ԵՐԱԺՇ­ՏԱ­ԿԱՆ.- ՀԱՅ­ԿԱ­ԿԱՆ ՆՈՐ ՁԱՅ­ՆԱԳ­ՐՈՒ­ԹԵԱՆ ՀԱ­ՄԱ­ԿԱՐ­ԳԻ ՀԻՄ­ՆԱ­ԴԻՐ` ՀԱՄ­ԲԱՐ­ՁՈՒՄ ԼԻ­ՄՈՆՃ­ԵԱ­ՆԻ ԿԵԱՆՔՆ ՈՒ ԳՈՐ­ԾԸ

0 0
Read Time:4 Minute, 2 Second

131  ԱՐ­ՍԷՆ ՍԱՅ­ԵԱՆ

 

Շա­րու­նա­կե­լով մեր ակ­նար­կը հայ­կա­կան նոր ձայ­նագ­րու­թեան հա­մա­կար­գի հիմ­նա­դիր Համ­բար­ձում Լի­մոնճ­եա­նի կեան­քի ու գոր­ծի մա­սին, նշենք որ ըստ Լի­մոնճ­եա­նի հա­մա­կար­գին, հնչիւ­նի բարձ­րու­թիւնը ցոյց տուող եօ­թը հիմ­նա­կան նշան­ներ կան:

Պար­զա­բա­նե­լու հա­մար մեր խօս­քը, անհ­րա­ժեշտ է որ այդ նշան­նե­րը բաղ­դա­տել եւ­րո­պա­կան ձայ­նա­նի­շե­րու հետ:

Այս­տեղ կը շրջան­ցենք կարգ մը զուտ երաժշ­տա­գի­տա­կան տու­եալ­ներ, որոնք յատ­կա­պէս առնչ­ուած են հայ­կա­կան նոր ձայ­նագ­րու­թեան հա­մա­կար­գին հետ, բա­ւա­րար­ուե­լով` ի նկա­տի ու­նե­նալ, որ Լի­մոնճ­եան ձայ­նագ­րու­թեան հա­մա­կար­գը յար­մա­րեց­ուած է ձայ­նա­կան երաժշ­տու­թեան պահ­նաջ­նե­րուն:

Անհ­րա­ժեշտ է ընդգ­ծել որ այդ հա­մա­կար­գը մտած­ուած ու ծրագր­ուած է որ­պէս մի­ա­ձայն երաժշ­տու­թիւն գրե­լու մի­ջոց եւ կի­րա­ռե­լի է գլխա­ւո­րա­բար ձայ­նա­կան երաժշ­տու­թեան հա­մար: Այդ պատ­ճա­ռով ընդ­հա­նուր հնչիւ­նա­ծա­ւա­լի սահ­ման­նե­րը գործ­նա­պէս որոշ­ուած են մարդ­կա­յին ձայ­նի հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րով:

Ինչ կը վե­րա­բե­րի տե­ւո­ղու­թեան նշան­նե­րուն, ապա, այդ նշան­նե­րը կը դրուին եօ­թը հիմ­նա­կան նշան­նե­րէն վեր: Տե­ւո­ղու­թեան նոյն նշան­նե­րը դրուե­լով ձայ­նա­նի­շե­րէն առաջ կամ ետք` ցոյց կու տան լռու­թեան հրա­հանգ` նոյն տե­ւո­ղու­թեամբ:

Համ­բար­ձում Լի­մոնճ­եա­նի կամ` Հայ­կա­կան նոր ձայ­նագ­րու­թեան հա­մա­կար­գը 19ևրդ դա­րու ըն­թաց­քին, որո­շա­պէս կա­տա­րե­լա­գործ­ուե­ցաւ Լի­մոնճ­եա­նի աշա­կերտ­նե­րուն կող­մէ: Այդ հա­մա­կար­գի մշակ­ման ուղ­ղու­թեամբ շօ­շա­փե­լի մաս­նակ­ցու­թիւն ու­նե­ցած է նա­եւ Կո­մի­տաս Վար­դա­պետ:

Նոր հա­մա­կար­գը որոշ դեր կա­տա­րած է, հայ երաժշ­տա­կան մշա­կոյ­թի պատ­մու­թեան ըն­թաց­քին: Հա­մա­կար­գի հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րուն շնոր­հիւ Լի­մոնճ­եանն ու իր աշա­կերտ­նե­րը, մին­չեւ Նի­կո­ղոս Թաշճ­եան, մեծ գործ կա­տա­րած են հայ եկե­ղե­ցա­կան երաժշ­տու­թեան ձայ­նագր­ման եւ կո­րուս­տէ փրկե­լու աս­պա­րէ­զին մէջ:

Հայ հո­գե­ւոր իշ­խա­նու­թեան հա­ւա­նու­թեամբ` հա­մա­կար­գը պաշ­տօ­նա­պէս որ­դեգր­ուած է որ­պէս մաս` հայ­կա­կան դպրոց­նե­րու ծրա­գիր­նե­րուն: Այս ուղ­ղու­թեամբ առանձ­նա­պէս մեծ է Գէ­որգ Դևրդ Կա­թո­ղի­կո­սի վաս­տա­կը, որն օգ­տա­գոր­ծե­լով Նի­կո­ղոս Թաշճ­եա­նի գի­տե­լիք­նե­րը, ձայ­նագ­րել տուած է պա­տա­րա­գի եր­գե­ցո­ղու­թիւնը, ժա­մա­գիր­քը, շա­րա­կան­ներն ու բազ­մա­թիւ այլ հո­գե­ւոր եր­գեր:

Այժմ, հայ հո­գե­ւոր երաժշ­տու­թե­նէն “Ով է որ­պէս“ սրբա­սա­ցու­թիւնը:

Յե­տա­գա­յին, 19ևրդ դա­րու կի­սուն եւ 20-րդ դա­րու սկիզ­բը Լի­մոնճ­եա­նի հա­մա­կար­գով ձայ­նագր­ուած են նա­եւ ժո­ղովր­դա­կան եր­գեր: Այս մար­զին մէջ առանձ­նա­պէս մեծ է Կո­մի­տաս Վար­դա­պե­տի վաս­տա­կը: Ու­սա­նո­ղա­կան տա­րի­նե­րէն սկսեալ, մին­չեւ գի­տակ­ցա­կան կեան­քի վեր­ջին տա­րի­նե­րը, Կո­մի­տասն օգ­տա­գոր­ծած է Լի­մոնճ­եա­նի հա­մա­կար­գը, որ­պէս երաժշ­տա­կան սղագ­րու­թեան իւ­րա­յա­տուկ մի­ջոց` եւ գրի առած է բազ­մա­թիւ ժո­ղովր­դա­կան եր­գեր:

Լի­մոնճ­եա­նի հա­մա­կար­գը իր նշա­նա­կու­թիւնն ու­նե­ցած է նա­եւ` Հայ Իրա­կա­նու­թեան մէջ, յօ­րի­նո­ղա­կան ինք­նու­րոյն ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րու առա­ջին նմոյշ­նե­րու մշակ­ման ուղ­ղու­թեամբ:

Լի­մոնճ­եանն ու­նե­ցած է նա­եւ, հո­գե­ւոր բո­վան­դա­կու­թեամբ` ձայ­նա­կան երաժշ­տու­թեան յա­տուկ յօ­րի­նում­ներ, որոնք դժբախ­տա­բար մե­զի չեն հա­սած:

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles