ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՆ ԸՆԹԱՑՔԻՆ “ԵՐԲԵՔ ՄՏԱԴՐՈՒԹԻՒՆ ՉՈՒՆԻՆՔ ԱՆԴՐԿՈՎԿԱՍԷՆ ՀԵՌԱՆԱԼՈՒ“ ՅԱՅՏՆԵՑ ՌՈՒՍԱՍՏԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀ ՓՈՒԹԻՆ

0 0
Read Time:4 Minute, 47 Second

Serzh-Sargsyan-Vladimr-Putin-1  ԵՐԵՒԱՆ.- Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 2-ին, պաշտօնական այցելութեամբ մը, Հայաստան ժամանեց Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին: Անոր առաջին հանգրուանը, Հայաստանի երկրորդ քաղաք` Գիւմրին էր, ուր ան իր պաշտօնակից Սերժ Սարգսեանի հետ մասնակցեցաւ հայ-ռուսական երրորդ համաժողովին:

Ան իր խօսքին մէջ ընդգծեց այն տնտեսական առաւելութիւնները, զորս Հայաստան պիտի ստանայ Մաքսային միութեան անդամակցութեան շնորհիւ: Ան շեշտեց, որ Ռուսիա պիտի չհեռանայ Անդրկովկասէն եւ աւելի պիտի ամրապնդէ այստեղ իր դիրքերը` հիմնուելով լաւագոյնին վրայ, որ ժառանգուած է իրենց նախնիներէն: Ան աւելցուց, որ Ռուսաստան պիտի հիմնուի նաեւ լաւ յարաբերութիւններու վրայ` շրջանի բոլոր երկիրներուն, որոնց շարքին Հայաստանի հետ:

Խօսելով Հայաստանի եւ Ռուսիոյ համագործակցութեան շրջագիծին մէջ տարբեր մարզերու մէջ արձանագրուած ձեռքբերումներուն մասին` Փութին աւելցուց, որ բազմաթիւ մարզերու մէջ զարգացման համար լայն կարելիութիւններ կը բացուին Հայաստանի համար` յետխորհրդային տարածքին մէջ համարկման հոլովոյթներուն միանալու մտադրութեան հետ: Serzh-Sargsyan-Vladimr-Putin2Նախ եւ առաջ խօսքը կը վերաբերի Մաքսային միութեան, իսկ հեռանկարին մէջ կայ նաեւ Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամակցութիւնը: Փութին ընդգծեց, որ օդակայանէն մինչեւ նիստերու սրահը ճամբուն վրայ իրենց կարճ զրոյցին ընթացքին Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան ըսած է, որ հայաստանցի փորձագէտները եւ տնտեսագէտները ինչպէ՛ս որ անհրաժեշտ է հաշուարկած են բոլոր օգուտները եւ հաւանական առաւելութիւնները` համարկման միութեան շրջագիծին մէջ այս սերտ համագործակցութենէն, եւ կատարած են իրենց ընտրութիւնը: “Ատիկա Հայաստանի ժողովուրդի եւ հայաստանեան ղեկավարութեան գերիշխան ընտրութիւնն է: Բնականաբար, Ռուսաստան ամէն ինչ կը կատարէ Հայաստանի հետ համագործակցութեան աջակցելու համար“, շեշտեց Փութին:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան, խօսք արնելով կարեւոր նկատեց հայ-ռուսական դարաւոր բարեկամութիւնը` նշելով այն  տնտեսական առաւելութիւնները, որ Հայաստանին պիտի ապահովէ Մաքսային միութեան անդամակցութիւնը:

“Ընդամէնը երեք ամիս անցած է Մաքսային միութեան անդամակցելու Հայաստանի մտադրութեան մասին յայտարարութեան պահէն, սակայն արդէն հսկայական աշխատանք կատարուած է: Ընդունուած է Եւրասիական տնտեսական բարձրագոյն խորհուրդի համապատասխան որոշումը: Ստորագրուած է Հայաստանի կառավարութեան եւ Եւրասիական տնտեսական յանձնախումբերու միջեւ յուշագիր մը: Ստեղծուած են 22 աշխատանքային խումբեր, որոնք աշխատանքներ կը տանին անհրաժեշտ նախաձեռնութիւններու եւ օրէնսդրական փոփոխութիւններու նախապատրաստման ուղղութեամբ: Serzh-Sargsyan-Vladimr-Putin-2Այսօր արդէն կարգաւորուած են Հայաստանի նկատմամբ երկկողմանի կարգով շարք մը կարեւոր արտօնութիւններու եւ առաւելութիւններու կիրառման մեքանիզմները, որոնք կը կիրարկուին Մաքսային միութեան երկիրներու միջեւ փոխադարձ յարաբերութիւններուն մէջ“, ըսաւ Սարգսեան, որ անդրադարձաւ նաեւ Հայաստանի մարզերուն եւ Ռուսաստանի շրջաններուն միջեւ համագործակցութեան, ինչպէս նաեւ խօսեցաւ Ա.Պ.Հ.-ի մշակութային մայրաքաղաք հռչակուած Գիւմրիի մէջ կատարուած ձեռնարկներուն մասին:

 

 

Այնուհետեւ երկու նախագահները այցելեցին Գիւմրիի Սուրբ Ամենափրկիչ եկեղեցւոյ կողքին գտնուող 1988 թուականի Սպիտակի աւերիչ երկրաշարժի զոհերու յիշատակին, ինչպէս նաեւ փրկարարներուն եւ Հայաստանին օգնութեան ձեռք երկարած բոլոր պետութիւններուն եւ ժողովուրդներուն նուիրուած յուշակոթողին եւ ծաղկեպսակ զետեղեցին այնտեղ:

Գիւմրիի մէջ նախագահներ Փութին եւ Սարգսեան այցելեցին ռուսական սահմանապահ 102-րդ զօրամասի կեդրոնատեղին:

Երեւանի մէջ, երկու նախագահները ապա այցելեցին Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր եւ ծաղկեպսակ զետեղեցին Մեծ եղեռնի զոհերու յուշարձանին: Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի տուրք մատուցելէ ետք, Վլատիմիր Փութին յուշահամալիրի յիշատակի պուրակին մէջ ջրեց տակաւին 2001 թուականին Հայաստան տուած իր պաշտօնական այցելութեան ժամանակ տնկած եղեւնին:

Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեան երկու  նախագահներուն յանձնեց 1915 թուականի ցեղասպանութենէն փրկուած հայերուն օգնելու համար բարեգործական նպատակներով Փեթրոկրատի մէջ թողարկուած մետալի ոսկիէ կրկնօրինակները:

Ստորեւ նախագահ Սերժ Սարգսեանի Խօսքը` Վլատիմիր Փութինի հետ բանակցութիւններու արդիւնքներու վերաբերեալ.-

Քիչ առաջ մենք աւարտեցինք շատ արգասաբեր բանակցութիւններ, որոնք կայացան Ռուսաստանի նախագահի Հայաստան պետական այցի շրջանակներում:

Բարեկամական եւ վստահութեան մթնոլորտում մենք հանգամանօրէն քննարկեցինք հայռուսական ռազմավարական դաշնակցային գործընկերութեան զարգացման ընթացքը, ապագայի համար նախանշեցինք գլխաւոր ուղենիշերը: Բանակցութիւնների արդիւնքներով ստորագրուեց 12 կարեւորագոյն փաստաթուղթ` քաղաքական, տնտեսական եւ ռազմական համագործակցութեան, միջուկային անվտանգութեան, էներգետիկայի, կրթութեան եւ զբօսաշրջութեան հարցերին վերաբերեալ: Այս համաձայնագրերը կը լրացնեն աւելի քան երկու հարիւր միջպետական պայմանագրեր եւ համաձայնագրեր ընդգրկող մեր յարաբերութիւնների իրաւապայմանագրային բազան: Այս շաբաթ Հայաստանի խորհրդարանը կը վաւերացնի ամռանը ստորագրուած Ռազմատեխնիկական համագործակցութեան զարգացման մասին պայմանագիրը, որը լայն հնարաւորութիւններ է բացում Ռուսաստանի պաշտպանական ձեռնարկութիւններում ներքին գներով սպառազինութեան եւ ռազմական տեխնիկայի ձեռքբերման համար: Դրանից յետոյ երկկողմ կամ ՀԱՊԿ ձեւաչափով այլեւս ոչ մի փաստաթուղթ չի մնայ, որը վաւերացուած չլինի հայկական կողմից:putin SARGSYAN

Մենք ընդգծեցինք միջազգային ասպարէզում գործողութիւնների յետագայ համակարգման եւ սերտ համագործակցութեան կարեւորութիւնը միջպետական յարաբերութիւնների բոլոր ոլորտներում, ներառեալ` քաղաքական, առեւտրատնտեսական, մշակութայինմարդասիրական, ռազմական ոլորտները եւ հաստատեցինքԲարեկամութեան, համագործակցութեան եւ փոխադարձ օգնութեան մասինպայմանագրի ուՀայաստանի Հանրապետութեան եւ Ռուսաստանի Դաշնութեան միջեւ 21րդ դար ուղղուած դաշնակցային փոխգործակցութեան մասինհռչակագրի անսասանութիւնը:

Ես տեղեկացրեցի Ռուսաստանի նախագահին Հայաստանի` Մաքսային միութիւն եւ Բելառուսի, Ղազախստանի ու Ռուսաստանի Միասնական տնտեսական տարածք շուտ մտնելուն նպատակաուղղուած քայլերի մասին: Ռուսաստանի նախագահը հաստատել է այդ գործընթացին ամենայն աջակցութիւն ցուցաբերելու ռուսական կողմի պատրաստակամութիւնը` համապատասխան սոյն թուականի Սեպտեմբերի 3ի մեր Համատեղ յայտարարութեան եւ Եւրասիական տնտեսական բարձրագոյն խորհրդի Հոկտեմբերի 24ի որոշման: Հէնց այդ թեմային էր նուիրուած միջտարածաշրջանային 3րդ համաժողովը, որի բացմանը մենք մասնակցեցինք Գիւմրի քաղաքում:

Ընդգծուել է իր պատասխանատուութեան գօտում անվտանգութեան եւ խաղաղութեան գլխաւոր երաշխաւորը հանդիսացող Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան հիմնարկների զարգացման շարժունութեան պահպանման անհրաժեշտութիւնը: Մենք մտադրութիւն ենք յայտնել ամրապնդել Արագ արձագանգման հաւաքական ուժերի ներուժը եւ գործնական քայլեր ձեռնարկել դրանց զօրաշարժի ենթարկելու, տեղափոխման եւ արդիւնաւէտ օգտագործման մեխանիզմների մշակման համար:

putin 2  Ես տեղեկացրել եմ Ռուսաստանի նախագահին Նոյեմբերի 19ին Վիեննայում կայացած` Ատրպէյճանի նախագահի հետ հանդիպման արդիւնքների մասին եւ շնորհակալութիւն յայտնել ռուսաստանեան կողմին Արցախի հակամարտութեան հարցով Մինսկի խմբում համանախագահութեան ձեւաչափում գործադրած ջանքերի համար: Մենք երկուստէք հաստատել ենք միայն խաղաղ միջոցներով այն կարգաւորելու հակուածութիւնը` մէկ ամբողջականութիւն կազմող` ուժի կամ ուժի սպառնալիքի չկիրառման, ժողովուրդների իրաւահաւասարութեան եւ ինքնորոշման իրաւունքի ու տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքների հիման վրայ:

Մենք պայմանաւորուել ենք շարունակել առեւտրի եւ Հայաստանում ռուսաստանեան ներդրումների կայուն աւելացման, համատեղ ձեռնարկութիւնների ստեղծման, գիտատեխնիկական համագործակցութեան խորացման ուղղութեամբ համատեղ ջանքերը: Առաջնահերթ ուշադրութիւն ենք դարձնելու ատոմային էներգետիկային, տրանսպորտային ենթակառուցուածքի զարգացման հարցերին:

Քննարկել ենք նաեւ տարածաշրջանային անվտանգութեան հարցեր: Այս համատեքստում մենք ողջունում ենք Ժնեւում Իրանի միջուկային ծրագրի վերաբերեալ ձեռքբերուած համաձայնութիւնը, ինչն, անկասկած, կարեւոր քայլ է, որը նպաստում է տարածաշրջանային եւ գլոբալ մակարդակներում կայունութեան եւ անվտանգութեան ամրապնդմանը:

Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահի Պետական այցը կարեւոր նշաձող դարձաւ հայռուսական յարաբերութիւնների նորագոյն պատմութեան մէջ: Մենք պայմանաւորուեցինք շարունակել արդիւնաւէտ շփումները հարցերի ամենալայն շրջանակով: Կը շարունակուի միջկառավարական եւ միջխորհրդարանական յանձնաժողովների, ռազմատեխնիկական համագործակցութեան յանձնաժողովի աշխատանքը: Համոզուած եմ, որ այս օրերին ընթացող միջտարածաշրջանային համաժողովի արդիւնքում ընդլայնուի շփումների աշխարհագրութիւնը մեր մարզերի եւ նահանգների, տեղական ինքնակառավարման մարմինների միջեւ: Մենք պայմանաւորուեցինք խրախուսել եւ աջակցել հումանիտար, գիտական, մշակութային եւ երիտասարդական փոխանակումներն ու հանդիպումները:

Վլադիմիր Վլադիմիրի, մենք պայմանաւորուեցինք Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ռուսաստանի Դաշնութեան միջեւ միջպետական նախագահական խորհրդի ստեղծման մասին եւ մեր աշխատակազմերին յանձնարարեցինք մշակել Խորհրդի աշխատանքները կարգաւորող անհրաժեշտ փաստաթղթերի նախագծերը եւ ներկայացնել դրանք ստորագրման մեր յաջորդ հանդիպման ընթացքում:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles