Հ.Յ.Դ. ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ԵՒ ՈՒՍԱՆՈՂԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎ

0 0
Read Time:1 Minute, 21 Second

 

youth  Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակը կը տեղեկացնէ, թէ Նոյեմբեր 8-10-ին, Երեւանի Հ.Յ.Դ. “Արամ Մանուկեան“ երիտասարդական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններու ներկայացուցիչներու համահայկական խորհրդաժողովը:

Խորհրդաժողովին մասնակցեցան 17 միութիւններէ 25 ներկայացուցիչներ` Գանատայէն, Ամերիկայի Արեւելեան եւ Արեւմտեան շրջաններէն, Հարաւային Ամերիկայէն, Հոլանտայէն, Անգլիայէն, Ֆրանսայէն, Լիբանանէն, Հիւսիսային եւ Հարաւային Իրանէն, Արցախէն եւ Հայաստանէն: Խորհրդաժողովի աշխատանքներուն մասնակից եղան ՀՅԴ Սուրիոյ երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւնները` համակարգչային »Սքայփ«ի միջոցով: Խորհրդաժողովին մասնակցեցան նաեւ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակին կից Երիտասարդական խորհուրդի անդամներ:

Եռօրեայ նիստերու օրակարգը կ՛ընդգրկէր Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններու անցնող 18 ամիսներու գործունէութեան զեկուցումն ու Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի գործունէութեան զեկուցումը, “Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական հայեցակարգ եւ ռազմավարական նպատակներ“ փաստաթուղթերու ներկայացումը, Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առնչութեամբ համահայկական երիտասարդական տարողութեամբ աշխատանքներու կազմակերպման հարցը, Հայաստանի եւ Արցախի մէջ արտերկրի միութիւններու միջոցով պատանեկան ճամբարներու կազմակերպման արդիւնաւէտութիւնը բարձրացնելու հարցը եւ յառաջիկայ երկու տարուան գործունէութեան համար առաջարկներու ներկայացումը: Խորհրդաժողովին մասնակիցները հետեւեցան Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Դաւիթ Լոքեանի դասախօսութեան.-` “Հայաստանի աշխարհաքաղաքական եւ տնտեսական իրավիճակն ու հեռանկարները“ նիւթով, որմէ ետք տեղի ունեցաւ հարց-պատասխան եւ քննարկում:

Կատարուեցան բազմաթիւ առաջարկներ: Յատուկ շեշտ դրուեցաւ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ աշխատանքները ծաւալելու անհրաժեշտութեան, Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակը միացեալ ջանքերով եւ մեծածաւալ կերպով նշելու հրամայականի եւ իբրեւ պայքարի նոր սկիզբ ընկալելու կարեւորութեան, արտաքին-յարաբերական դաշտին մէջ աւելի ազդեցիկ ներկայութիւն ունենալու, միութիւններու կազմակերպական մակարդակը բարձրացնելու, քաղաքական եւ դաստիարակչական աշխատանքները խորացնելու վրայ:

Ընդգծուեցաւ նմանատիպ խորհրդաժողովներու կարեւորութիւնը` միտքերու եւ փորձառութիւններու փոխանակման, մէկը միւսին դժուարութիւններուն մասին տեղեկանալու, իրար օժանդակելու եւ նոր ծրագիրներու մշակման տեսանկիւնէն:

Խորհրդաժողովը ընթացաւ ընկերական ջերմ մթնոլորտի մէջ եւ փակման խօսքը արտասանեց Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի պատասխանատու Սարգիս Մկրտչեան եւ Երիտասարդական խորհուրդի անդամ Մուրատ Թոփալեան:

 

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles