ՑՈՅՑ` ՄԱՔՍԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԱՆԴԱՄԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԵՒ …ՓՈՒԹԻՆԻ ԴԷՄ

0 0
Read Time:52 Second

putin-demo11  Փութինի այցելութեան եւ Մաքսային միութեան Հայաստանի անդամակցութեան դէմ բողոքի ցոյցեր տեղի ունեցան Երեւանի մէջ:

Ոստիկանները, պատնէշ կազմած, Հիւսիսային պողոտային մէջ փորձեցին կասեցնել ցուցարարներու երթը Ազատութեան հրապարակէն դէպի կառավարութեան շէնք: Տեղի ունեցաւ քաշքշուկ: »Ժառանգութիւն« կուսակցութեան փոխնախագահ Արմէն Մարտիրոսեանի հետ բանակցութիւններէն ետք ոստիկանները համաձայնեցան բանալ ճամբան, որմէ ետք կառավարութեան շէնքին շուրջ նոյնպէս պատնէշ կազմեցին:

Ցուցարարները “Ազատ, անկախ Հայաստան“, “Սերժիկ, հեռացի՛ր“ եւ այլ կոչերով, պաստառներով քալեցին դէպի կառավարութեան շէնք, ուրկէ կը ծրագրէին երթալ դէպի նախագահի նստավայր:

»Ազատութիւն« հրապարակին վրայ ոստիկանները յայտարարեցին, որ ցոյցը ապօրինի է, որովհետեւ իրազեկուած չէ համապատասխան մարմինը` քաղաքապետարանը, հետեւաբար` ապօրինի գործողութիւնները իրենք պէտք է կանխեն:putin-demo12

p2 shaptvan_copy  Ոստիկաններու գործողութիւնները անձամբ կը վերահսկէր Երեւանի ոստիկանապետ Աշոտ Կարապետեան: Ցուցարարները պնդեցին, որ իրենց ցոյցը ինքնաբուխ է, ինչ որ օրէնքով կը թոյլատրուի եւ անոր համար իրազեկում չի նախատեսուիր:

Ոստիկանները Ամիրեան փողոցին մէջ կասեցուցին բողոքի ցոյցի մասնակիցներու երթը կառավարութեան շէնքէն դէպի նախագահի նստավայր:

Իրաւապահները ցուցարարներու ճամբուն վրայ կազմեցին պատնէշ: Ցուցարարները ուղղուեցան դէպի Նալպանտեան փողոց:

Այստեղ եւս անոնց երթը կասեցուեցաւ ոստիկաններու կողմէ, եւ իրաւապահները պատնէշներ կազմեցին երկու կողմերէն:

Ոստիկանութեան լաւատեղեակ աղբիւրներու համաձայն, այս ցոյցերուն առթիւ, ձերբակալուած էին 110 ցուցարարներ:

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles