ԵՐԵՒԱՆ.- Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 17-ին, Հայաստանի Ազգային ժողովի Հ.Յ.Դ., »Բարգաւաճ Հայաստան«, »Հայ Ազգային Քոնկրէս« եւ »Ժառանգութիւն« խմբակցութիւններու ներկայացուցիչները, գործակցաբար “Ընդդէմ Պարտադիր Կենսաթոշակային Վճարումներու“ նախաձեռնութեան անդամներուն հետ, հաւաքուեցան Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ, եւ կազմակերպեցին բողոքի քայլարշաւ մը դէպի Սահմանադրական Դատարան` “Կուտակային կենսաթոշակներու մասին“ օրէնքի փոփոխութիւնները, մասնաւորաբար` պարտադիր բաղադրիչի կիրարկումը հակասահմանադրական ճանչնալու պահանջով:
Ցոյցէն առաջ, պատգամաւորները հանդէս եկան ելոյթներով: Հայաստանի Ազգային ժողովի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան յայտարարեց, որ Հ.Յ.Դ. մինչեւ վերջ պիտի պայքարի, եւ պիտի դիմէ բոլոր անհրաժեշտ քայլերուն` այդ օրէնքը չեղեալ համարելու համար: “Այս օրէնքը հարուածելու է բոլորի գրպաններին: Սա նաեւ հարուած է մեր ազգային արժեհամակարգին: Մեր երկրի պայմաններում նման օրէնքի կիրառումը անթոյլատրելի է“, շեշտեց ան:
Քայլարշաւի սկիզբը ոստիկանութիւնը փորձեց արգելք հանդիսանալ, մարդոց մուտքը փողոցի բանուկ հատուած, սակայն յետոյ թոյլատրեց, եւ երթը շարունակուեցաւ դէպի Բաղրամեան պողոտայ:
Ցուցարարները բարձրացուցին “Կը պահանջենք“, “Ոչ թալանին“ պաստառները: “Մենք պիտի չարտագաղթենք եւ պիտի պայքարինք հակասահմանադրական օրէնքներուն դէմ“, բարձրախօսով յայտարարեց նախաձեռնութեան անդամներէն մէկը: “Ոչ, ոչ“, “Դէմ ենք“ վանկարկումներով եւ բազմաթիւ պաստառներով մասնակիցները քալեցին դէպի դատարան: Քայլարշաւի մասնակցողները, նաեւ բոլորին կոչ ուղղեցին միանալու իրենց պայքարին, ու թոյլ չտալու իշխանութիւններուն մտնելու իրենց գրպանը եւ վերցնելու իրենց քրտինքով վաստկածը: Սահմանադրական դատարանէն բողոքի ցոյցի մասնակիցներուն դիմաւորեց Սահմանադրական դատարանի աշխատակազմի ղեկավար Առուշան Յակոբեան, որուն պաշտօնապէս յանձնուեցաւ չորս խմբակցութիւններու դիմումը, ինչպէս նաեւ նախաձեռնութեան յայտարարութիւնը, որուն մէջ կը նշուի.-
– Կասեցնել կուտակային կենսաթոշակային համակարգի պարտադիր բաղադրիչի գործադրումը.
– Պարտադրել պատասխանատու մարմիններին շահագրգիռ հասարակական, փորձագիտական միաւորումների ներգրաւմամբ իրականացնել կենսաթոշակային համակարգերի նոր որոշումների (այդ թւում` պարտադիր կուտակային բաղադրիչը հանելու եւ/կամ այլ պայմաններով վերանայելու դէպքում նոր համակարգի) մշակման, կամաւոր կուտակային համակարգը նոր գործիքներով խրախուսելու, կենսաթոշակային համակարգի բարեփոխումներից բխող ռիսկերի նուազեցման կամ չէզոքացման, ինչպէս նաեւ նոր համակարգի վերաբերեալ օրէնսդրութեան` Սահմանադրութեան հետ համապատասխանեցնելու աշխատանքներ.
3. Մշակուած համակարգը ներդնել հանրաքուէի միջոցով` “Հանրաքուէի մասին“ Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքով նախատեսուած գործունէութեան կիրառմամբ“: