ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
“Կեանքը, որ ձգեցինք մեր ետին, կեանքը որ մեզի կը սպասէ մեր առջեւ, որքա՞ն նման պիտի ըլլան իրարու, որքա՞ն տարբեր իրարմէ“:
Վերջերս անակնկալ եւ մեծ ուրախութեամբ Մոնթրէալէն ստացայ հին բարեկամներէս` մտաւորական, հրապարակագիր, հասարակական գործիչ, արձակագիր եւ տարիներու խմբագիր Վրէժ Արմէն Արթինեանի նոր լոյս ընծայած “Իմ Ուղեպատումը“ հատորը, որ թիւ 4ն է ցարդ իր հեղինակած “Ոստայն“ներուն շարքին:
Իր այս նոր երկին մէջ` բաղկացած 320 էջերէ, հեղինակը կը նշէ, թէ հատորը նուիրած է իր երեք թոռներուն` Արինին, Դալարին եւ Սիրաքին:
Տիմիթեաններուն եւ Սիրաք Տէվէճեանին: Կողքի ձեւաւորումը գործն է Էլիզ Պօղոսեան-Մելքոնեանի, առաջին էջի լուսանկարը կը պատկանի Արթօ Գաւաֆեանի, իսկ վերջին էջինը` Արազ Արթինեանի:
Սոյն հրատարակութիւնը հովանաւորած են Համազգայինի Գանատայի Շրջանային վարչութիւնն ու տեղւոյն “Հորիզոն“ շաբաթաթերթը:
Գիրքը, որ միաժամանակ հարուստ է հեղինակին յատուկ անձնական եւ պատմական նկարներով եւ զանազան ազգային դէմքերու եւ ղեկավարներու յղած նամակներու նմոյշներով, լոյս տեսած է Մոնթրէալի Կարօ Նազարեանի “Մելան“ տպարանէն:
Վրէժ Արմէն հատորին սկիզբը երախտագիտական զգացումներու եւ շնորհակալութեան յատուկ խօսքերու էջ յատկացուցած է բոլոր այն հարազատներուն ու բարեկամներուն, որոնք սատարած էին հատորի գաղափարին իրականացման եւ տարածման, որ յետայսու ալ պիտի շարունակեն:
Հատորը սկսած է “Այս Ուղեպատումը“ խորագիրով բացատրողականով մը, որ խորքին մէջ անմեղ արդարացումն է գրական այս երկի ծնունդին, ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ իր իսկ խօսքերով` “Ամբողջ կեանքիս ուղեպատումը կը հանդիսանայ ան, ու կ՛ուզէի, որ ընթերցողը ընկերանալով ինծի, ուղեւորէն աւելի, անոր անցած ուղին յայտնաբերէր հոն“:
Այլ խօսքով, հեղինակ Վրէժ Արմէն իր այս նոր երկին ընդմէջէն, հետաքրքրական պատմումի ձեւով ու խորքով, ներկայացուցած է ծննդավայր Գահիրէէն մինչեւ Մոնթրէալ- Գանատա իր անցած ուղին. կեանքի մը պատմութիւնը, եթէ կ՛ուզէք` անձնական, ընտանեկան, ազգային, ընկերային տարբեր իրադարձութիւններով հարուստ:
Այս երկին մէջ տեղ գտած իւրաքանչիւր էջի գրութիւնը խոր վերլուծումներու չի կարօտիր: Դէմքերու, դէպքերու, մտածումներու եւ զգացումներու հաճելի այս շարանին մէջ հեղինակը հրամցուցած է իր մտահոգութիւնները, յուշերն ու ապրումները, ունեցած սէրերն ու տպաւորութիւնները` հանդէպ իր անմիջական շրջապատին, սկսելով ծննդավայրէն, հասնելով մինչեւ իր նոր գաղթած երկիրը:
Անշուշտ, իբրեւ գլխաւոր հերոս, ինք միշտ բարի կը յիշէ իր ծնողքը, իր զաւակներն ու թոռները, իր ուսուցիչներն ու հարազատները, իր ընկերներն ու դասընկերները, իր ղեկավարները, ընտանեկան ու միութենական մթնոլորտը եւ զանոնք ինքնատիպ գրական ոճով, սուր աչքով, դիպուկ խօսքերով, բառի հետաքրքիր ընկալումներով, հաւատարմօրէն ու երախտագիտական զգացումներով, նուրբ ու նոյնքան ալ խորաթափանց` կը յանձնէ ընթերցողին:
Այսպէս.
Իբրեւ բովանդակութիւն, “Այս Ուղեպատումը“էն ետք տակաւին կը հանդիպինք 12 այլ գլուխներու, իրարմէ թէեւ տարբեր, սակայն զիրար ամբողջացնող ու հեղինակի կեանքը ագուցող բաժանումներով:
Երկրորդ բաժինը կը սկսի “Փախուստ դէպի նոր աշխարհ“ խորագիրով, ուր հեղինակը կը ներկայացնէ իր ծննդավայրէն վերջնականապէս մեկնումի կամ բաժանումի որոշումը, ապա Գանատա գաղթելու ծրագիրն ու իրագործումը, եւ այս որոշման վերջնական կայացման շուրջ` ընտանիքի անդամներուն տխուր եւ իրաւ տեսակէտները:
“Նոր բոյն-հին բոյն“ով ան կը յիշէ Գահիրէի իրենց բնակած շէնքի յարկաբաժինն ու հոն` այդ տան պատերէն ներս տիրող հայու կենցաղը, իրենց ընտանիքին մտերիմ հիւրերը, որոնց կարգին էին մեր մեծերէն` Շ. Միսաքեանն ու Ս. Վրացեանը եւ աւելին` նոր բոյն մը կերտելու գաղափարը եւ ապա` իր ամուսնութիւնը:
“Ծառը“ բաժինով կը ներկայացնէ իր ընտանիքի շառաւիղին բացայայտումը. իր ծնողներուն պապենական ինքնութիւնները, Հաճըն եւ Սեբաստիա, մեծ մօրը պատմական թասը եւ անհամար նկարներ, գեղեցիկ շարքով մը ոչ միայն կը տողանցեն, այլ իր իսկ խօսքով` “իր սիրելիները կենդանի կը պահեն իրեն հետ“:
“Ոստայն“ը` իր ազգականներուն, բարեկամներուն, մտերիներուն եւ ընկերներուն յղած կամ ուղղած նամակներով լեցուն բաժին մըն է, ուր կը պարզուի նման բարեկամներու կամ սրտի մօտիկ շրջապատին հետ հաղորդակցելու միակ միջոց “թելը“: Այս խորագիրը դարձած է նաեւ ծնունդը յաջորդական իր երեք հատորներուն, ուր միշտ շեշտաւորուած է վերապրումի իր հետեւեալ գաղափարը. “Ես կեդրոնն եմ այս ոստայնին: Ամէն մարդ` իր ոստայնին: Բայց տէ՞րն ենք անոր, թէ` որսը. հարց կու տայի ես ինծի“:
“Գանատական փորձառութիւն“ը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ հարազատ ներկայացումը իր կեանքի ընտրած աշխատանքի ասպարէզին իր ապրած այս նոր երկիրին մէջ: Գործ փնտռել, գործ գտնել, ուսանիլ, իբրեւ ճարտարապետ գործել եւ աշխատիլ, միաժամանակ չմոռնալով ազգային կեանքին մէջ իր քրտինքը թափել` կու գան ամբողջ այս բաժինին հարազատ ողնասիւնը դառնալու:
“Բնութեան հմայքը“ կը պարզէ իր սէրը հանդէպ բնութեան: “Ծառերը միշտ բան մը ունին ինծի ըսելու“ խօսքը արդէն ինքնին կը պարզէ հեղինակին մեծ սէրը հանդէպ բնութեան: Ասոր կ՛ընկերանան նաեւ Գահիրէի նկատմամբ իր ունեցած հրապոյրը, Սֆինքսը, Մոնթրէալի ձիւնն ու ձմեռը եւ ճիշդ հակառակը, Եգիպտոսի Նեղոսն ու անոր ընկերացող անապատը` իր գովքով ու հմայքով:
“Կրթական հնոցներ“ուն մէջ տեղ գտած են իր յաճախած նախակրթարանը, դպրոցական տարիներու լաւագոյն յիշատակները, իր հին ուսուցիչները, իր դասընկերները եւ իր շրջանաւարտ տարիները: Ապա հայ կեդրոնի կողքին տեղ գտած են նաեւ Մոնթրէալի մէջ ամէնօրեայ վարժարանի մը ստեղծման գաղափարը, անոր ծննդեան յատուկ դիմումները, անոր շինութիւնը, իրականացումը, այս առթիւ ծնած ուրախութիւններն ու յուսախաբութիւնները, նոյն վարժարանին բարգաւաճումը, անոր հին ու նոր կրթական մշակները: Այս բոլորը իրենց հայկականութիւն բուրող կապերով միշտ առնչուած են իր կեանքի օրերուն եւ ժամերուն:
“Գաղափարական հնոցը“ խորագիրը արդէն ինքզինք կը պարզէ եւ աւելին` կու գայ աւելցնելու հեղինակի սիրտին շատ մօտիկ եղող իր տան, դպրոցին, ակումբին հանդէպ ունեցած անհուն սէրն ու յարգանքը: Այս բոլորը, իբրեւ հայ պարկեշտ կուսակցականի` կ՛ամբողջանան “Յուսաբեր“ի շէնքով եւ մանաւանդ` խմբագրատունով:
Մէկ խօսքով գաղափարական կամ կուսակցական մարդու կերտումի ամրոցներու մասին են այս վայրերը, որոնք նաեւ դարձած էին իր իսկ բացատրութեամբ` “այն վայրերը, ուր պիտի ստանայինք մեր ազգային կրթութիւնը“:
“Թարմ մելանի բոյրը“ դպրոցական հունձքին կողքին կը պարզէ նաեւ յօդուածագրութեան վերելքի ապրումը եւ մանաւանդ Գանատայի մէջ “Հորիզոն“ շաբաթաթերթի ծնունդը, իր դժուարութիւններով եւ յաջողութիւններով ագուցուած: Այսպէս, աշակերտական տարիներու “Հունձք“էն ետք, որ պատանեկան տարեգիրքի մը բնոյթը կը կրէր, հեղինակ Վրէժ Արմէն համեստօրէն կը յիշէ երիտասարդ տարիքին իր աշխատակցութիւնը տեղւոյն “Յուսաբեր“ին, իր կապը սփիւռքահայ մամուլին եւ անոնց խմբագիրներուն հետ եւ վերջապէս, Գանատայի “Հորիզոն“ շաբաթաթերթի ծնունդը:
“Համազգայինի հետ“ բաժինով հեղինակը կը յիշէ Գանատա հաստատուած առաջին իսկ օրերէն սկսեալ գրական խմբակ մը կազմելու իր աշխատանքն ու ազգային կեանքին մէջ այս մեծ միութեան առաջնահերթ նկատելը:
Նման բոլոր հայ մշակներու եւ հայութեան ապագայով մտահոգ հայորդիներու, ինքն ալ կ՛ուզէ հայրենիքէն հազարաւոր մղոններ հեռու` “մի կտոր Հայաստան“ ստեղծել իր անմիջական շրջապատէն ներս: Հոս է, որ կը յիշուին “Համազգային“ի ընտանիքէն ներս իր մատուցած ծառայութիւնները եւ այս առթիւ իբրեւ գնահատանք իր ստացած բարձր շքանշանը եւ նոյն այս միութեան բարգաւաճման ի խնդիր իր վատնած ու սպառած ժամերը:
“Կռունկները“ բաժինին մէջ ընդհանրապէս տեղ տրուած է հայրենիքէն Եգիպտոս եւ ապա Գանատա ժամանած կամ յատկապէս հրաւիրուած հայ գրագէտներուն, դասախօսներուն, արուեստագէտներուն, պարախումբերուն ունեցած ելոյթներուն տպաւորութիւններն ու ազդեցութիւնները:
Նման նախաձեռնութիւններ առիթ ընծայած են, որ հեղինակը վերապրի իր հայրենիքով: Սակայն, իր իսկ խոստովանութեամբ` “Հայաստանը, այն Հայաստանը, որ կ՛երազէինք, անկատար տենչ մը մնաց մեզի համար“:
Հատորի վերջին “Եւ դեռ…“ բաժինով Վրէժ Արմէն կը պարզէ իր ապրած գաղութէն ներս գրական կամ գեղարուեստական ամէն տեսակի ձեռնարկներէն չբացակայելու իր որոշումը, իր մուսային հետ մտերմիկ զրոյցը, հայկական բառարան մը կազմելու իր երազը եւ հայրենիքը ամրակուռ եւ հաստատ տեսնելու իր մեծագոյն տենչը:
“Հի՞ւր էք… ոչ ես հիւր չեմ, այլ պարզապէս դուրսն եմ ծնած… եւ այս երկիրն է, որմէ ահա երկրորդ անգամ պիտի բաժնուիմ ակամայ` դարձեալ վերադառնալու վճռակամութեամբ“:
Հատորի վերջին լայն տեղ տրամադրուած է “Օգտագործուած աղբիւրներ“ բաժինին ու նաեւ Յակոբ Խաչիկեանի եւ Կարէն Ա. Սիմոնեանի հեղինակի այս հատորին մասին հասցէագրուած վկայութիւններուն:
Արդ, “Իմ ուղեպատումը“ ընթերցելէ ետք, պէտք է անվարան աւելցնեմ, թէ նոր անուն եւ գրիչ մը չէ Վրէժ Արմէն: Ան իր այս հատորով, գրելու իր մտերմիկ ձեւով ու ոճով եւ մանաւանդ տեսակ մը բոյրով, շունչով, հարուստ ու բիւրեղ արձակով, վարպետօրէն ստեղծած իր միջավայրով, կարկաչող ու կայտառ արեւմտահայերէնով կրկին անգամ կու գար ինծի պարգեւելու հայերէն կարդալու եւ ըմբոշխնելու վայելքը:
Սրտանց կ՛ողջունեմ ծնունդը այս նոր երկին, իր քաղցր ու մտերմիկ էջերուն, գրական դիմագիծին, ուր հերոս հեղինակը իր ճակատագիրին գիտակից վեհանձն, ուժեղ, չարքաշ եւ ազնուագոյն զգացումներով, իր կեանքն ու ներաշխարհը ներկայացուցած է, ինչպէս որ ինք ապրած է` հետաքրքրական հասունութեամբ եւ նոյնքան ալ իրապաշտ աւանդով:
Միայն յարգանք եւ ակնածանք` Վրէժ Արմէն: Գրիչդ դալար: