ՆՈՐ ԹԱ­ՏԵ­ՐԱ­ԳԻՐ ՄԸ ԾՆԱՒ ԻՐ “ՓԵ­ՍԱԴ Ո՞ՒՐ Է“ ԹԱ­ՏԵ­ՐԱ­ԽԱ­ՂՈՎ

0 0
Read Time:5 Minute, 48 Second

taleen The family home of the Keshishians, who are searching for a suitor for their daughter  ՅԱ­ԿՈԲ ՎԱՐ­ԴԻ­ՎԱՌ­ԵԱՆ

 

Ար­դա­րեւ, Նիւ Եոր­քա­հայ գրա­կան-մշա­կու­թա­յին կեան­քը առա­ւել հարս­տա­ցաւ Թա­լին Պա­պայ­եա­նի կա­տա­րած թա­տե­րա­կան գոր­ծով: Այ­լա­պէս ալ ար­դէն Թա­լին վեր­ջին տաս­նամ­եա­կին ծա­նօթ անուն մը դար­ձած էր Պոս­թը­նի Տհը Ար­մինի­ըն Մի­րըրՍփեք­թէյ­թըրի ըն­թեր­ցող­նե­րուն հա­մար, յա­ճա­խա­կի իր լրա­տուու­թիւն­նե­րով ու յօդ­ուած­նե­րով:  Ու­րախ ենք մանա­ւանդ անոր հա­մար որ ան երի­տա­սարդ ուժ մըն է եւ հե­տաքրքր­ուած գրա­կա­նու­թեամբ` այս պա­րա­գա­յին անոր բա­ւա­կա­նին դժուար սե­ռո­վը` թատ­րեր­գու­թեամբ:

Թա­լին լա­ւա­պէս ճանչ­ցած է ամե­րի­կա­հայ ըն­տա­նի­քը:  Հի­նին ազ­գա­յին աւան­դու­թիւն­նե­րուն ամուր կեր­պով կառ­չած մնա­լու բաղ­ձան­քը եւ նոր սե­րուն­դին` իր ըն­կե­րա­յին շրջա­պա­տին յար­մար­ուիլ ու­զե­լու երա­զը:  Եթէ անց­եալ դա­րուն երկ­րէն եկած հա­յուն ցա­ւը կու լա­յին մեր երէ­կի գրող­նե­րը` Բեն­ի­ա­մին Նու­րիկ­եան, Արամ Հայ­կազ, Վա­հէ Հայկ, Սու­րէն Ման­ուէլ­եան ու Յա­կոբ Ասա­տուր­եան, ապա այ­սօր­ուա­նը` Պէյ­րու­թէն, Հա­լէ­պէն ու Թեհ­րա­նէն եկած հա­յա­խօս, հա­յա­շունչ, հա­յատ­րոփ սե­րուն­դին ցաւն է որ կու լայ Թա­լի­նը: Յոյ­սով ենք որ անոր աշ­խա­տան­քը կ՛ըլ­լայ վա­րա­կիչ իր սերն­դա­կից­նե­րուն հա­մար:taleen Koko (played by Aris Hamparsumian), Siroun (played by Katherine Sabbagh) and Medz Mayrig (played by Lori Cinar) play matchmaker to Lara (played by Zarig Baghdadlian)

Ինք ալ հա­սակ առաւ նման ըն­տա­նի­քի մը մէջ:  Աւան­դա­պահ մեծ հօր` կրթա­կան մշակ ու գրչի մարդ` Եր­ուանդ Պա­պայ­եա­նի ու հօր` Ներ­սէ­սի, որ դարձ­եալ լրագ­րու­թեամբ ու խմբագ­րու­թեամբ պա­րա­պած (շրջան մը աշ­խա­տած որ­պէս խմբա­գիր “Մի­րըր“ի խմբագ­րա­տան մէջ):  Աւան­դա­պահ մօր` Հեր­մի­նէի գուր­գու­րան­քին միշտ արժա­նի:  Սա­կայն, միւս բո­լո­րին նման հա­մալ­սա­րան եւ օտար մի­ջա­վայ­րի մէջ իր երի­տա­սար­դու­թիւնը ան­ցու­ցած է ան: Հա­յե­րէ­նը սոր­ված իր տու­նէն ու շա­բա­թօր­եայ Հայ Դպրո­ցէն: Ան ար­ժա­նի է ամէն գնա­հա­տան­քի:

Վե­րա­դառ­նանք թատ­րեր­գու­թեան: Փե­սադ ո՞ւր է ութ­սուն տո­կոս անգ­լե­րէն ու քսան տո­կոս հա­յե­րէն բա­ժին­նե­րով, զորս զի­րար կ՛ամ­բող­ջաց­նեն շատ հե­զա­սահ կեր­պով:  Բեմ բարձ­րա­ցող երի­տա­սարդ­նե­րը ծնունդ են Մի­ջին Արե­ւել­քէն եկած այդ սե­րուն­դին ու հա­ճոյ­քով ալ դի­տե­ցին 250ի մօտ հան­դի­սա­կան­նե­րը ոչ միայն անոնց խա­ղար­կու­թեան այլ նա­եւ խօ­սակ­ցու­թեան, ոճին ու հնչիւ­նա­բա­նու­թեան:  Տա­րօ­րի­նա­կօ­րէն, հա­ւա­սա­րա­պէս յա­ջող եւ անս­խալ երկ­խօ­սու­թիւն մը մնաց խա­ղը մին­չեւ իր աւար­տին հասց­նե­լով:

Գօ­գո­յի (Արիս Համ­բար­ձում­եան) եւ Սի­րու­նի (Քաթ­րին Սապ­պաղ) ըն­տա­նի­քէն ներս է որ կը կա­տար­ուի ներ­կա­յա­ցու­մը:  Իրենց եր­կու զա­ւակ­նե­րը Լա­րա (Զա­րիկ Պաղ­տա­սար­եան) եւ Սա­րօ (Հայկ Մի­նաս­եան), որոնք կ՛ու­զեն իրենց ապա­գայ կեան­քը կա­պել օտա­րի հետ ամուս­նա­նա­լով: Լա­րան կը բե­րէ իր ըն­կե­րը, ամե­րի­կա­ցի տգէտ երի­տա­սարդ մը … որ Հա­յաս­տա­նին ուր ըլ­լա­լը ան­գամ չէ լսած: Մինչ այդ, ծնող­քը իրեն կը ծա­նօ­թաց­նէ հայ ըն­տա­նիք­նե­րու զա­ւակ­ներ, որոնց­մէ ոմանք իրա­պէս ալ եթէ հայ չըլ­լա­յին տուն բեր­ուե­լիք երի­տա­սարդ­ներ չէ­ին: Ի վեր­ջոյ կը հան­դի­պի հայ երի­տա­սար­դի մը եւ կը կա­տար­ուի խօսք­կա­պը, ու ծա­նօթ եր­գիչ Ռո­պերթ Չի­լին­կիր­եան սրա­հէն մուտք գոր­ծե­լով մաս­նա­կից կը դառ­նայ խնճոյ­քին, եր­գե­լով հար­սա­նե­կան երգ մը:

Ոմանք բե­մա­կան փոր­ձա­ռու­թեամբ, ու­րիշ­ներ եր­բեք, սա­կայն սի­րո­ղա­կան թա­տե­րա­խա­ղի մը բո­լոր պայ­ման­նե­րը անոնք լե­ցու­ցած էին:  Գե­ղեց­կօ­րէն կա­հա­ւոր­ուած էր հա­յու տու­նը: Միւս մաս­նա­կից­ներն էին Լո­րի Չի­նար, Ճօ Յով­սէփ­եան, Թան­իա Պաշ, Դանի­էլ Օհան­եան, Րաֆ­ֆի Կիւլ­պէնկ, Սար­գիս Ենի­գոմշ­ու­եան, Սեդ­րակ Ենի­գոմշ­ու­եան, Տանի­էլ­լա Պայ­տար, Դանի­էլ Էքշ­եան, Էնտ­րիւ Սա­կան­տա, Էտ­ուին Պաղ­տա­սար­եան:  Իսկ բե­մին ետին որ­պէս օգ­նա­կան­ներ կ՛աշ­խա­տէ­ին Թա­լին Պաղ­տա­սար­եան, Անուշ Կիւլ­եան ու Անա­հիտ Գաբրի­էլ­եան:  ԹՄՄ Մհեր Մկրտչեան թա­տե­րա­խում­բի բե­մադ­րիչ­նե­րէն‘ Յա­րութ Չաթ­մաճ­եան եղաւ մե­ծա­պէս օգ­տա­կար անոր բե­մադ­րու­թեան աշ­խա­տանք­նե­րուն մէջ:

Ներ­կա­յա­ցու­մը տե­ղի ու­նե­ցաւ Հոկ­տեմ­բեր 26, 2013, Շա­բաթ երե­կոյ­եան Նիւ Եոր­քի The Players Theatre-ին մէջ:

Թա­տե­րա­խա­ղը լե­ցուն է ազ­գա­յին ցա­ւե­րով, ինչ­պէս օրի­նակ` տէր հայ­րը (Դանի­էլ Օհան­եան) կը ներ­կա­յաց­նէ Փո­լը (Անտ­րիւ Սա­կան­տա), որ Ս. Ներ­սէս Աստ­ուա­ծա­բա­նա­կան ճե­մա­րա­նի ու­սա­նող է եւ կ՛ու­զէ հայ հո­գե­ւո­րա­կան ըլ­լալ, առանց բառ մը հա­յե­րէն գիտ­նա­լու:  Ան պի­տի սպա­սար­կէ Հա­յաս­տան­եայց Եկե­ղեց­ւոյ … ու ան­շուշտ, ի վեր­ջոյ այս մար­դոց ձեռք մնա­լով … Հայ­կա­կան Ս. Պա­տա­րագն ալ օր մը անգ­լե­րէ­նի վե­րա­ծել ու­զե­լով:  Թա­լին մա­տը ճիշդ վէր­քին դրած է: Ու այս օրի­նա­կին նման ու­րիշ ազ­գա­յին լուրջ ցա­ւեր ան կու տայ:

Միայն կը մնայ մե­զի շնոր­հա­ւո­րել Թա­լի­նին եւ հոյլ մը մեր երի­տա­սարդ­նե­րուն, որոնք հայ թատ­րո­նին ժա­ռան­գու­թիւնն է որ կը շա­րու­նա­կեն պա­հել այս քա­ղա­քին մէջ:

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles