Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու նորընտիր Շրջանային Վարչութիւնը, Դեկտեմբեր 14-15-ին, հակառակ աննպաստ օդին, կատարեց իր անդրանիկ լիագումարը, ներկալութեամբ բոլոր անդամներուն.- Վահէ Թանաշեան (Ատենապետ-Ուաշինկթըն), Սարգիս Դարբինեան (Փոխ-ատենապետ – Փրովիտէնս), Արա Իշխանեան (Ատենադպիր-Ֆիլատելֆիա), Պերճ Փափազեան (Գանձապահ-Շիքակօ), Մարք Թորոսեան (Հաշուապահ-Նիւ Ճըրզի), Ռազմիկ Փանոսեան (Մարզական պատասխանատու- Պոսթըն) եւ Արամ Քայսէրեան (Սկաուտական պատասխանատու – Պոսթըն):
Ներկայ էր նաեւ Կեդրոնական Վարչութեան լիազօր ներկայացուցիչ` Հրաչ Մեսրոպեան: Այս լիագումարին, քննուեցան զանազան հարցեր, որոնց կարգին շրջանի 24-րդ Նաւասարդեան խաղերը, որոնք տեղի պիտի ունենան Նիւ Եորքի մէջ, նաեւ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.-ական բանակումը, որ տեղի պիտի ունենայ 2014-ի ամրան, Հայաստանի մէջ:
Նշենք թէ, այս մարմինը ընտրուած էր, անցեալ Նոյեմբերին, Պոսթընի մէջ 38-րդ Շրջանային Ներկայացուցչական Ժողովի ընթացքին: