Աւարտեցան Եղեռնի 98 ամեակի ոգեկոչական ձեռնարկները-հոգեհանգստեան արարողութիւններ, ցոյցեր, քայլարշաւներ, դասախօսութիւններ, համերգներ, մշակութային ելոյթներ…: Ձեռնարկները շարունակեցին շեշտել հայուն արթնութիւնը իր ազգային պահանջատիրութեան նկատմամբ: 98 ամեակի այս բոլոր ձեռնարկներուն մէջ, երկու նոր դրական քանակական ոստում (quantum jump) արձանագրեցինք: Առաջինը ազգային, երկրորդը` քաղաքական դաշտին մէջ:
Ա. ԱԶԳԱՅԻՆ ՃԱԿԱՏ
Պատմական թուականները իմաստ եւ խորհուրդ կը ստանան նոյն ժամանակին իրականացած դէպքերով եւ արարքներով, հետեւաբար, յիշատակելի թուականներ կը դառնան: Այսպէս, 1918ը կ՛առանձնանայ, որպէս Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան, 1920ը` որպէս Սովետական Հայաստանի Հանրապետութեան, 1991-ը` Հայաստանի Բ. Հանրապետութեան եւ 1992-ը` Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հիմնադրութեան տարիներ: Դէպքե՛րն են, որ պատմութեան “մարմին“ կու տան եւ իրարայաջորդ եւ շղթայակապ իրարադարձութիւններով զայն կը դարձնեն “կենդանի“ իրողութիւն:
Եղեռնի յիշատակութեան ամեակնե՛րն ալ այդ ընդհանուր հոլովոյթին հետեւեցան: 50 ամեակը, օրինակի համար, այդ յատկանշական թուականներէն մին էր, որ առանձնացաւ նոր շունչով: Յիսնամեակին էր, երբ Հայաստանի երիտասարդութիւնը ազգային մտաւորականներուն հետ, Երեւանի փողոցներուն մէջ անակնկալ ցոյցերով պոռթկաց` “մեր հողերը, մեր հողերը“: Արթնութեան կանչ մըն էր, որ` Հողէ՛ն կու գար եւ Հողի՛ն վերականգնումը կը պահանջէր: Համայն հայութիւնը արձագանգեց եւ Եղեռնի 50 ամեակը նոր հանգրուանի մը հիմնադրումը եղաւ: Հասկցանք ազգովին, որ Եղեռնի յիշատակումը մեր հոգեհատոր նահատակները սգալու ամեակ չէ միայն, այլ անոնց արդար դատին, կէս մնացած իղձերուն, անաւարտ պահանջատիրութեան օ՛ր է: 50 ամեակի այդ շրջադարձային կեցուածքը եղաւ ազգային արթնութեան շեփորումը:
Ազգային ճակատի այս հսկայ շրջադարձին եկաւ զուգորդուիլ Ուրուկուէյի` Եղեռնի ճանաչման հռչակումը 1965-ին: Այդ թուականէն մինչեւ 2007 թուականը, Մ.Ա.Կ.ի 193 երկիրներէն, 21 երկիրներ (11% տոկոսը) միացան ցանկին: Երկիրներու ցանկին վրայ աւելցան 16 շրջանային քաղաքական բաժանումներ: Ա.Մ.Ն.ի մէջ 50 նահանգներէն, 43-ը, այսինքն 86% տոկոսը, պաշտօնապէս Եղեռնը յայտարարած են Ցեղասպանութիւն:
Սակայն 2007-էն մինչեւ 2012, քաղաքական դաշտին մէջ, Ցեղասպանութեան նոր պետական ճանաչում չեղաւ. երաշտ մը տիրեց:
Բարեբախտաբար արտաքին քաղաքական այս երաշտի շրջանին զուգընթաց, ներազգային ճակատի վրայ, Հայաստանը իր պետութեամբ եւ ժողովուրդով, եւ հարուածուած Սփիւռքը` հայկական քաղաքական իր կազմակերպութիւններով եւ արբանեակ միութիւններով ու մարմիններով, չդադրեցուցին իրենց հետապնդման գործունէութիւնները: Ընդհակառակը, ամէ՛ն շրջանի մէջ, ուժերու առաւելագոյն չափով, Հայը հրապարակային, ներազգային եւ արտաազգային ձեռնարկներով արթուն պահեց իր պահանջատիրութեան հարցը եւ հակադրեց Թուրքիոյ կառավարութեան ուրացման ժխտական ճիգերը: Եղեռնի պահանջատիրական ոգին շղթայակապեց Հայը, Հայաստանէն մինչեւ Սփիւռքի ծայրամասի կեդրոնները:
Վերը նշուած բոլոր ոգեկոչումներուն հետ, 2013 թուականը եւ Եղեռնի 98-րդ ամեակը պիտի մեծատառ եւ արդար հպարտութեամբ յիշուի որպէս ԱԶԳԱՅԻՆ ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԱՄԵԱԿ:
Ապրիլ 24, 2013-ին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա., ԱՌԱՋԻՆ ԱՆԳԱՄ ըլլալով, միացեալ յայտարարութիւն մը հրապարակեցին, որով կ՛արձագանգէին մեր ազգային արդար դատին պահանջներուն:
Միացեալ յայտարարութեան հիմնական երեք կէտերը, ամբողջ ազգի մը անտեսուած եւ անարգուած արդարութեան շեփորումն են:
Կ՛ըսեն Վեհերը-
“Կոչ կ՛ուղղենք Թուրքիոյ պետութեան եւ կը պահանջենք.-
1) Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչում:
2) Ամբողջական հատուցում հայ ժողովուրդի կրած կորուստներուն եւ մարդկային ու ազգային բռնագրաւուած իրաւունքներուն:
3) Հայկական եկեղեցիներուն, վանքերուն ու եկեղեցապատկան կալուածներուն եւ հոգեւոր ու մշակութային արժէք ներկայացնող իրերուն անյապաղ վերադարձը հայ ժողովուրդին, որպէս անոնց իրաւատէրը“:
Վեհափառ Հայրերու այս կեցուածքը, Զիրենք կը զետեղէ Հայոց Պատմութեան հպարտ պատուանդանին վրայ: Ժողովուրդին ուղղուած իղձերու պահանջատիրութեան կոչը, Զիրենք պիտի դասէ մեր ազգային ճակատի վրայ այն կաթողիկոսներու շարքին, որոնք Հայ Ազգի դառնութեա՛ն օրերուն, տկարութեա՛ն օրերուն, պատերա՛զմի օրերուն, վհատութեա՛ն օրերուն, կեցան ազգին պայքարի առաջին շարքերուն վրայ: Եղան թէ՛ ղեկավարները, թէ՛ հրահրողները, թէ՛ գիտակցութեան հրաւիրողները, թէ՛ պայքարողները:
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ. եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա., 98 ամեակը վերածեցին “ԱԶԳԱՅԻՆ ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԻ“ի մը: Անոնք, ՆՈ՛Ր ակօս մը բացին մեր ազգային պահանջատիրութեան պայքարի ճանապարհին համար: Միասնաբար գործելու ՆՈՐ ուղղութիւն մը տուին: ՆՈՐ մտայնութեան հիմքը դրին: ԱԶԳԸ ՄԻԱՒՈՐԻ վերածեցին:
Կը մնայ որ` ազգային ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ այս գիտակցութիւնը դառնայ վիթխարի ու յորդող ալիք մը, եւ կոհակ առ կոհակ տարածուի ամենուրէք, կլանէ եւ հրահրէ մեզ եւ խարսխուի մեզմէ ամէն մէկուն մտքին մէջ եւ դառնայ ազգային գործելակերպի մը հիմնաքարը…:
Բ. ԹՐՔԱԿԱՆ ՃԱԿԱՏ
Երկրորդ ոստումը կու գայ պատմական Տիգրանակերտէն:
Տիգրանակերտ-Տիարպէքիր, Թուրքիա: Տիարպէքիրի բնակչութեան 99 տոկոսը Քիւրտ են: Վերջերս Եղեռնին նուիրուած Ձեռնարկ մը կազմակերպուեցաւ տեղւոյն քաղաքապետարանի եւ իրաւաբաններու միութեան կողմէ:
“Արմինիըն Ուիքլի“ի թղթակից Կոլիսար Աքքում Տիարպէքիրէն կը հաղորդէ (տես Armenian Weekly April 24, 2013) թէ` “Ապրիլ 23-ին մեծ թիւով հասարակութիւն մը հաւաքուած էր Տիարպէքիրի քաղաքապետարանի կեդրոնին մէջ յիշատակելու ՀայկականՑեղասպանութիւնը“: (Ընդգծումը Հ.Մ.): Քաղաքի հայկական համայնքի ոչնչացման 98-ամեակի ոգեկոչական ձեռնարկը կազմակերպուած էր Տիարպէքիրի Իրաւաբանական Կազմակերպութեան եւ Տիարպէքիրի Քաղաքապետարանին կողմէ: Վիճարկումին կը մասնակցէին պատմաբան Արա Սարաֆեան եւ ՏԻԿի ատենապետ Թահիր Էլսի: Իր բացման խօսքին մէջ, Էլսի ըսաւ որ “Ապրիլ 24, 1915-ին Իսթանպուլի հայ մտաւորականներու եւ համայնքի ղեկավարներու ձերբակալումէն քանի մը շաբաթ ետք, նման ձերբակալումներ տեղի ունեցան Տիարպէքիրի մէջ: Շեշտելով քիւրտերուն մասնակցիլը Ցեղասպանութեան, ան նկատել տուաւ, որ Ցեղասպանութիւնը դիմակալելը քիւրտերուն կողմէ, անխուսափելի է: Աւելին, ան առարկեց` որ քիւրտերը պէտք է աջակցին հայերու պայքարին ընդդէմ պետական ուրացման քաղաքականութեան եւ գաղափարախօսութեան: Մենք մեծցանք մեր մեծ հայրերու` Հայկական ջարդերու պատումներով: Ուրացողներու բռնած ընթացքը չի դիմանար իրաւական եւ պատմական լուրջ քննարկումներուն: Այսօր մենք Տիարպէքիրի մէջ, առաջին անգամ ըլլալով կ՛ոգեկոչենք Ցեղասպանութիւնը: Այսօր շատ կարեւոր օր մըն է մեզի համար: Մենք յարգանքով կը խոնարհինք յիշատակին առջեւ մեր Հայ եղբայրներուն, որոնք սպաննուեցան 1915ին եւ կը դատապարտենք Ցեղասպանութիւնը“ եզրափակեց Էլսին:
Սարաֆեան կեդրոնացաւ 1915-ին Տիարպէքիրի հայերու բնաջնջումի ատեն գործադրուած միջոցներու մասին: Ըսաւ, որ Տիարպէքիր եկած է հայերու բնաջնջումի մասին հետազօտութիւն կատարելու եւ տեղացիները շատ օգտակար եղած են:
Ժողովէն ետք, ներկաները ուղղուեցան Տիգրիս Գետի ափը եւ ծաղիկներ նետեցին գետին մէջ ի յիշատակ Ցեղասպանութեան ատեն սպաննուած հայերուն:
Պէտք է արձանագրել, որ այս հաւաքը եզակի՛ դէպք է Թուրքիոյ պատմութեան մէջ: Առաջի՛ն անգամն է, որ պետական մարմին մը, թէկուզ քաղաքապետարան մը, քաջութիւնը կ՛ունենայ` 1915ի դէպքերը Ցեղասպանութիւն որակելու: Պէտք է նաեւ նշել, որ, Թուրքիոյ մեջ կան անհատներ, պատմաբան եւ գրող, որոնք Եղեռնը որակած են Ցեղասպանութիւն: Լրատուները եւ ակնարկ գրողները աւելի զգոյշ են: Ցեղասպանութիւն բառը չակերտի մէջ կ՛առնեն, ըսուածը ուրիշի՜ն վերագրելով:
Այս գրութեան նպատակը այդ մօտեցումներուն վերլուծումը եւ անոնց ծալքերուն անդրադառնալը չէ: Սակայն Տիարպէքիրի մէջ կատարուածը, քրտական շահերէն թելադրուած, քրտական ազատագրական պայքարի մը դրսեւորման ծալքերը կ՛արձագանգէ: Ի՛նչ որ ալ ըլլան դրդապատճառները, խիզախ քայլ մըն է ուղղուած Թուրքիոյ պետութեան դէմ: Տիարպէքիրի քիւրտերը այս քայլով նաեւ կը յիշեցնեն Թուրքիոյ պետութեան, որ ՏԵՂԵԱ՛Կ են պատմութեան, եւ որ 98 տարի ետք, եթէ Տիարպէքիրի քիւրտերը Եղեռնը որակեցին Ցեղասպանութիւն, Տիարպէքիրէն դուրս գտնուողնե՛րն ալ կրնան նոյնը ընել: Այլ խօսքով` հարցը համաքրտական հարց է եւ սահմանափակուած չէ Տիարպէքիրով:
Արդեօք Եղեռնի 99-րդ ոգեկոչման Թուրքիոյ մէջ, ուրիշ նահանգներ ալ պիտի մասնակցի՞ն արդարութեան կանչին:
***
Նշուած երկու իրագործումները` Վեհափառ Հայրերու միացեալ յայտարարութիւն-կոչը եւ Տիգրանակերտի ձեռնարկը, ՆՈՐ մակարդակի մը վրայ դրին Եղեռնի 98 ամեակը:
Իսկ Եղեռնի գալիք ամեակներու նախօրեակին, պահանջկոտ պատմութիւնը մեզի լուրջ հարցադրումներու առջեւ կը դնէ-
– Յաջորդող ամեակներուն պիտի անդրադառնա՞նք Վեհերու անկիւնադարձային այս կոչին:
– Պիտի գիտակցի՞նք, որ Եղեռնը` հատուածական, յարանուանական, կուսակցական դէպք մը չէ, այլ ազգայի՛ն է` խորքո՛վ, բովանդակութեա՛մբ եւ պահանջատիրութեամբ:
– Պիտի կարենա՞նք պատմութեան պահանջկոտ մարտահրաւէրին մօտենալ ազգովինՄԻԱՑԵԱԼուժերով եւ շարունակել նոր նուաճումներ արձանագրել:
– Պիտի կարենա՞նք միջազգային առումով ծրագիրներ մշակել, ճշդել մեր ուղին եւ յամառօրէն, գիտակցօրէն, առանց ընկրկելու յարատեւել:
– Պիտի կարենա՞նք…
Պատմութիւնը մեզի կը սպասէ:
Քանկըրս, Նիւ Եորք
Ապրիլ 25, 2013