ՔՈՆԿՐԷՍԷՆ ՆԵՐՍ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ԱՐՑԱԽԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԸ

0 0
Read Time:1 Minute, 33 Second

artsakh1 ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Յատուկ հաղորդագրութեամբ մը, Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Քոնկրեսի շէնքին մէջ տեղի ունեցած է Արցախի անկախութեան 22րդ տարեդարձի տօնակատարութիւնը, մասնակցութեամբ Արցախի խորհրդարանի նախագահ Աշոտ Ղուլեանի եւ խումբ մը քոնկրէսականներու, գլխաւորութեամբ` Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութեան յանձնախումբի ատենապետ Էտ Ռոյսի:

Տօնակատարութեան հանդիսավարն էր Ֆրանք Փալոն, որ ողջունեց նահանգային ու դաշնակցային մակարդակի պաշտօնատարները, դիւանագէտները եւ ամերիկահայ համայնքի, Հայաստանի ու Արցախի կառավարութեան ներկայացուցիչները: Փալոն շեշտեց, թէ Արցախի ժողովուրդի ինքնաճանաչման իրաւունքը ամրագրուած է Մ.Ա.Կ.ի ուխտին մէջ:artsakh2

Տպաւորիչ խօսքով մը ելոյթ ունեցաւ նաեւ Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութեան յանձնախումբի ատենապետ Էտ Ռոյս` դատապարտելով Արցախի դէմ Ատրպէյճանի շարունակուող սպառնալիքները եւ ոտնձգութիւնները, ու կոչ ընելով Արցախի տագնապին արդար լուծում մը գտնելու:
Իր կարգին, հայազգի քոնկրեսական Ճեքի Սփիր ցաւ յայտնեց, որ Ատրպէյճանի դեսպանը անգամ մը եւս փորձած է ձախողութեան մատնել Քոնկրէսի շէնքին մէջ տեղի ունեցած եւ Արցախի անկախութեան տօնակատարութեան նուիրուած այս ձեռնարկը, իսկ Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութեան յանձնախումբի անդամ Տէյվիտ Սիսըլին յիշեց Սումկայիթի ու Պաքուի մէջ հայերու դէմ իրագործուած ջարդերը եւ ողջունեց այն իրողութիւնը, որ այս ձեռնարկին ներկայ է նաեւ իր նահանգի` Ռոտ Այլընտի, Հայ Դատի յանձնախումբէն ներկայացուցիչ մը` Անի Հարոյեանը, որ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած էր նահանգին կողմէ Արցախի ճանաչումը ապահովելու աշխատանքին մէջ:
Նաեւ, ելոյթներ ունեցան նաեւ քոնկրէսական Պրետ Շըրմըն ու Միացեալ Նահանգներու մօտ Հայաստանի դեսպան Թաթուլ Մարգարեանն ու Արցախի ներկայացուցիչ` Ռոպերթ Աւետիսեանը: Ներկայ էր նաեւ, Արցախի խորհրդարանի նախագահ Աշոտ Ղուլեանը, որ խօսեցաւ Արցախի տագնապի մանրամասնութեանց մասին` շեշտելով, թէ Արցախի ժողովուրդին ապահովութիւնը կարելի չէ բանակցութեանց նիւթ դարձնել: “Պատրաստ ենք պաշտպանելու մեր ազատութիւնն ու անկախութիւնը, եւ գիտեենք, որ միայն պաշտօնական, ամբողջական ու շինիչ բանակցութիւններով կարելի պիտի ըլլայ տագնապին լուծում մը գտնել“, շեշտեց Ղուլեան:

artsakh3Այս հաւաքին, ներկայ էին նաեւ, Մասաչուսէցի շերիֆ` Փիթըր Գութուճեան եւ Մէյնի նահանգէն իրաւաբան եւ Սումկայիթի ջարդէն փրկուած Աննա Աստուախատուրեան – Թըրքոթ:

“Քոնկրէսը շատ յարմար վայր մըն էր տօնակատարելու Արցախի ժողովուրդի անկախութեան պայքարին ու ժողովրդավարութիւն հաստատելու ջանքերուն յաջողութիւնները` նկատի ունենալով, որ ամերիկեան յեղափոխութեան ժառանգորդներն ենք“, յայտնեց Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles