ՆՇՄԱՐ.- ԽԵ՜ՂՃ ՍԱՆԻՕ…

0 0
Read Time:2 Minute, 24 Second


N 

          Լեհաստանի մայրաքաղաքին` Վարշաւայի մէջ, Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 11-ին բացումը կատարուեցաւ միջազգային խորհրդաժողովի մը, որ համախմբեց կենսոլորտի “հիւանդութեամբ“ տագնապող մասնագէտներ` Մ.Ա.Կ.-ի եւ հզօր ու ոչ-հզօր պետութիւններու ներկայացուցիչներ: Առաջին անգամը չէ, որ նման խորհրդաժողով կը գումարուի, երկիրներու եւ ցամաքամասերու սահմաններ չճանչցող տագնապին լուծում բերելու ձգտող միջազգային համաձայնագիր մը գոյացնելու նպատակով, սակայն այս անգամ, խորհրդաժողովը կը բացուէր այնպիսի պահու մը, երբ աշխարհի աչքերը ուղղուած էին դէպի Ֆիլիփեան կղզիներ, որոնք միայն երկու օր առաջ կրած էին պատմութեան ամէնէն սաստիկ մրրիկին հարուածը: “Հայան“ մրրիկը, որ հարուածը կրող գօտիին մէջ ծանօթ է նաեւ “Եոլանտա“ անունով, օդերեւութաբաններու եւ կենսոլորտի մասնագէտներու կողմէ միաձայնութեամբ հռչակուեցաւ մարդկութիւնը պատուհասող այս տեսակի ցարդ ամէնէն մեծ աղէտը, որ յայտնապէս որոշած է շուքի մէջ ձգել Նիւ Եորքը, Նիւ Օրլիընզը եւ դեռ տարբեր երկրամասեր հարուածած աղէտալի մրրիկները:

Վարշաւայի խորհրդաժողովը չէր կրնար աւելի “նպաստաւոր“ պայմաններու մէջ բացուիլ բոլոր անոնց համար, որոնք տարիներէ ի վեր կ՛ահազանգեն մարդկութեան սպառնացող նման պատուհասներու մասին: Վարշաւան անխուսափելի կերպով դարձած է ահազանգի նորագոյն բեմը, ուր անգամ մը եւս կը շեշտուի, թէ մարդկութիւնը բռնած է “իր նստած ճիւղը սղոցելու“ ճամբան, այս ընթացքով, կենսոլորտային նմանօրինակ աղէտներ պիտի դառնան աւելի յաճախակի եւ աւելի՛ սաստիկ: Իսկ “Հայան“ին հետեւանքներուն հաշուեկշիռը կրնայ շաբաթներ տեւել:

Խորհրդաժողովի բեմէն հնչած ամէնէն սրտառուչ ահազանգը տրուեցաւ նոյնինքն Ֆիլիփեաններու ներկայացուցիչին կողմէ. Նատերեւ Սանիօ (լուսանկարը) մարտահրաւէր ուղղեց աշխարհին, յատկապէս ճարտարարուեստի այն մեծերուն, որոնք կը յամառին կոյր ու խուլ ձեւանալ ահագնացող տագնապին դիմաց, բացարձակապէս նիւթական շահերու հետամտութեան բերումով կ՛աշխատին իրազեկները հաւատացնել, թէ կենսոլորտի ապականումը եւ ջերմացումը կապ չունին նման բնական աղէտներու հետ: Յատկապէս նման շահամոլներուն էին ուղղուած Սանիոյի խօսքերը, երբ փղձկելով կը յայտարարէր, որ ինք կը խօսի անոնց անունով, որոնք այլեւս խօսելու կարողութիւն չունին, որբացած են “Հայան“ին հետեւանքով, կամ կը ճգնին օգնութիւն հասցնելու աղէտեալներուն: Իսկ մարտահրաւէ՞րը: Ան յայտարարեց, որ այդ վայրկեանէն սկսեալ կը դադրի սննդեղէն ընդունելէ, ինչպէս քանի մը օրէ ի վեր կ՛ընէր իր եղբայրը` մրրիկին հարուածը կրող շրջանին մէջ, սպասելով, որ Վարշաւայի խորհրդաժողովը շօշափելի արդիւնքներու հասնի, որդեգրուին հաւաքական ինքնասպանութենէ ետ կանգնելու միջոցառումներ:

Կարելի՞ է չյարգել նման յանդգնութիւն, անձնազոհութիւն, որուն կը ձեռնարկէ ֆիլիփեանցի երիտասարդ մը, ի խնդիր մարդկութեան դիմագրաւած մէկ լուջ տագնապին դարմանումին:

Միւս կողմէ, սակայն, պէտք է նաեւ խղճալ Սանիոյի ու նմաններու, որոնք բարիք կ՛ակնկալեն աշխարհն ու կեանքը միայն նիւթական շահերու ակնոցով դիտողներէ: Խե՜ղճ երիտասարդ. ան հաւանաբար գիտէ, որ քարիւղի, հանքածուխի ճարտարարուեստի վարիչները, լայնատարած անտառներ փճացնողները մազաչափ մ՛իսկ հոգ չեն ըներ ի տես նման աղէտներու պատճառած տասնեակ հազարաւոր զոհերուն, միլիոնաւորներու վնասուելուն, ամբողջ քաղաքներու եւ բնակավայրերու փճացման: Նատերեւ Սանիօ մը եւ անոր պէս հազարաւորներ կրնան բողոքի հացադուլի դիմել, իրենք զիրենք սովամահութեան հասցնել կամ հրապարակներւո վրայ ողջակիզումի դիմել, իսկ ճարտարուեստի վարիչները հաւանաբար քմծիծաղով դիտեն նման “պարզամիտ“ները: Չէ՞ որ խորհրդաժողովին բացումէն առաջ իսկ “մարգարէութիւններ“ կը կատարուէին, թէ Վարշաւան ալ պիտի անցնի Քիոթոյի յաջորդներուն ցանկին, “մեծերը“ պիտի վիժեցնեն համախոհութեան ամէն փորձ:

Իսկ աղէտներու հարուածները կրող զանգուածները ըսելիք չունի՞ն, երբ կը տեսնեն, որ մարդկութեան գլխուն վերեւ մազէ կախուած “Դամոկլեան Սուր“ը հետզհետէ կը ծանրանայ եւ մազը կրնայ չդիմանալ ծանրութեան…

 

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles