ՀԱՅՐԵՆԻՔ
Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց նախարար Ահմէտ Տաւութօղլուի Երեւան այցելութիւնը, անցաւ սպասուածին նման հեզասահ մթնոլորտի մէջ:
Աւարտին, ան բաղաքշանքով արտայայտուեցաւ այս այցելութեան մասին եւ գոհունակութիւն յայտնեց իր գործընկեր` Եդուարդ Նալպանտեանին, յայտնելով թէ ան անկեղծ էր, եւ դեռ քայլ մըն ալ յառաջանալով, ան շեշտեց թէ իր գլխաւոր նպատակն էր, երկխօսութեան համար ամուր հիմքերով միջավայր կառուցելը:
Իւրայատուկ փրոթոքոլային բնոյթ եւ մակարդակ ունեցող այցելութիւն-տեսակցութիւն մըն էր կատարուածը, որ կ՛եզրակացուի այն հաստատումով թէ, բնականաբար Տաւութօղլու երբեք չմտածեց այցելել Ծիծեռնակաբերդ, եւ ընդհակառակը, կարելի եղածին չափ լուսանցքի տակ առաւ Հայոց Ցեղասպանութեան հաստափոր թղթածրարը…եւ անդրադարձաւ ՏԵՂԱՀԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԸ ՄԱՍԻՆ…:
Միշտ ալ հարցը ընդհանրացնելով, եւ Թուրքիա-Հայաստան սահմանէն դուրս գալով, Տաւութօղլու բազմիցս անդրադարձաւ շրջանային իրավիճակին մասին, շարունակ շեշտելով թէ Կովկասի մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման համար, պէտք է որ ամէն ճիգ թափուի եւ յատուկ պայմաններ ստեղծուին: Այս նիւթին առնչութեամբ, Տաւութօղլուի համար, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ բնականոն յարաբերութիւններն են, որոնք կրնան շրջանէն ներս, հանդարտութիւն եւ խաղաղութիւն ստեղծել: Բնականաբար, ան չմանրամասնեց, ո՛չ ալ ծանրացաւ Արցախի հիմնահարցին մասին: Ընդհակառակը, ան մատնանշեց թէ Վրաստանի եւ Աբխազիոյ յարաբերութիւններն ալ նոյնիսկ կախեալ են… Հայ-Ազերի յարաբերութենէն:
Ահաւասիկ, այս էր Անգարայի ներկայացուցիչին “փլաթֆորմ“ը, Կովկասի մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան պայմաններ ստեղծելու համար:
Միեւնոյն ճկունութեամբ եւ ճարպիկութեամբ, Տաւութօղլու վերստին ճանապարհային քարտէսին մասին անդրադարձաւ եւ կարեւորեց հայ-թրքական յարաբերութիւնները, բաղդատական մը կատարելով գերմանացիներու եւ հրեաներու յարաբերութիւններուն հետ:
Հոս ալ, Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց նախարարը, ամենայն յանդգնութեամբ
կարկինը լայն բանալով, արտայայտուեցաւ համասփիւռքեան բնոյթ ունեցող հայ եւ թուրք յարաբերութիւններու, այսինքն սահմաններէն անդի՜ն…զանազան գաղթօճախներէ ներս, Լատին Ամերիկայէն Ովկիանիա, Եւրոպայէն Միացեալ Նահանգներ:
Տաւութօղլու նոյնիսկ ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆ բառն ալ փորձեց աղաւաղել, յայտնելով թէ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ հաւաքական գիտակցութիւնը, պէտք է որ կատարուի »արդար« յիշողութիւն ստեղծելով եւ հիմնուելով հաստատ փաստերու վրայ: