ԱՅՍ ԿԻ­ՐԱ­ԿԻ.- ԵՐԵ­ՒԱ­ՆԻ ԱՒԱ­ԳԱՆԻԻ ԸՆՏ­ՐՈՒ­ԹԻՒՆ

0 0
Read Time:19 Minute, 15 Second

 

yerevan-elections2- syranush gevorgian  “Փո­փո­խու­թիւն­ներն սկսուե­լու են Երե­ւա­նից եւ տա­րած­ուե­լու ամ­բողջ Հա­յաս­տա­նում: Այս սկզբուն­քով է առաջ­նորդ­ւում Հ.Յ.Դաշ­նակ­ցու­թիւնը, եւ դա է պատ­ճա­ռը, որ մեր կար­գա­խօսն է` “Երե­ւան` փո­խի՛ր Հա­յաս­տա­նը“, կը յայտ­նէ Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի Հ.Յ.Դ. խմբակ­ցու­թեան քար­տու­ղար եւ Գե­րա­գոյն Մարմ­նի փոխ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Աղ­ուան Վար­դան­եան:

Այս­պէս, այս Կի­րա­կի, Մա­յիս 5-ին պի­տի կա­տար­ուին Երե­ւա­նի Քա­ղա­քա­պե­տու­թեան ընտ­րու­թիւն­նե­րը: Այս գծով, ար­դէն իսկ Մարտ 21-ին, աւար­տած էր, կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու կող­մէ Կեդ­րո­նա­կան ընտ­րա­կան յանձ­նա­խում­բին ցու­ցակ­ներ ներ­կա­յաց­նե­լու ժամ­կէ­տը, եւ ցու­ցակ­ներ ներ­կա­յա­ցու­ցած էին եօթ քա­ղա­քա­կան ու­ժեր` Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տա­կան կու­սակ­ցու­թիւնը, Բար­գա­ւաճ Հա­յաս­տան կու­սակ­ցու­թիւնը, Օրի­նաց եր­կիր կու­սակ­ցու­թիւնը, Հայ Ազ­գա­յին Քոնկ­րէ­սը, Ժա­ռան­գու­թիւն, Առա­քե­լու­թիւն եւ Հ.Յ.Դաշ­նակ­ցու­թիւն կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րը:p2-3 ARF2

Այս գծով, Հ.Յ.Դ., շա­բաթ­նե­րէ ի վեր սկսած էր նա­խընտ­րա­կան աշ­խա­տանք­նե­րուն:

Վեր­ջերս կա­տար­ուե­ցան Նա­խընտ­րա­կան քայ­լար­շաւ­ներ` Երե­ւա­նի զա­նա­զան շրջան­նե­րէ ներս: Այս­պէս, Աւան վար­չա­կան շրջա­նին մէջ կա­տար­ուե­ցաւ քայ­լար­շաւ մը, որ աւար­տե­ցաւ ժո­ղովր­դա­յին հան­դի­պու­մով: Քայ­լար­շա­ւի մաս­նա­կից­նե­րուն հետ էին Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի Հ.Յ.Դ. խմբակ­ցու­թեան պատ­գա­մա­ւոր Արծ­ուիկ Մի­նաս­եան, Հ.Յ.Դ. Հա­յաս­տա­նի Գե­րա­գոյն մար­մի­նի փոխ­ներ­կա­յա­ցու­ցիչ, Երե­ւա­նի աւա­գանիի Հ.Յ.Դ. նա­խընտ­րա­կան ցու­ցա­կին եր­րորդ դիր­քին վրայ գտնուող Ար­սէն Համ­բար­ձում­եան եւ Հ.Յ.Դ. աւա­գանիի ցու­ցա­կի Աւան վար­չա­կան շրջա­նը ներ­կա­յաց­նող ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ:

Քայ­լար­շա­ւի ըն­թաց­քին խում­բին մի­ա­ցաւ նա­եւ Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի Հ.Յ.Դ. խմբակ­ցու­թեան քար­տու­ղար, Հ.Յ.Դ. Հա­յաս­տա­նի Գե­րա­գոյն Մար­մի­նի փոխ­ներ­կա­յա­ցու­ցիչ, Երե­ւա­նի աւա­գանիի Հ.Յ.Դ. նա­խընտ­րա­կան ցու­ցա­կին երկ­րորդ դիր­քին վրայ գտնուող Աղ­ուան Վար­դան­եան: Այս հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին, մաս­նա­կից­նե­րուն ներ­կա­յա­ցու­ցին Երե­ւա­նի ապա­գա­յին հետ կապ­ուած Հ.Յ.Դ.-ի ծրա­գիր­նե­րը, կոչ ուղղ­ուե­ցաւ ան­վա­րան ուղղ­ուե­լու ընտ­րա­տե­ղա­մա­սեր եւ քու­է­ար­կե­լու ի նպաստ ընդ­դի­մու­թեան ու Հ.Յ. Դաշ­նակ­ցու­թեան, որ յա­ջո­ղու­թեան պա­րա­գա­յին Երե­ւա­նի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նին մէջ պի­տի հա­մախմ­բէ բո­լոր ընդ­դի­մա­դիր քա­ղա­քա­կան ու­ժե­րը: Այ­նու­հե­տեւ խօսք առաւ նա­եւ Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի նա­խորդ գու­մար­ման Հ.Յ.Դ. խմբակ­ցու­թեան պատ­գա­մա­ւոր, Աւան հա­մայն­քի բնա­կիչ Ար­տա­շէս Շահ­պազ­եան, որ անդ­րա­դար­ձաւ կու­սակ­ցու­թեան մը մե­նիշ­խա­նու­թեան պատ­ճա­ռով յա­ռա­ջա­ցող մեր­ժե­լի երե­ւոյթ­նե­րուն եւ կեան­քի տար­բեր մար­զե­րուն մէջ հա­մա­տա­րած հան­րա­պե­տա­կա­նաց­ման տխուր իրո­ղու­թեան: “Մա­յիս 5-ին բո­լորս մի­ա­սին պի­տի եր­թանք ընտ­րա­տե­ղա­մա­սեր եւ մեր “ո՛չ“-ը պի­տի ըսենք այս երե­ւոյթ­նե­րուն` մեր ձայ­նը տա­լով Դաշ­նակ­ցու­թեան“, իր խօս­քը աւար­տեց Շահ­պազ­եան:

Նոյն ծի­րին մէջ, Հ.Յ.Դ. հա­մա­մաս­նա­կան ցու­ցա­կի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը, Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի Հ.Յ.Դ. խմբակ­ցու­թեան պատ­գա­մա­ւոր­ներն ու խում­բի ան­դամ­նե­րը, նա­խա­պէս քայ­լար­շաւ կա­տա­րած էին “Կո­մի­տաս“ փո­ղո­ցին վրայ:

Վահան Յովհաննիսեան խօսքի պահուն
Վահան Յովհաննիսեան խօսքի պահուն

Հ.Յ.Դ. Հա­յաս­տա­նի Գե­րա­գոյն մար­մի­նի փոխ­ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Ար­սէն Համ­բար­ձում­եան նշեց, որ ընտ­րու­թիւն­նե­րու նա­խընտ­րա­կան քա­րո­զար­շա­ւի այս հանգր­ուա­նին ըն­թաց­քին Հ.Յ.Դ. քա­րոզ­չա­կան խում­բը նպա­տա­կա­յար­մար գտած է այս ձե­ւով քա­րոզ­չու­թիւն իրա­կա­նաց­նել:

Ան լրագ­րող­նե­րուն յայտ­նեց, որ Հ.Յ.Դ.-ի պա­րա­գա­յին ցայ­սօր քա­րո­զար­շա­ւը ան­ցած է բնա­կա­նոն եւ իրենք դժգո­հե­լու առիթ չու­նին: Իսկ ինչ կը վե­րա­բե­րի ընտ­րու­թիւն­նե­րուն Դաշ­նակ­ցու­թեան ակն­կա­լած առիթ­նե­րուն, Հ.Յ.Դ. Հա­յաս­տա­նի Գե­րա­գոյն Մար­մի­նի փոխ ­ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը ըսաւ, որ դա­տե­լով բա­կա­յին հան­դի­պում­նե­րէն, տուն առ տուն իրա­կա­նա­ցուող քա­րո­զար­շա­ւէն, Դաշ­նակ­ցու­թիւնը բա­ւա­կան լաւ պատ­կեր ստա­ցած է, որ շա­հե­կա­նօ­րէն կը տար­բե­րի այն վի­ճա­կէն, ինչ որ ու­նե­ցած են նա­խորդ տա­րի տե­ղի ու­նե­ցած խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րուն ըն­թաց­քին:

“Մեր գլխա­ւոր նպա­տակն է մեր ծրա­գիր­նե­րը տալ ընտ­րող­նե­րուն, որ­պէս­զի մեր քա­ղա­քա­ցի­նե­րը լի­ար­ժէք պատ­կե­րա­ցում ու­նե­նան մեր ծրա­գիր­նե­րէն` ընտ­րու­թիւն­նե­րէն առաջ: Կը ներ­կա­յաց­նենք ծրագ­րա­յին տար­բե­րու­թիւն­նե­րը միւս ու­ժե­րէն եւ դէ­պի մի­աս­նու­թիւն ձգտող մեր կամ­քը“, նշեց քայ­լար­շա­ւի մաս­նա­կից, Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի Հ.Յ.Դ. խմբակ­ցու­թեան պատ­գա­մա­ւոր Արծ­ուիկ Մի­նաս­եան:

Քայ­լար­շա­ւը, որ սկսած էր “Կո­մի­տաս“ պո­ղո­տա­յին վրայ գտնուող “Երե­ւան Սի­թի“ խա­նու­թին քո­վէն, հա­սաւ մին­չեւ Երե­ւա­նի “Բա­րե­կա­մու­թիւն“ կա­յա­րա­նին քով, ուր Հ.Յ.Դ. ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը փոք­րիկ հան­րա­հա­ւաք-հան­դի­պում ու­նե­ցան քա­ղա­քա­ցի­նե­րուն հետ: Հ.Յ.Դ. քա­րոզ­չա­կան խում­բե­րը քայ­լար­շա­ւի ըն­թաց­քին ան­ցորդ­նե­րուն` քա­ղա­քի բնա­կիչ­նե­րուն շա­րու­նակ բաժ­նե­ցին Հ.Յ.Դ. նա­խընտ­րա­կան ծրա­գիր­նե­րը եւ գրքոյկ­ներ ու կը խնդրէ­ին Դաշ­նակ­ցու­թեան ձայն տալ յա­ռա­ջի­կայ ընտ­րու­թիւն­նե­րուն:

Միւս կող­մէ, Դաւ­թա­շէն վար­չա­կան շրջա­նին մէջ Երե­ւա­նի աւա­գանիի յա­ռա­ջի­կայ ընտ­րու­թիւն­նե­րու քա­րո­զար­շա­ւի շրջա­գի­ծին մէջ բնա­կիչ­նե­րուն հետ հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին Հ.Յ.Դ. Բիւ­րո­յի ան­դամ Վա­հան Յով­հան­

 

 

նիս­եան յայ­տա­րա­րեց, որ այ­սօր Երե­ւա­նի մէջ առ­կայ վի­ճա­կը ուղ­ղա­կի ող­բեր­գա­կան է: Ան նշեց, որ Դաւ­թա­շէ­նի բնա­կիչ­նե­րուն հետ հան­դի­պում­նե­րէն եկած են այն եզ­րա­կա­ցու­թեան, որ այս վար­չա­կան շրջա­նի գլխա­ւոր խնդի­րը փո­խադ­րա­մի­ջոց­ներն են: “Կը թուի, որ կա­մուր­ջը կա­ռուց­ուե­ցաւ եւ Դաւ­թա­շէ­նը շատ մօտ դար­ձաւ կեդ­րո­նին: Սա­կայն այդ մօտ ճամ­բան տա­կա­ւին պէտք է անց­նիլ“, ըսաւ ան, որ հե­տաքրք­րա­կան  բաղ­դա­տու­թիւն մը կա­տա­րեց Երե­ւա­նի եւ Փա­րի­զի ջրա­մա­տա­կա­րա­րում­նե­րուն մի­ջեւ` նշե­լով, որ իր չա­փե­րով Երե­ւան գրե­թէ հա­ւա­սար է Փա­րի­զին, սա­կայն բնակ­չու­թեամբ քա­նի մը ան­գամ կը զի­ջի Ֆրան­սա­յի մայ­րա­քա­ղա­քին: “Օրա­կան Փա­րիզ կը մտնէ նոյն­քան ջուր, որ­քան Երե­ւան, սա­կայն Փա­րի­զի ջրա­մա­տա­կա­րար­ման տե­սան­կիւ­նէն ամէն ինչ կար­գին է, 20-րդ յար­կը ջուր կը հաս­նի, իսկ Երե­ւա­նի մէջ` ոչ: Եթէ դուք կը կար­ծէք, որ անոր հիմ­նա­կան մե­ղա­ւո­րը ջրա­մա­տա­կա­րա­րու­մով զբա­ղող կա­ռոյց­ներն են, ապա կը սխա­լիք: Գլխա­ւոր խնդի­րը վատ տնտե­սա­վա­րումն է“, եզ­րա­կա­ցուց Յով­հան­նիս­եան, ըստ որուն Երե­ւա­նի մէջ աւա­գանիի կա­ռոյ­ցը մին­չեւ այ­սօր ինք­զինք որե­ւէ դրա­կան ձե­ւով չէ դրսե­ւո­րած:

Ան յայտ­նեց, որ ճիշդ չէ այն կար­ծի­քը, թէ Հ.Յ. Դաշ­նակ­ցու­թիւնը ան­պայ­ման կ՛ու­զէ դաշ­նակ­ցա­կան քա­ղա­քա­պետ ու­նե­նալ: Ըստ անոր, ամէ­նէն կա­րե­ւո­րը այն է, որ Մա­յի­ս 5-ին ընդ­դի­մու­թիւնը յաղ­թէ ընտ­րու­թիւն­նե­րուն եւ մի­ա­ւոր­ուե­լով կա­րե­նայ ընտ­րել ընդ­դի­մա­դիր քա­ղա­քա­պետ: Ան աւել­ցուց, որ ներ­կա­յիս գլխա­ւոր խնդի­րը այն է, որ ընդ­դի­մա­դիր բո­լոր ու­ժե­րը կա­րե­նան յաղ­թա­հա­րել Երե­ւա­նի աւա­գա­նի մուտք գոր­ծե­լու հա­մար անհ­րա­ժեշտ շե­մը, բո­լո­րով մի­ա­սին աւե­լի շատ ձայ­ներ ու­նե­նալ, քան իշ­խա­նու­թիւնը: Յով­հան­նիս­եան նա­եւ յայտ­նեց, որ Երե­ւա­նի մէջ ընդ­դի­մու­թիւնը իշ­խա­նու­թեան գա­լով հաշ­ուե­տու պի­տի ըլ­լայ ժո­ղո­վուր­դին առ­ջեւ եւ իրա­կա­նաց­նէ բնա­կա­նոն եւ Երե­ւա­նի զար­գաց­ման միտ­ուած գոր­ծու­նէ­ու­թիւն` բաղ­դատ­մամբ ներ­կայ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն:

Ան նա­եւ շեշ­տեց, որ Հ.Յ.Դաշ­նակ­ցու­թիւնը տա­րի­ներ շա­րու­նակ պայ­քա­րած է, որ­պէս­զի Երե­ւա­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը կազ­մա­ւոր­ուին ընտ­րու­թիւն­նե­րու մի­ջո­ցով: 2005 թուա­կա­նին սահ­մա­նադ­րա­կան բա­րե­փո­խում­նե­րուն իբ­րեւ ար­դիւնք թէ­եւ ատի­կա իրա­կա­նու­թիւն դար­ձաւ, սա­կայն, ըստ Յով­հան­նիս­եա­նի, ան­կէ վի­ճա­կը էա­կա­նօ­րէն չփոխ­ուե­ցաւ, իսկ պատ­ճառն ալ այն էր, որ Երե­ւա­նի աւա­գա­նին կը կազ­մա­ւոր­ուի նոյն ձե­ւով, ինչ­պէս միւս ներ­կա­յա­ցուց­չա­կան մար­մին­նե­րը: Ըստ Վա­հան Յով­հան­նիս­եա­նի, Երե­ւա­նի մէջ դրա­կան փո­փո­խու­թիւն­նե­րու գլխա­ւոր գրա­ւա­կա­նը ընդ­դի­մա­դիր քա­ղա­քա­պե­տի առ­կա­յու­թիւնն է:

Հ.Յ.Դ. Հա­յաս­տա­նի Գե­րա­գոյն մար­մի­նի փոխ­ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Ար­սէն Համ­բար­ձում­եան, վեր­ջերս “Եր­կիր Մետ­իա“ պատ­կե­րաս­փիւ­ռի կա­յա­նի “Երկ­րի հար­ցը“ հա­ղոր­դու­մի շրջա­գի­ծին մէջ նշեց, որ Երե­ւա­նի աւա­գա­նին իր լի­ա­զօ­րու­թիւն­նե­րը չէ կա­տա­րած եւ անոր իբ­րեւ հե­տե­ւանք Երե­ւա­նի պիւտ­ճէն զգա­լի վնաս­ներ կրած է: “Հո­ղե­րու աճուրդ­նե­րը կա­տար­ուած են փակ ըն­թա­ցա­կար­գով: Փակ աճուրդ­նե­րով հո­ղե­րը վա­ճառ­ուած են“, յայտ­նեց ան: Հ.Յ.Դ. Հա­յաս­տա­նի Գե­րա­գոյն մար­մի­նի փոխ­ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը նշեց, որ ըստ վի­ճա­կագ­րա­կան տու­եալ­նե­րու` Երե­ւա­նի կեն­ցա­ղա­յին աղ­բը ամէն տա­րի կը կազ­մէ 200 հա­զար թոն եւ այս աղ­բի տե­ղադր­ման վճար­նե­րը զե­րօ են: “Շատ հե­տաքրք­րա­կան մե­քա­նիզմ աշ­խա­տած է: Երե­ւա­նի աղ­բա­վայ­րի մա­սին եր­կար քննար­կում­նե­րէն ետք եկան ճա­փո­նա­կան ներդ­րող­ներ, այլ մար­դիկ, բայց հար­ցը չլուծ­ուե­ցաւ, քա­նի որ ոմանց ձեռն­տու է այս վի­ճա­կը: Մենք հաշ­ուար­կած ենք եւ բազ­մա­թիւ ձե­ւե­րով կա­րե­լի է բազ­մա­կի աւելց­նել Երե­ւա­նի պիւտ­ճէն“, ընդգ­ծեց Համ­բար­ձում­եան, որ յայտ­նեց, թէ մի­ջոց­նե­րը անար­դիւ­նա­ւէտ ձե­ւով կը ծախս­ուին թէ՛ շի­նա­րա­րու­թեան ու նո­րոգ­ման, թէ՛ կա­նա­չա­պատ­ման ծրա­գիր­նե­րով: Համ­բար­ձում­եան նշեց, որ այս ծա­ռա­տե­սակ­նե­րը կը չոր­նան եւ անոնք Երե­ւա­նի բնակ­լի­մա­յա­կան պայ­ման­նե­րուն հա­մար լաւ չեն: Ան նշեց, որ Դաշ­նակ­ցու­թիւնը ար­դէն կը պատ­րաստ­ուի ներդ­նել պիւտ­ճէի կա­ռա­վար­ման թա­փան­ցիկ, վե­րահս­կող հա­մա­կարգ:

``Երեւանի աւագանիի ընտրութիւնները Հ.Յ.Դաշնակցութեան համար բացառիկ են եւ այդ մասին կը վկայէ նաեւ մեր կարգախօսը: Մեր քարոզարշաւը բաւական յաջող կ՛ընթանայ, իսկ մեր ընտրազանգուածը մեր կողքին է:…Արդէն երկրորդ անգամ ըլ-լալով գործող իշխանութիւնները Երեւանի քաղաքապետի ընտրութիւնը կը վերագ-րեն անձի ընտրութեան եւ ամէնուրեք վախի մթնոլորտ կը տիրէ: Կը շեշտեմ թէ Դաշնակցութեան նախընտրական ծրագիրը կ՛առանձնանայ յատկապէս երկու կէտե-րով.- Առաջին` կ՛առաջարկուի աւագանիի կազմին մէջ ստեղծել յանձնախումբ մը, որ պէտք է վերահսկէ Երեւանի քաղաքի պիւտճէն: Ընդդիմութիւնը պէտք է ղեկավա-րէ այդ յանձնախումբը: Երկրորդ` պէտք է աւագանիին մէջ ընդդիմադիր քաղաքա-կան ուժերու միաւորում ըլլայ եւ միասնական թեկնածուն պէտք է քաղաքապետ դառնայ``, յայտնեց Հայաստանի Ազգային ժողովի նախկին պատգամաւոր Ռուզաննա Առաքելեան, վերջերս լրագրողներուն հետ հանդիպման ընթացքին:
“Երեւանի աւագանիի ընտրութիւնները Հ.Յ.Դաշնակցութեան համար բացառիկ են եւ այդ մասին կը վկայէ նաեւ մեր կարգախօսը: Մեր քարոզարշաւը բաւական յաջող կ՛ընթանայ, իսկ մեր ընտրազանգուածը մեր կողքին է:…Արդէն երկրորդ անգամ ըլ-լալով գործող իշխանութիւնները Երեւանի քաղաքապետի ընտրութիւնը կը վերագ-րեն անձի ընտրութեան եւ ամէնուրեք վախի մթնոլորտ կը տիրէ: Կը շեշտեմ թէ Դաշնակցութեան նախընտրական ծրագիրը կ՛առանձնանայ յատկապէս երկու կէտե-րով.- Առաջին` կ՛առաջարկուի աւագանիի կազմին մէջ ստեղծել յանձնախումբ մը, որ պէտք է վերահսկէ Երեւանի քաղաքի պիւտճէն: Ընդդիմութիւնը պէտք է ղեկավա-րէ այդ յանձնախումբը: Երկրորդ` պէտք է աւագանիին մէջ ընդդիմադիր քաղաքա-կան ուժերու միաւորում ըլլայ եւ միասնական թեկնածուն պէտք է քաղաքապետ դառնայ“, յայտնեց Հայաստանի Ազգային ժողովի նախկին պատգամաւոր Ռուզաննա Առաքելեան, վերջերս լրագրողներուն հետ հանդիպման ընթացքին:

“Կ՛ու­զեմ փաս­տար­կել, թէ ին­չո՛ւ ընդ­դի­մա­դիր քա­ղա­քա­պե­տը աւե­լի լաւ պի­տի աշ­խա­տի. ընդ­դի­մա­դիր քա­ղա­քա­պե­տը հար­կադր­ուած է լաւ աշ­խա­տիլ, քա­նի որ նախ ան պի­տի ըլ­լայ իշ­խա­նու­թեան խո­շո­րա­ցոյ­ցին տակ: Երկ­րորդ` այն ու­ժե­րը, որոնք անոր սա­տա­րած են, եւս պի­տի հսկեն, որ ան լաւ աշ­խա­տի: Եւ նա­եւ` ին­քը շա­հագրգռ­ուած պի­տի ըլ­լայ լաւ աշ­խա­տիլ, քա­նի որ քննա­դա­տե­լը տար­բեր բան է, իսկ այլ բան է սե­փա­կան օրի­նա­կով ցոյց տա­լը, որ կա­րե­լի է աւե­լի լաւ կա­ռա­վա­րել, աւե­լի լաւ կա­տա­րել այդ գոր­ծը“, յայտ­նեց Համ­բար­ձում­եան եւ աւ­ել­ցուց թէ, Հ.Յ. Դաշ­նակ­ցու­թիւնը պի­տի ստեղ­ծէ քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նի ոս­տի­կա­նու­թիւն, պի­տի ձե­ւա­ւո­րէ ըն­կե­րա­յին բնա­կա­րա­նա­յին ֆոն­տը: Դաշ­նակ­ցու­թիւնը նա­եւ պի­տի անձ­նագ­րա­ւո­րէ ամ­բողջ ֆոն­տը, քա­նի որ ատի­կա անհ­րա­ժեշտ է հասկ­նա­լու հա­մար, թէ ի՛նչ մի­ջոց­ներ ու­նի իր ձեռ­քը: “Հ.Յ.Դաշ­նակ­ցու­թիւնը նա­եւ մտա­դիր է ստեղ­ծել տա­րեց­նե­րու յա­տուկ ըն­կե­րա­յին կեդ­րոն­ներ` անոնց ժա­ման­ցը, առող­ջա­պա­հա­կան խնդիր­նե­րը կազ­մա­կեր­պե­լու հա­մար“, նշեց ան: Համ­բար­ձում­եան աւել­ցուց, որ կան քա­նի մը մտադ­րու­թիւն­ներ եւս, որոնց հա­մար եւս հաշ­ուարկ­ուած են անհ­րա­ժեշտ մի­ջոց­նե­րը եւ անոնց ձեռք­բեր­ման կա­րե­լիու­թիւն­նե­րը:

Հ.Յ.Դ. Հա­յաս­տա­նի Գե­րա­գոյն մար­մի­նի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Ար­մէն Ռուս­տամ­եան Քա­նա­քեռ-Զէյ­թուն հա­մայն­քի բնա­կիչ­նե­րուն հետ հան­դիպ­ման ժա­մա­նակ յայ­տա­րա­րեց, որ Դաշ­նակ­ցու­թիւնը նոր չէ, որ քա­ղա­քա­կան բե­մա­հար­թա­կին վրայ կը խօ­սի իր ծրա­գի­րին մա­սին, կը խօ­սի երկ­րին մէջ ստեղծ­ուած վի­ճա­կին մա­սին: Ռուս­տամ­եան նշեց, որ Դաշ­նակ­ցու­թիւնը ընդ­դի­մա­դիր կու­սակ­ցու­թիւն է եւ իր ընդ­դի­մա­դիր տե­սա­կէտ­ներն ու դիր­քո­րո­շում­նե­րը շատ յստակ ձե­ւով ար­տա­յայ­տած է: Ան ընդգ­ծեց, որ հիմ­նա­կան հար­ցը այն է, որ Հ.Յ.Դ.-ն կա­րե­նայ Երե­ւա­նի քա­ղա­քա­յին իշ­խա­նու­թիւնը փո­խել եւ եթէ այդ փո­փո­խու­թիւն­նե­րը մի­նակ չյա­ջո­ղի կա­տա­րել, բնա­կա­նա­բար պի­տի փոր­ձէ գտնել իրեն պէս մտա­ծող քա­ղա­քա­կան ու­ժեր, որոնց հետ կա­րե­լի է այդ միտ­քը կեան­քի կո­չել: Ան ընդգ­ծեց յե­տընտ­րա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան կա­րե­ւո­րու­թիւնը:

Ան բա­ցատ­րեց, թէ ին­չո՛ւ Հ.Յ.Դ.-ն Երե­ւա­նի տե­ղա­կան ինք­նա­կա­ռա­վար­ման մար­մին­նե­րու ընտ­րու­թիւն­նե­րուն այդ­քան լուրջ քա­ղա­քա­կան կազ­մով, մեծ քա­ղա­քա­կան նշա­նա­կու­թիւն տա­լով եւ այդ նշա­նա­կու­թիւնը ըն­դու­նե­լով մտած է քա­ղա­քա­կան պայ­քա­րին մէջ: Ռուս­տամ­եան նշեց, որ Դաշ­նակ­ցու­թիւնը կը հա­ւա­տայ, որ իր բարձ­րա­ցու­ցած հար­ցե­րը եւ առա­ջար­կած ծրա­գիր­նե­րը իրա­կա­նաց­նե­լու հա­մար պէտք է ամէն առիթ օգ­տա­գոր­ծել:Նա­եւ Ռուս­տամ­եան նշեց, որ Երե­ւա­նի աւա­գանիի ընտ­րու­թիւն­նե­րը գիւ­ղա­պե­տի մը կամ քա­ղա­քա­պե­տի մը ընտ­րու­թիւն­նե­րը չեն Դաշ­նակ­ցու­թեան հա­մար, այլ կա­րե­ւոր են անով, որ մայ­րա­քա­ղա­քը իրա­պէս կրնայ փո­խել Հա­յաս­տա­նի վի­ճա­կը: Ռուս­տամ­եան անդ­րա­դար­ձաւ փո­փո­խու­թիւն­նե­րուն եւ անոնց Երե­ւա­նէն սկսե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թեան:

Ռուս­տամ­եան անդ­րա­դառ­նա­լով քա­ղա­քա­ցի­նե­րէն մէ­կուն այն հար­ցու­մին, որ Դաշ­նակ­ցու­թիւնը աւա­գանիի կազ­մին մէջ ի՞նչ կը պատ­րաստ­ուի ընել կրթա­կան հա­մա­կար­գին վե­րա­բեր­եալ, երբ այդ հա­մա­կար­գը հա­մա­տա­րած կու­սակց­ակա­նաց­ուած է, Ռուս­տամ­եան յայտ­նեց, որ ատի­կա ան­թոյ­լատ­րե­լի է, քա­նի որ նախ եւ առաջ աշա­կերտ­նե­րը իրենց ու­սու­ցիչ­նե­րուն դէմ­քով Հան­րա­պե­տա­կան կու­սակ­ցու­թիւնը կը տես­նեն եւ չի կրնար այն­պէս ըլ­լալ, որ բո­լո­րը նոյն գա­ղա­փա­րա­կան, մտա­ծե­լա­կեր­պի եւ աշ­խար­հըն­կալ­ման պատ­կե­րա­ցում­նե­րը ու­նե­նան:

Հ.Յ.Դ. ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը Երե­ւա­նի աւա­գանիի ընտ­րու­թիւն­նե­րու քա­րո­զար­շա­ւի շրջա­գի­ծին մէջ հան­դի­պում ու­նե­ցան նա­եւ մայ­րա­քա­ղա­քի Մա­լաթ­իա-Սե­բաստ­իա վար­չա­կան շրջա­նի ընտ­րող­նե­րուն հետ: Հան­դիպ­ման կը մաս­նակ­ցէ­ին Հ.Յ.Դ. Հա­յաս­տա­նի Գե­րա­գոյն մար­մի­նի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Ար­մէն Ռուս­տամ­եան, աւա­գանիի ան­դա­մի թեկ­նա­ծու­ներ Ար­թուր Եղ­ի­ա­զար­եան եւ Սպար­տակ Ասոյ­եան:

Ռուս­տամ­եան ընդգ­ծեց, որ Երե­ւա­նի աւա­գանիի յա­ռա­ջի­կայ ընտ­րու­թիւն­նե­րը հեր­թա­կան առիթ են ընտ­րու­թիւն­նե­րը դարձ­նե­լու իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն նկատ­մամբ անվս­տա­հու­թեան հան­րաք­ուէ: Ըստ անոր, եթէ քա­ղա­քա­պե­տը ընդ­դի­մու­թեան ան­դամ ըլ­լայ, կա­րե­լի չ՛ըլ­լար զայն փո­խել Տո­մին­կո­յի հա­մեր­գի մի­ջա­դէ­պին պատ­ճա­ռով, քա­նի որ ան իշ­խա­նու­թեան խա­ղե­րը չի խա­ղար:

Ան աւել­ցուց, որ եթէ Երե­ւա­նի աւա­գանիի ընտ­րու­թիւն­նե­րը հա­մընդ­հա­նուր դժգո­հու­թեան հետ կապ­ուին, անոնց քա­ղա­քա­կան բնոյթ կը տրուի. ժո­ղո­վուր­դը “այո“ կ՛ը­սէ այն քա­ղա­քա­կան ու­ժին, որ ի վի­ճա­կի կ՛ըլ­լայ պայ­քա­րիլ իշ­խա­նու­թեան հետ, որուն ան ըսած է “ոչ“:

Ռուս­տամ­եան շեշ­տեց, որ Երե­ւա­նի աւա­գանիի նա­խընտ­րա­կան ար­շա­ւի վեր­ջին շաբթ­ուան ըն­թաց­քին Հ.Յ.Դ.-ն պի­տի զբա­ղի միւս ընդ­դի­մա­դիր ու­ժե­րու մի­աս­նու­թեան կոչ ուղ­ղե­լով: Ըստ անոր, նա­խա­գա­հա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րուն բաղ­դատ­մամբ, այս ընտ­րու­թիւն­նե­րուն ժա­մա­նակ պի­տի ըլ­լան 464 ընտ­րա­կան տե­ղա­մա­սեր, քա­նի մը ան­գամ աւե­լի քիչ, ինչ որ կը դիւ­րաց­նէ ձայ­նե­րու պահ­պան­ման եւ կեղ­ծիք­նե­րը կան­խե­լու հո­լո­վոյ­թը:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles