Ա.Մ.Ն. Արեւելեան շրջանի “Համազգային“ը կը տեղեկացնէ թէ յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով կազմակերպած է “Մինաս եւ Գոհար Թէօլէօլեան“ գրական մրցանակը, միակ տարբերութեամբ, որ այս տարի երկու մրցանակ նկատի առնուած է, մէկը վերապահուած յատուկ հայերէնով գրուած գործերուն, միւսն ալ անգլերէնով լոյս ընծայուած հայութեան մասին գործերու:
Այս մրցանակին կրնան մասնակցիլ Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ բնակող կամ գործող ոեւէ անձ, որ ամէն տեսակի գրական գործ (վէպ. նորավէպ, բանաստեղծութիւն, թատերգութիւն, եւայլն) պատրաստած է:
Կարեւորագոյն պայմաններէն մէկը այն է թէ ներկայացնողը պէտք է, որ ծնունդով հայորդի ըլլայ, կամ ալ ներկայացուած գործը` հայութեան հետ կապ պէտք է որ ունենայ: Իւրաքանչիւր մրցանակակիր պիտի ստանայ $1500:
Դատական կազմը կը բաղկանայ հետեւեալ հինգ անձնաւորութիւններէն.-
Դոկտ. Սիմա Աբրահամեան (Մոնրէալ), Դոկտ. Վարդան Մատթէոսեան (Նիւ Ճըրզի), պրն. Գուրգէն Արզումանեան (Գալիֆորնիա), պրն. Երուանդ Քոչունեան (Գալիֆորնիա) եւ փրոֆ. Խաչիկ Թէօլէօլեան (Քանեթիքէթ):
Մրցանակաբաշխումը տեղի պիտի ունենայ “Համազգային“ի համախմբումին: Կարելի է տպուած գործը յղել հետեւեալ հասցէին.- Hamazkayin Tololyan Prize Committee at 80 Bigelow Ave, Watertown, MA 02472, կամ ալ ելեկ-տրանամակի միջոցաւ PDF ձեւով.-
tololyan-award@hamazkayin-usa.org: Պայմանաժամն է Յունուար 31, 2014:
Նշենք թէ գրական քննադատ Մինաս Թէօլէօլեան տարիներ շարունակ եղած է “Հայրենիք“ի խմբագիր, իսկ իր կողակիցը` Գոհար եղած է հայերէն լեզուի դասատու:
Այս մրցանակը կարելի եղած է իրագործել, շնորհիւ Սան Ֆրանսիսքոյաբնակ տէր եւ տիկին Եդուարդ եւ Վերժին Մսըրլեաններու առատաձեռնութեան: