սերկեւիլ, եւայլն, եւ կը շարեն սուֆրիին (ցածլիկ սեղան) վրայ: Շատ յաճախ տան մեծ հայրիկը կամ մեծ մայրիկը հէքիաթ կը պատմէ: Յանկարծ ծխնելոյզէն տոպրակ մը կը կախուի. Զէյթունի մէջ, ինչպէս հայկական բոլոր շրջաններուն մէջ, Կաղանդի գիշերը 14-18 տարեկան պատանիները քանի մը հոգիէ բաղկացած խումբեր կը կազմեն եւ շրջելով տունէ տուն, իրենց պարկը կը կախեն ծխնելոյզէն եւ տան անդամներէն կաղընտաս (կաղանդչէք, կաղանդի առիթով տրուած նուէր) կ’ուզեն: Զէյթունի տուները շինուած ըլլալով աստիճանաձեւ, մէկուն տանիքը միւսին բակը կը հանդիսանայ. հետեւաբար դիւրին է կրակարանի անցքէն յարաբերիլ տանտէրերու հետ: Տնեցիները կը լեցնեն պարկը սեղանի բարիքներով, երբեմն նաեւ չորս կամ ութ մէթէլիւքնիւց (1 մեթելիք = 0,25 ղուրուշ = 10 փարա) մը կը նուիրեն: Իւրաքանչիւր հայ կը հաւատայ, որ տան բարիքներէն կաղանդչէք տալով, իր տան բարիքները կ’աւելնան: Ուրախութիւնն ու կերուխումը կը շարունակուի մինչեւ կէս գիշեր:
Առտու տան բոլոր անդամները կը շտապեն եկեղեցի տարուայ առաջին պատարագին ներկայ գտնուելու: Վերադարձին կը սկսին իրար շնորհաւորել. մեծահասակները տունը նստած կը սպասեն իրենց զաւակներուն եւ թոռներուն, որոնք հերթաբար կը մօտենան եւ կը շնորհաւորեն զանոնք: Կը շնորհաւորեն եւ կ’օրհնեն նաեւ տան անասունները եւ թռչունները: Ապա այցելելով դրացիներուն կը շարունակեն շնորհաւորանքները:
Սովորութիւն կայ այս առիթով յատուկ այցելել եւ շնորհաւորել քահանան: Իւրաքանչիւր տան մեծ մայրիկը կամ մեծ հարսը աման մը ցորեն, կամ ձաւար, կամ իփմոն-ծեծմոն (եփած-ծեծած) սիսեռ, կամ ձէթով օռուզ ապուր (բրնձապուր), կամ տապկուած հացիկներ, երբեմն ալ հալվօ (հալվա, հրուշակ) վերցնելով կ’երթայ երէցի տունը, ուր հիւրասէր երէցկինը իւրաքանչիւր նոր հիւրը կը դիմաւորէ եւ կը հիւրասիրէ զայն իր պատրաստած ոսպնաթանով եւ տաքապուրով: Մինչ մանուկները հաւաքուելով իրար հետ կը խաղան եւ կը զուարճանան:
Դեկտեմբեր 29-էն մինչեւ Յունուար 5-ը պահքի շրջան է: Յունուարի 5-ին տան բոլոր անդամները պարտաճանաչօրէն կը յաճախեն եկեղեցի մասնակցելու պատարագին եւ Յիսուս Մանուկի Ջրօրհնէքին: Իւրաքանչիւր հաւատացեալ կ’օրհնուի խմելով այդ ջուրէն եւ վերադարձին ամէն ընտանիք իր հետ կը տանի քիչ մը օրհնուած ջուր:
Պահքը կը լուծարեն ճաշակելով չոր նուիկի (վայրի բանջար) տապակայ. այն յիշողութեամբ, որ Յիսուս ծնած ըլլալով մսուրի մէջ, Աստուածածինը իրեն պարուրած է այդ բանջարի տերեւներով: Ապա երեքական գաւաթ կը խմեն իրենց տնական օղիէն եւ կը ճաշակեն մատաղի միսն ու արգանակը, բրինձ-ապուր, ձուածեղ, քամած մածուն, կարագ ու մեղր:
ԵՈԶԿԱՏ
Այս շրջանի հայութիւնը մեծապէս կը կարեւորէ հայկական աւանդական տօներն ու միշտ մեծ շուքով կը նշէ անոնցմէ իւրաքանչիւրը: Այդ տօներն ու ծիսակատարութիւնները յաճախ իւրօրինակ բեմականացումներ են, որոնք իրենց արտաքին ձեւին մէջ կրնան տարբերիլ ըստ գիւղին, քաղաքին կամ գաւառակին աշխարհագրական դիրքին:
Ակամօրը (Նոր Տարի, Կաղանդ) նախաքրիստոնէական տօն է եւ հոս կ՛իշխէ աւանդական դարձած նախապաշարում մը, ըստ որու այդ օրը ինչպէս որ կը սկսի, նոյնպէս ալ տարին կ’ընթանայ: Այդ է պատճառը, որ Եոզկատի շրջանի հայերը ամէն կերպ կը ջանան ուրախ եւ շքեղ անցընել Կաղանդը: Նախ բաղարջ խմորով այլազան խմորեղէններ կը թխեն, որոնցմէ պարտադիր են “խոփը“ եւ “մաճը“, որպէս համապատասխան գիւղատնտեսական աշխատանքներ խորհրդանշող գործիքներու նմանակներ: Բաղարջին խմորը կը թխեն առանց աղի ու իւղի. անոր կու տան կլոր, գաթայի կամ լուսինի ձեւեր, երեսին կը քսեն հում հաւկիթ, իսկ պատառաքաղով ալ նոյն երեսին վրայ կը գծեն զանազան նախշեր: Վերջապէս բաղարջին վրայ կը ցանեն չէօրեկ օթու (սեւ հունտ): Թխող կինը բաղարջներէն մէկուն մէջ անպայման դրամ կը պահէ: Կաղանդի օրը, բախտաւոր կը համարուի այն անձը, որուն բաղարջին մէջէն մետաղադրամը կը յայտնուի: Ի տարբերութիւն սովորական բաղարջի, որ ուտիք-հաս կամ ուտիքի հաց կը կոչուի, Կաղանդի բաղարջը եոզկատցիները պաք-հաս կամ պահքի հաց կ’անուանեն:
Նոր տարուան առաջին առտուն, շատ կանուխ ժամերու, սովորութիւն է որ եոզկատցի հայ կինը ասեղ-դերձան ձեռք առնէ ու քիչ մը հիւսէ: Այս արարողութիւնը կը կոչուի Յուդային աշկը պանել (Յուդային աչքը կարել): Առանց ասոր այն համոզումը կը տիրէ թէ Յուդան կրնայ իրենց ու իրենց ընտանիքին չարիք հասցնել նոր տարուան ընթացքին:
Այս գործողութենէն ետք, դարձեալ կանուխ ժամերու, եոզկատցի երիտասարդ աղջիկներն ու հարսերը կ՛երթան օսկէ ճուր (ոսկի ջուր) բերելու: Այդպէս կը կոչուի հանդիսաւոր այդ օրուան աղբիւրի ջուրը: Ամէն մէկը կը փորձէ առաջինը հասնիլ այնտեղ, քանի որ կը կարծուի թէ այդ օրը աղբիւրէն առաջին ջուր առնողին կուժն է որ պիտի լեցուի հեղուկ ոսկիով: Իրենց հետ կը տանին նաեւ նախորդ օրը պատրաստուած բաղարջները, որպէսզի զանոնք աղբիւրին քով իրարու միջեւ փոխանակեն: Նախապայման է, որ բաղարջներուն փոխանակումը կատարուի առաջին իսկ հանդիպած մարդուն հետ` առանց ընտրութեան: Կիները իրենց հետ կը տանին նաեւ օճախէն մոխիր եւ ամբարէն առնուած բուռ մը գարի, զորս կը թափեն աղբիւրի ակին մէջ ու այսպէս կ’ըսեն.- “Առ քեզի գարին` տուր մեզի բարին
կամ` Առ քեզի քոմուր (մոխիր)` տուր մեզի օմուր (կեանք)“:
Ապա փոխանակուած բաղարջները աղբիւրի ջուրով կը ցօղեն ու կը վերադառնան տուն: Սովորութիւն է նաեւ բաղարջներէն բաժին հանել ընտանի կենդանիներուն` կտորտանքները խառնելով անոնց կերին: Այս երեւոյթին կատակով “Կենդանիներու Զատիկ“ անունը կու տան:
Եոզկատի շրջանի Պուրունքըշլա (Պողազլեանի քազա) հայաբնակ գիւղին մէջ վաղ առաւօտեան աղբիւր այս այցելութիւնը կը շարունակուի խրախճանքով: Հոն կու գան նաեւ տղամարդիկ, ձիւնին վրայ խարոյկ կը վառեն ու մինչեւ արեւածագ կը շարունակուին ծայր առած շուրջպարը, երգն ու ուրախութիւնը: Երբ աղջիկ ու տղայ տուն կը վերադառնան, կը շնորհաւորեն տնեցիներն ու կը ստանան հայրական օրհնութիւնը: Ահա այն ատեն բաղարջը հաւասար չափով կը բաժնուի ընտանիքի անդամներուն միջեւ:
Կաղանդին տեղի կ՛ունենայ նաեւ Մուկերու տօնը: Այսպէս, տան մեծերը` մամիկներն ու տիկինները, տունին տարբեր անկիւններուն մէջ` մուկերու անցքերուն մօտ, սովորական կամ խարկուած ցորեն, գարի եւ կամ ուրիշ հատեղէններ կը ցանեն, որպէսզի մուկերն ալ տօն ընեն եւ տարուան ընթացքին անոնք չար չըլլան իրենց հանդէպ, հագուստեղէնը չկրծոտեն ու հացահատիկը չգողնան:
Եոզկատի սանճաքի Ռումտիկին (ներկայիս Ֆելահիյէ) գիւղաքաղաքին մէջ (Պողազլեանի քազա) Նոր տարիին ամէն մարդ, մանաւանդ այրերը, իրարու տուն այցելութիւններ կու տան ու շնորհաւորանքներ կ՛ընեն: Անոնք իրարու կ՛ըսեն.- “Զինաւոր Նոր տարի, շնորհաւոր Նոր տարի Սիրելիոք, բարեկամոք“:
Ամբողջ օրը այս այցելութիւնները կը շարունակուին եւ տուներէ ներս մարդիկ կը հիւրընկալուին գինիով եւ ճոխ սեղաններով:
Հակառակ տիրող ցուրտ եղանակին, Եոզկատի սանճաքի հայկական բնակավայրերուն մէջ հաւատացեալ ժողովուրդը խուռներամ կ՛ուղղուի եկեղեցի` ներկայ գտնուելու օրուան արարողութիւններուն: Ժամերգութենէն ետք, շրջանի բնակիչները փոխադարձ այցելութիւններ կը կատարեն ու ծննդեան առիթով իրարու բարի մաղթանքներ կը փոխանցեն:
Պոզուք գիւղին մէջ (Չորումի սանճաք), ինչպէս նաեւ հայաբնակ այլ վայրերու մէջ, Ծնունդի երեկոյեան պատանիներ տանիքէ տանիք ու դռնէ դուռ կը շրջին եւ իրենց ձեռքին բռնած տոպրակները նուէրներով կը լեցնեն:
Պուրունքըշլայ գիւղին մէջ Ծնունդի օրը յատկանշական ներկայութիւն մըն է տեղւոյն վարժարանին ուսուցիչին կողմէ ղեկավարուող աշակերտական երգչախումբը: Մօտ քսան հոգիէ կազմուած այս խումբին մանուկները հագուած կ“ըլլան ճերմակ շապիկներ ու գիշերով եւ մինչեւ առտուայ առաջին ժամերը անոնք տունէ տուն կը պտտին, կ՛երգեն կրօնական երգեր ու շարականներ` աւետելով Քրիստոսի ծնունդը: Զիրենք հիւրընկալող գիւղացիները իբրեւ նուէր անոնց կու տան դրամ, ինչպէս նաեւ կարագ, ռուպ, ձաւար:
Այդ օրը Պուրունքըշլայի եկեղեցին նոյնպէս կը յորդի հաւատացեալ բազմութեամբ: Տիրող ցուրտը անտեսելով, բոլորն ալ սովորութիւնը կը յարգեն ու եկեղեցի կը մտնեն իրենց կօշիկները մուտքին ձգած: Ներսը, յատակին, փռուած են գորգեր ու կարպետներ, նստարան ու աթոռ չկան այստեղ: Բոլորը կը նստին ծալլապատիկ: Տղամարդոց յատկացուած տեղը մայր դուռէն դէպի խորան երկարող տարածքն է, մինչ կիները կը բարձրանան վերնատուն:
Ռումտիկինի մէջ Սուրբ Ծնունդի առթիւ ամէն ընտանիք գաթայ եւ բոկեղ-հաց կը պատրաստէ: Գաթային խմորը լաւագոյն ցորենով կը պատրաստուի եւ զայն կը շաղեն աւելցնելով հաւկիթ, իւղ եւ կաթ: Խմորը գունդի վերածելով մէջը առատ խորիս (կամ խորիզ) կը դնեն, կը հարթեցնեն, եզրերը նախշաւոր կը դարձնեն եւ վրան հաւկիթի դեղնուց քսելէ ետք թոնիր կը դնեն: Ինչ կը վերաբերի բոկեղ-հացին, անիկա անխորիս կ’ըլլայ: Այս մէկը թահինով կը պատրաստուի: Խմորին վրայ տեղ-տեղ չամիչ կը դնեն ու ապա թոնիրին մէջ կ’եփեն:
Գաթան եւ բոկեղ-հացը պատրաստելէ ետք, մէջտեղ կը հանեն չամիչ, բոված սիսեռ (լեպլեպու), ընկոյզ, ծիրանի չիր, պաստեղ, ընկոյզի շարոց (սուճուխ) եւ քանի մը տեսակ չոր մրգեղէն:
Պատանիները այս բոլորը գիտնալով, սրածայր կեռ մետաղ մը կը պատրաստեն, ծայրը գունաւոր թաշկինակ մը կը կապեն եւ քանի մը մեթր երկարութեամբ չուանի մը կը միացնեն: Այս պատրաստութեամբ զինուած տղաքը Սուրբ Ծնունդի ճրագալոյցի իրիկունը (խթում) տանիքէ տանիք շրջելով, թաշկինակով կեռ մետաղը իւրաքանչիւր տան բուխերիկէն վար իջեցնելով Սուրբ Ծնունդը կ’աւետեն ու կ’ըսեն.
Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնուեցաւ, աւետիս, կեր գաթաս կախէ:
Տանտիկինը կամ մեծ-մայրը աւետման լուրը առնելնուն պէս կը փութայ բուխերիկէն կախուած թաշկինակը գաթայով եւ չոր մրգեղէնով լեցնելու: Այսպէս, պատանիները ուրախութեամբ կը շարունակեն տանիքէ տանիք պտտիլ եւ օճախներէն Սուրբ Ծննդեան բարիքներ հաւաքել:
Կէս գիշերը հազիւ անցած եկեղեցւոյ կոչնակը կը հնչէ եւ բարեպաշտ ժողովուրդը եկեղեցի կը փութայ: Հոգեւոր արարողութեան աւարտին ժողովուրդը եկեղեցիէն դուրս ելլելով, տունդարձի ճամբուն վրայ զիրար կ’ողջունեն` “Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ“ աւետիսը իրար փոխանցելով:
Տան մեծերը տուն հասնելնէն ետք հիւրասենեակին մէջ կը տեղաւորուին, իսկ տան զաւակները` տղայ, հարս ու աղջիկ, նախ մեծերուն ձեռքը կը համբուրեն, ապա ըստ պատշաճի` նուէրներ կը ստանան: Ըստ ընկալեալ սովորութեան նորահարսերուն դեղին ոսկի կը նուիրեն` կուրծքէն կամ ճակատէն կախելու համար:
Այր մարդիկն ու երիտասարդները իրենց տուներէն դուրս կու գան ու խումբեր կազմած իրար տօն կը շնորհաւորեն: