ՈՒԱԹԸՐԹԱՈՒՆ, Մասս.և Հոկտ. 24, 2013ին, Հայ Մշակոյթի Օրուայ տօնակատարութեան, խանդավառութեամբ իրենց մասնակցութիւնը բերին Սբ. Ստեփանոս Ազգային վարժարանի բոլոր աշակերտները:
Այդ օր երկու երաժշտագէներ` Արա Սարգիսեան եւ Մարթին Յարութիւնեան, աշակերտներուն խօսեցան Կոմիտաս Վարդապետի մասին: Անոնք դաշնակի, տուտուկի եւ սրինգի ընկերակցութեամբ ներկայացուցին Կոմիտասէն քանի մը կտորներ, ինչպէս “Կաքաւիկ“, “Անձրեւ Եկաւ“, “Քելէ Քելէ“ եւ “Երանգի“: Հինգերորդ կարգի աշակերտները անգլերէնով եւ հայերէնով, համակարգիչի գործածութեամբ, ներկայացուցին Մեսրոպ Մաշտոցը, գրերու գիւտը եւ մեր արժէքաւոր մագաղաթները:
Յայտագրի երկրորդ բաժնին մէջ Գ.Դ. եւ Ե. կարգէն կարգ մը աշակերտներ իրենց երաժշտական տաղանդը ներկայացուցին երգով, դաշնակով կամ ջութակով: Աշակերտներու ելոյթէն ետք բեմ բարձրացաւ Հայաստանէն հրաւիրուած 14 տարեկան պատանի ջութակահար Տիանա Ադամեանը, որ հիանալի կատարողութեամբ Կոմիտասէն ներկայացուց “Քելէր Ցոլեր“ եւ “Կռունկ“, իսկ Քրայսլըրէն կարգ մը ջութակի համար գրուած կտորներ: Յայտագիրը վերջ գտաւ հայ մշակոյթի նուիրուած աշակերտներու գործերու ցուցահանդէսով, որուն հրաւիրուած էին բոլոր ծնողները: Այս գործերէն մաս մը կը ներկայացնէր հայկական տօներ կամ աւանդութիւններ, ուրիշներ աշակերտներու ընտանեկան ծառը:
Ձեռնարկը տպաւորիչ էր այն իմաստով, որ բոլորին մէջ վերանորոգեց հայու հպարտութիւնը եւ խանդավառութիւնը հայ արժէքներու հանդէպ, ինչպէս նաեւ ամրապնդեց ու հաստատեց հայ լեզուն եւ մշակոյթը միշտ վառ պահելու դպրոցի առաքելութիւնը ջանքերն ու կորովը: