ՀԱ­ՄԱԶ­ԳԱ­ՅԻՆ ՈՒԱ­ՇԻՆԿ­ԹԸՆ.- ՍԻԼ­ՎԱ ԵՈՒԶ­ՊԱՇ­ԵԱ­ՆԻ ԱՍ­ՄՈՒՆ­ՔԻ ԵՐԵ­ԿՈՅ

0 0
Read Time:3 Minute, 55 Second

yuz  Կազ­մա­կեր­պու­թեամբ Հա­մազ­գա­յի­նի Ուա­շինկ­թը­նի մաս­նա­ճիւ­ղին, Սեպ­տեմ­բեր 27ի երե­կոյ­եան, Ուա­շինկ­թը­նի Հա­յաս­տա­նի դես­պա­նու­թեան յար­կին տակ տե­ղի ու­նե­ցաւ հայ­րե­նի վաս­տա­կա­ւոր աս­մուն­քող` Սիլ­վա Եուզ­պաշ­եա­նի երե­կոն: Մի­ջո­ցա­ռու­մը նուիր­ուած էր Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան ան­կախու­թեան 22 ամ­եա­կին:yuz3

Ի յի­շա­տակ հայ­րե­նի ան­զու­գա­կան դե­րա­սան եւ թա­տե­րա­գիր Սօս Սարգս­եա­նի մահ­ուան, մաս­նա­ճիւ­ղի ան­դամ­նե­րէն ընկ. Լե­ւոն Պալ­եան, յար­գան­քի ու երախ­տա­գի­տու­թեան խօսք ար­տա­սա­նեց Հա­յաս­տա­նի մէջ Հա­մազ­գա­յի­նի հիմ­նա­դիր Սօս Սարգս­եա­նի հաս­ցէ­ին: Լե­ւոն Պալ­եան իր անձ­նա­կան ծա­նօ­թու­թեան ընդ­մէ­ջէն բարձր գնա­հա­տեց Սօս Սարգս­եա­նի ծա­ռա­յու­թիւնը հայ մշա­կոյ­թին մէջ ու Հա­մազ­գա­յի­նի հան­դէպ անոր ու­նե­ցած հա­ւատքն ու նուի­րու­մը: Ներ­կա­նե­րը վայրկ­եան մը յոտն­կայս յար­գե­ցին մեծ վար­պե­տի յի­շա­տա­կը: Սուրբ Խաչ եկե­ղեց­ւոյ հո­վիւ` Տէր Սար­գիս քա­հա­նայ Ագ­թա­ւուք­եան աղօ­թեց նո­րոգ հան­գուց­եալ` Սօս Սարգս­եա­նի հոգի­ին հա­մար: Ապա, Յա­կինթ Դեր­բենճ­եան մաս­նա­ճիւ­ղի անու­նով բա­րի գա­լուստ մաղ­թեց Սիլ­վա Եուզ­պաշ­եա­նին ինչ­պէս նա­եւ իր երախ­տա­գի­տու­թեան խօս­քը փո­խան­ցեց մե­ծա­գոյն դես­պա­նին, որ սի­րա­յօ­ժար տրա­մադ­րեց դես­պա­նու­թեան սրա­հը Հա­մազ­գա­յի­նի մի­ջո­ցառ­ման: Դես­պան Մար­գար­եա­նի անու­նով խօսք առաւ պա­րոն Անդ­րա­նիկ Յով­հան­նէս­եան, որ բարձր դրուա­տեց Եուզ­պաշտ­եա­նի ար­ուես­տի ար­ժէք­նե­րը եւ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց Հա­մազ­գա­յի­նին այս գե­ղե­ցիկ երե­կոն նուի­րե­լու Հա­յաս­տա­նի Ան­կա­խու­թեան տա­րե­դար­ձին: Ձեռ­նար­կին ներ­կայ էր նա­եւ Հա­մազ­գա­յի­նի Արե­ւել­եան շրջա­նի Շրջա­նա­յին Վար­չու­թեան ատե­նա­պետ` ընկ. տոքթ. Տիգ­րան Գա­զանճ­եան:

yu2yuz4  Հռչա­կա­ւոր եւ մե­ծա­նուն աս­մուն­քող` Սիլ­վա Եուզ­պաշ­եան յա­ջոր­դող մէկ ժամ­ուան ըն­թաց­քին, ար­ուես­տա­գէ­տի իր գրա­ւիչ թիւ­թա­կա­նու­թեամբ մագ­նի­սա­ցուց դես­պա­նու­թեան սրա­հը, ուր հան­դի­սա­տէս­նե­րը խո­րա­սուզ­ուե­ցան Հա­մօ Սահ­եա­նի ու Վա­հագն Դաւ­թեա­նի բա­նաս­տեղ­ծա­կան կտոր­նե­րուն մէջ: Եուզ­պաշ­եա­նի հնչեղ ձայ­նը, գրա­ւիչ ար­տա­յայտ­չա­կա­նու­թիւնը ու կեն­դա­նաց­նող աս­մուն­քը պահ մը բո­լո­րին առ­ջեւ վե­րա­կեն­դա­նա­ցուց հայ բա­նաս­տեղ­ծու­թեան մեծ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու տե­սիլ­քը` հան­դէպ հա­յու­թեան ու հայ գրա­կա­նու­թեան: Եուզ­պաշ­եան նա­եւ ներ­կա­նե­րուն հետ բաժ­նեց զոյգ բա­նաս­տեղծ­նե­րու հետ իր ուն­ցած անձ­նա­կան վկա­յու­թիւն­նե­րը, որոնք ու­րա­խու­թեան ու յու­զու­մի յա­ճե­լի խառն պա­հեր ստեղծ­ցին բո­լո­րի մօտ: Աս­մուն­քի երե­կոն իր քաղց­րու­թեան սահ­ման­նե­րը գե­րա­զա­նեց երբ Սիլ­վա Եուզ­պաշ­եան աս­մուն­քեց Ուիլի­ըմ Սա­րոյ­եա­նի գա­րեջ­րա­տան մէջ հան­դի­պած եր­կու հա­յե­րու հատ­ուա­ծը:

Եուզ­պաշ­եա­նի աս­մուն­քի բարձ­րո­րակ ելոյթ­նե­րը ու իր ար­ուես­տա­գէ­տի գե­րա­զան­ցե­լի ներ­կա­յա­ցում­նե­րը ան­մո­ռա­նա­լի յի­շա­տա­կի երե­կո­յի վե­րա­ծե­ցին Հա­մազ­գա­յի­նի Ուա­շինկ­թը­նի կազ­մա­կեր­պած այս երե­կոն, ուր­կէ ազ­գա­յին­նե­րը բաժն­ուե­ցան լից­քա­ւոր­ուած հայ մե­ծա­նուն բա­նաս­տեղծ­նե­րու յու­շե­րով ու Սիլ­վա­յի ան­ժա­ման­ցե­լի յի­շա­տակ­նե­րով:

ՀԱ­ՄԱԶ­ԳԱՅ­ՆԱ­ԿԱՆ

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles