ՓԱՐԻԶ.- Նոյեմբեր 11-ին, լոյսերու քաղաքի Փեր Լաշէզ գերեզմանատան մէջ, տեղի ունեցաւ յատուկ հաւաք մը, ի յիշատակ 1914-1918 թուականներուն Ֆրանսայի համար զոհուած հայ մարտիկներուն: Ներկայ էին Ֆրանսայի կառավարութեան անդամներ, Փարիզի քաղաքապետը, Ֆրանսահայ նախկին ռազմիկներու ու մարտիկներու միութիւնը եւ տեղւոյն հայ համայնքի ներկայացուցիչներ: Ըստ փաստաթուղթերու` Առաջին համաշխարհային պատերազմի ընթացքին, Ֆրանսայի ռազմադաշտերուն վրայ զոհուած են եօթ հարիւր հայորդիներ:
Այս առթիւ, ծաղիկներ զետեղուեցան հայկական յուշարձանին առջեւ եւ ներկաները իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին, այդ թուականներուն Ֆրանսայի ազատագրման համար զոհուած հայ մարտիկներու յիշատակին: