ԳՐԱ­ԽՕ­ՍԱ­ԿԱՆ ԶԱ­ՐԵՀ ԱՐՔ. ԱԶ­ՆԱ­ՒՈՐ­ԵԱ­ՆԻ “ՄԵԿ­ՆՈՒ­ԹԻՒՆ ՀԱՅ ԵԿԵ­ՂԵՑ­ՒՈՅ ՀԱ­ՒԱՏ­ՔԻ“ ԳԻՐ­ՔԻՆ

0 0
Read Time:5 Minute, 26 Second

P12 Havadamk Cover (2)  Նիկ­ի­ա­կան Հան­գա­նա­կը (Հա­ւա­տամ­քը) քրիս­տոն­եայ հա­ւատ­քին հիմ­նա­կան խոս­տո­վա­նու­թիւնն է, որ ըն­դուն­ուած եւ յայ­տա­րար­ուած է բո­լոր առա­քե­լա­կան եկե­ղե­ցի­նե­րուն կող­մէ: Անոր առա­ջին բա­նա­ձե­ւու­մը որ­դեգր­ուած է Նիկ­իոյ Տի­ե­զե­րա­կան Առա­ջին Ժո­ղո­վին, 325-ին, երբ Եկե­ղեց­ւոյ 318 Հայ­րե­րը հա­ւաք­ուած էին Նիկ­իոյ մէջ, հրա­ւէ­րո­վը Կոս­տանդ­ի­ա­նոս Կայ­սեր, Արի­ո­սա­կան հե­րե­տի­կո­սու­թեան վտան­գին առաջ­քը առ­նե­լու հա­մար: Արի­ոս Ալեք­սանդ­րա­ցին կը յայ­տա­րա­րէր, թէ Աս­տու­ծոյ Որ­դին ստեղ­ուած արա­րած մըն է, ուս­տի հա­ւա­սար չէ Հօր Աս­տու­ծոյ: Նիկ­իոյ Հայ­րե­րը, որոնց­մէ մէկն էր Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րի­չի որ­դին` Արիս­տա­կէ­սը, դա­տա­պար­տե­ցին Արի­ո­սի տե­սու­թիւնը եւ յայ­տա­րա­րե­ցին թէ Յի­սուս Քրիս­տոս` Աս­տու­ծոյ Որ­դին, Հօ­րը մի­եւ­նոյն բնու­թե­նէն եւ էու­թե­նէն է: Հե­տա­գա­յին, երբ վէճ ծա­գե­ցաւ Սուրբ Հոգի­ին բնու­թեան մա­սին ալ, Կոս­տանդ­նու­պոլ­սոյ Տի­ե­զե­րա­կան Երկ­րորդ Ժո­ղո­վը, 381-ին, յայ­տա­րա­րեց թէ Սուրբ Հո­գին Եր­րոր­դու­թեան ան­ձե­րէն մէկն է: Ներ­կա­յիս մեր ար­տա­սա­նած Նիկ­ի­ա­կան Հան­գա­նա­կը աստ­ուա­ծա­բա­նա­կան դա­ւա­նու­թեան ամ­բող­ջու­թիւնն է, ինչ որ բա­նա­ձեւ­ուած է Տի­ե­զե­րա­կան առա­ջին եր­կու ժո­ղով­նե­րու ըն­թաց­քին:

Նկա­տի ու­նե­նա­լով “Հա­ւա­տամք“ին կա­րե­ւո­րու­թիւնը քրիս­տոն­եայ հա­ւա­տաց­եա­լին մօտ եւ եկե­ղեց­ւոյ արա­րո­ղա­կար­գին մէջ, ակն­կա­լե­լի է որ եկե­ղեց­ւոյ ան­դամ­նե­րը ու­նե­նան տար­րա­կան հաս­կա­ցո­ղու­թիւնը անոր իմաս­տին եւ նշա­նա­կու­թեան: Դժբա­խա­բար ան­ծա­նօթ ըլ­լա­լով “Հա­ւա­տամք“ին եզ­րա­բա­նու­թեան եւ պատ­մա­կա­նօ­րէն հե­ռու ըլ­լա­լով աստ­ուա­ծա­բա­նա­կան հար­ցե­րէն, շա­տերս չենք հասկ­նար զայն: Խո­րա­պէս երախ­տա­պարտ պէտք է ըլ­լանք հո­գե­լոյս Զա­րեհ Ար­քե­պիս­կո­պոս Ազ­նա­ւոր­եա­նին, որ հա­յե­րէն լե­զուով պատ­րաս­տած է “Հա­ւա­տամք“ին մեկ­նու­թիւնը, որ յստակ եւ հասկ­նա­լի անգ­լե­րէ­նի թարգ­մա­նած է Շանթ Սար­կա­ւագ Գա­զանճ­եա­նը: Ըն­թեր­ցո­ղը շատ բան պի­տի իմա­նայ “Հա­ւա­տամք“ի ու­սու­ցում­նե­րու Սուրբ Գրա­յին աղ­բիւր­նե­րուն մա­սին, “Հա­ւա­տամք“ի զա­նա­զան բա­ժին­նե­րուն աստ­ուա­ծա­բա­նա­կան հի­մունք­նե­րուն ու հաս­տա­տում­նե­րուն, ինչ­պէս նա­եւ բա­ցատ­րու­թիւն­նե­րու ա՛յն տար­բե­ցու­թեանց, որոնք գո­յու­թիւն ու­նին Հայ Եկե­ղեց­ւոյ եւ օտար եկե­ղե­ցի­նե­րու բնա­գիր­նե­րուն մի­ջեւ:

Օրի­նա­կի հա­մար, ըն­թեր­ցո­ղը պի­տի իմա­նայ “Հա­ւա­տամք“ի առա­ջին իսկ տո­ղէն, թէ Հայր Աստ­ուածն է երկն­քի եւ երկ­րի ստեղ­ծի­չը: Ասի­կա ըն­դուն­ուած եւ ան­վի­ճե­լի իրա­կա­նու­թեան մը սո­վո­րա­կան հաս­տա­տու­մը չէ, այլ խո­հա­կան հեր­քու­մը Գնոս­տիկ­եան ու­սու­ցում­նե­րուն, որոնք կը մեր­ժէ­ին թէ ճշմա­րիտ Աստ­ուա­ծը ի՛նք ստեղ­ծած է աշ­խար­հը: Այն­քան ատեն որ Գնոս­տիկ­եան եւ այլ աղանդ­ներ տար­բեր մեկ­նո­ղա­կան ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րով կը շա­րու­նա­կեն գո­յու­թիւն ու­նե­նալ այ­սօր­ուան ժո­ղովր­դա­կան մշա­կոյ­թին մէջ, “Հա­ւա­տամք“ը կը շա­րու­նա­կէ այժ­մէ­ա­կա­նու­թիւն ու­նե­նալ հա­ւա­տաց­եալ քրիս­տոն­եա­յին մօտ:

Գիր­քը կը նե­րա­ռէ հաս­տա­տում­ներ կարգ մը ըն­դուն­ուած սո­վո­րու­թեանց մա­սին, ինչ­պէս երե­խայ տա­րի­քի մկրտու­թիւնը կամ ննջեց­եալ­նե­րու հա­մար կա­տար­ուած աղօթ­քը: Մէկ խօս­քով, “Հա­ւա­տամք“ի մեկ­նու­թեան այս հա­տո­րը կը ծա­ռա­յէ ըլ­լա­լու ամ­բող­ջա­կան, մի­եւ­նոյն ատեն ամ­փոփ ներ­կա­յա­ցում մը Հայ Եկե­ղեց­ւոյ ուղ­ղա­փառ հա­ւատ­քին: Այս հաս­կա­ցո­ղու­թեամբ, անի­կա պի­տի նպաս­տէ թէ՛ հա­ւա­տաց­եա­լին եւ թէ՛ բո­լոր անոնց, որոնք կը փա­փա­քին առա­ւել իմա­ցու­թիւն ու­նե­նալ եկե­ղեց­ւոյ ու­սու­ցում­նե­րուն մա­սին:

“Մեկ­նու­թիւն Հայ Եկե­ղեց­ւոյ Հա­ւա­տամ­քի“ գիր­քը հրա­տա­րակ­ուած է Հա­յաս­տան­եայց Առա­քե­լա­կան Եկե­ղեց­ւոյ Արե­ւել­եան Ազ­գա­յին Առաջ­նոր­դա­րա­նին կող­մէ, հիմն­ուե­լով հո­գե­լոյս Զա­րեհ Ար­քե­պիս­կո­պոս Ազ­նա­ւոր­եա­նի շարք մը դա­սա­խօ­սու­թեանց վրայ, տրուած Կի­լիկ­իոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան Ան­թիլ­ի­ա­սի մայ­րա­վան­քին մէջ: Զա­րեհ Ար­քե­պիս­կո­պոս Սուրբ Գրա­յին տա­ղան­դա­շատ գիտ­նա­կան մըն էր, որ վախ­ճա­նե­ցաւ 2004-ին 57 տա­րե­կան հա­սա­կին մէջ: Այս երկ­լե­զու հա­տո­րի հրա­տա­րա­կու­թիւնը ար­ժէ­քա­ւոր յա­ւե­լում մը կը բե­րէ ուղ­ղա­փառ քրիս­տո­նէ­ու­թեան հա­ւատ­քի սեր­տո­ղու­թեան, այն հա­ւատ­քին, որուն հա­ւա­տա­րիմ մնա­ցած է Հայ Եկե­ղե­ցին:

ՄԱՅՔԸԼ Պ. ՓԱՓԱԶԵԱՆ

Փի­լի­սո­փայու­թեան Փրո­ֆէ­սէ­օր Պէ­րի Քո­լէ­ճին մէջ

Ռո­մա – Ճորճ­իա

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles