Հոկտեմբեր 23ին, Երեւան – Ռոստով-Երեւան թռիչքներով, ազդանշանը տրուեցաւ հայրենի օդանաւային նոր ընկերութեան` “Էր Արմինիա“ին:Այս թռիչքը կատարուեցաւ, վարձուած “Պոյինկ 737-500“ տիպի օդանաւով:
Ապրիլ 1, 2013-ին “Արմաւիա“ի սնանկութեան յայտարարութենէն ետք, “Էր Արմինիա“ ընկերութիւնը հայկական օդային առաջին ընկերութիւնն է, որ ճամբորդներ կը փոխադրէ: Ընկերութիւնը պիտի սպասարկէ Երեւանէն` Էքաթէրինպուրկ, Մինուոտի, Վոլկոկրատ, Վորոնէժ, Նիժնի Նովկորոտ թռիչքները:
Դէպի Մոսկուա կանոնաւոր թռիչքները կը կատարուին Հոկտեմբեր 27-էն սկսեալ, օրական երկու անգամ: Ընկերութեան նախագահ Վահան Յարութիւնեանի համաձայն` ընկերութիւնը պիտի օժտուի նաեւ վարձուած “Էրպաս 320“ տիպի օդանաւով մը: Յառաջիկայ տարեշրջանին, ընկերութեան տրամադրութեան տակ պիտի ըլլան վեց օդանաւեր:
Յարութիւնեան յայտնեց, թէ Հայաստանի քաղաքացիական օդուժի ընդհանուր վարչութիւնը, արդէն իսկ անցեալ Յուլիսին, Երեւանէն դէպի Սոչի, Սամարա, Ռոստով, Կրասնոտար եւ Սէնթ Փեթերզպուրկ թռիչքներ ապահովելու արտօնագիր ստացած էր, որոնց իրագործումը պիտի կատարուի Նոյեմբեր 15-էն սկսեալ: “Ձմրան մենք չուերթեր կ՛իրականացնենք տուեալ ուղղութիւններով, սակայն յետագայում մտադիր ենք նոր ուղղութիւններ բանալու“, նշեց Յարութիւնեան:
Հոկտեմբեր 23-ի նիստին Հ.Հ. կառավարութիւնը հաստատած էր “Հայաստանի մէջ մրցունակ եւ շարունակական օդային փոխադրումներու ծառայութիւններու մատուցման ապահովման ծրագիրը“: Խօսքը օդային փոխադրումներու ազատականացման մասին է: Այսուհետեւ ուղեւորափոխադրումներ կրնան իրականացնել այն ընկերութիւնները, որոնք ցանկութիւն կ՛ունենան աշխատիլ Հայաստանի մէջ եւ կը համապատասխանեն սահմանուած չափանիշներուն:
Օդային տարածքի ազատականցման անհրաժեշտութիւն առաջացաւ, երբ ազգային փոխադրող “Արմաւիա“ ընկերութիւնը 1 Ապրիլ 2013-ին յայտարարեց թէ պաշտօնապէս սնանկացած է:
Ըստ մասնագէտներու` Հայաստանը պէտք է երթայ ազատականացման ճանապարհով, որ կը ստեղծէ նոր աշխատատեղեր, ուղեւորափոխադրումները կը դարձնէ յարմարաւէտ, գիները ալ կը նուազին:
Վարչապետ Տիգրան Սարգսեան յայտնեց, թէ “Այս ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող հարցի վերաբերեալ ճիշտ որոշում ընդունելու համար հանրապետութեան նախագահի յանձնարարականով Ազգային մրցունակութեան խորհուրդը պայմանագիր է կնքել աշխարհի ամենայայտնի ընկերութիւններից մէկի` “ՄաքՔենզի“ի հետ, որոնց կողմից արդէն ներկայացուել են մանրակրկիտ հաշուետւութիւններ, վերլուծութիւններ, մշակուել է հայեցակարգ, ըստ որի` Հայաստանը պէտք է ընթանայ ազատականացման ճանապարհով, ինչը խթանելու է համախառն ներքին արդիւնքի աճը, ստեղծելու է նոր աշխատատեղեր, ուղեւորափոխադրումները դարձնելու է յարմարաւէտ, եւ գները նուազելու են“:
Բաց երկինքի քաղաքականութեան ներդրումը զգալի փոփոխութիւն է Հայաստանի ներկայ օդային փոխադրումներու քաղաքականութեան մէջ: Ինչպէս կառավարութեան նիստին նշած էր վարչապետ Սարգսեան, հարցին շուրջ բուռն քննարկումներ, ինչպէս նաեւ իրարամերժ մօտեցումներ եղած էին` խիստ կարգաւորման տարբերակէն մինչեւ առաւելագոյն ազատականացման տարբերակ:
Հոկտեմբեր 23-ին, վարչապետ Սարգսեանի մէկ պատ-ուիրակութիւնը, Պելճիքայի մայրաքաղաք` Պրիւքսէլ փոխադրելով, “Էր Արմինիա“ կատարած էր իր առաջին թռիչքը դէպի Արեւմտեան Եւրոպա:
Կ՛ակնկալուի 20-25 տոկոսով ուղեւորներու քանակի աճ, ինչպէս նաեւ կը նախատեսուի, որ տոմսերու միջին գիները մօտ 10 տոկոսով նուազին, իսկ որոշակի ուղղութիւններով գիներու առաւել մեծ նուազում կը նախատեսուի:
Մարտ 18, 2013-ին գործունէութեան սկսած “Էր Արմինիա“ն, հայկական օդային փոխադրութեան ասպարէզ մուտք գործած էր բեռնատար “չարթըր“ թռիչքներով, դէպի Անկախ Պետութիւններու Հասարակապետութեան երկիրներ, Եւրոպա, Մերձաւոր Արեւելք, Ասիա եւ Ափրիկէ: Այս ընկերութեան “Անթոնով“ բեռնատար օդանաւներով, ամիսներ առաջ սնունդ ուղղարկուած էր Հալէպ: