ՇՆՈՐՀԱՒՈՐ ԱՄԱՆՈՐ…ԵՒ 115-ԱՄԵԱՅ ԱՒԱՆԴ
“ՀԱՅՐԵՆԻՔ“
Տօնական են օրերը:
Նաեւ “Հայրենիք“ի երդիքէն ներս:
Արդարեւ, քանի մը օրէն »Հայրենիք« պիտի թեւակոխէ 115-ամեայ տարեշրջանը:
…Եւ այս առթիւ, տարեշրջանի ընթացքին, աւանդապահին տարեդարձը պիտի
նշուի բազմաթիւ առիթներով, շրջանի զանազան գաղթօճախներէ ներս:
Դժուար է հաւատալ, թէ ցայսօր հակառակ բազմաթիւ արգելքներու, կը հրապարակուի Մեսրոպաշունչ թերթը, իր ելեկտրական կայքէջային տարբերակին կողքին: Առ այդ…երէկ, նաեւ այսօր եւ յատկապէս վաղը, կարելի չէ հրաժարիլ այս կառոյցի գոյութենէն:
Ներկայ օրերուն դիւցազնական նախաձեռնութիւն է, հայերէն թերթ լոյս ընծայելը: Սակայն, ազգային գոյատեւման առաքելութեան մէջ, հայերէն թերթը նոյնքան կարեւոր ազդակ մըն է, որքան դպրոցն ու ծուխը, ի խնդիր ձուլման սպառնալիքի տակ գտնուող եւ օտարութեան մէջ կորսուող գաղութին:
Թէ՛ հրապարակուած օրինակով եւ թէ՛ կայքէջային դրութեամբ աշխատանք կայ կատարելիք:
Մամուլն ու իր ոլորտը նկատի ունենալով կիզակէտ, առաջին հերթին, նկատի կ՛ունենաք հաղորդակցութիւնը, որ ինքնին հակառակ ներկայ արդիականացած միջոցներուն, շարունակ կապուած ու կառչած է լեզուին:
Սփիւռքահայ այլ թերթերու նման, “Հայրենիք“ին պարտականութիւնն է շրջանի գաղթօճախներուն շահերը պաշտպանելու, Հայ Դատի աշխատանքներու գծով, իր քարոզչական աշխատանքը կատարելու, Արցախի, Ջաւախքի,Հայաստանի (…նաեւ Արեւմտահայաստանի) եւ հայութեան ապահովութեան սատարելու եւ անշուշտ ամենէն էականն ու դժուարը` ապագայ սերունդներու հայեցի դաստիարակութեամբ զբաղուելու:
Տեղին է նշել թէ այսօր պայմանները փոխուած են: Փոխուած են նաեւ, առաջնահերութիւններն ու կարիքները, նոյնիսկ մօտեցումներն ու հայեացքները, սակայն հայ մամուլին աշխատանքն ու ստանձնած պարտականութիւնը կը մնան անփոփոխ:
…Եւ դեռ աւելին, հայ թերթը, դաստիարակի, ուղղեցոյց տուող առաջնորդի դերն է որ ստանձնած է եւ պիտի շարունակէ ստանձնել:
Հուսկ…Տօնական օրերուն առթիւ, Շնորհաւոր Ամանոր…եւ 115-ամեայ աւանդ: