ՄԱՄԼՈՅ ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ.- «ԱՐՄԻՆԻԸՆ ՐԻՎԻՈՒ»Ն ԿԸ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳԷ ԿԱՅՔԷՋԸ ԵՒ ԿԸ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐԷ ԿԼՈՐ ՍԵՂԱՆ-ԶՐՈՑՅՆԵՐ

0 0
Read Time:6 Minute, 6 Second

»Ար­մինի­ըն Րի­վիու«ն ակա­դե­մա­կան պար­բե­րա­թերթ մըն է, ուր լոյս կը տես­նեն բարձր գնա­հա­տան­քի ար­ժա­նա­ցող ակա­դե­մա­կան­նե­րու կող­մէ գրուած յօդ­ուած­ներ: Վեր­ջերս պար­բե­րա­թեր­թը վե­րա­նո­րո­գեց կայ­քէ­ջը ընդգր­կե­լու հա­մար նախ­կին թիւե­րու ցու­ցակ­նե­րը, որոնց մէջ են նա­եւ »Ար­մինի­ըն Րի­վիու«ի սկզբնա­կան թիւե­րը: Նա­եւ հե­տե­ւո­ղա­կան աշ­խա­տանք կը տար­ուի հո­վա­նա­ւո­րե­լու հա­մար զրոյց­ներ, հրա­ւի­րե­լով զա­նա­զան ու­սում­նա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րէ ներս գոր­ծող մաս­նա­կից­ներ:

Նախ­կին թիւե­րու ամ­բող­ջա­կան ցու­ցակ մը կազ­մե­լու աշ­խա­տան­քը ըն­թաց­քի մէջ է, պար­բե­րա­թեր­թիս խմբագ­րա­կան կազ­մին կող­մէ: Ցու­ցա­կը կ’ընդգր­կէ նա­եւ »Ար­մինի­ըն Րի­վիու«ի առա­ջին հա­տո­րը լոյս տե­սած՝ 1948ին: Իւ­րա­քան­չիւր ցու­ցակ հա­տոր­նե­րը կը բաժ­նէ թիւե­րու ներ­կա­յաց­նե­լով անոնց ամ­փո­փու­մը, յօդ­ուած­նե­րուն խո­րագ­րե­րը եւ հե­ղի­նա­կին անու­նը: Կարգ մը թիւեր ցու­ցա­կին վրայ չեն ար­ձա­նագր­ուած տա­կա­ւին, սա­կայն ընդ­հա­նուր ցան­կը կը ծրագր­ուի ամ­բող­ջաց­նել մին­չեւ տա­րե­վերջ:

»Հիմ­նա­կան է որ, »Ար­մինի­ըն Րի­վիու«-ի բո­լոր հա­տոր­նե­րը հա­սա­նե­լի ըլ­լան հան­րու­թեան մեր կայ­քէ­ջին մի­ջո­ցաւ, որ­պէս­զի թար­մա­ցած հե­տաքրք­րու­թեամբ մօ­տե­նանք լու­սա­բա­նա­կան ու­սում­նա­կան յօդ­ուած­նե­րու որոնք երե­ւան հա­նած են բազ­մա­թիւ կա­րե­ւոր երե­ւոյթ­ներ-նիւ­թեր Հա­յոց եր­կար, յա­ճախ վե­րի­վայ­րում­նե­րով լե­ցուն պատ­մու­թեան, Հա­յաս­տա­նի աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան կեց­ուած­քին եւ ամե­նէն կա­րե­ւո­րը հայ­կա­կան հո­գե­բա­նու­թեան հետ կապ­ուած«, կը յայտ­նէ Տոքթ. Աս­պետ Գո­չիկ­եան, »Ար­մինի­ըն Րի­վիու«ի խմբա­գիր եւ Պենթ­լի հա­մալ­սա­րա­նի մէջ քա­ղա­քա­կան գի­տու­թիւն­նե­րու դա­սա­խօս:

»Մեր նպա­տակն է նա­եւ կա­րե­լի եղա­ծին չափ արագ թուայ­նաց­նել ար­խիւ­նե­րը, որ­պէս­զի անոնք ապա­գայ սե­րունդ­նե­րուն հա­մար ըլ­լան մատ­չե­լի…«, կ’ա­ւելց­նէ Գո­չիկ­եան:

Ար­դէն իսկ հա­մա­ձայ­նու­թիւն­ներ ստո­րագր­ուած են »Ար­մինի­ըն Րի­վիու«ի յա­ռա­ջի­կայ թիւե­րը կայ­քէ­ջին մի­ջո­ցաւ հա­սա­նե­լի դարձ­նե­լու հա­մար: Այս մէ­կը առիթ պի­տի ըն­ծա­յէ որ, պար­բե­րա­թեր­թին մէջ լոյս տե­սած ակա­դե­մա­կան յօդ­ուած­նե­րը տրա­մադ­րե­լի ըլ­լան ու­սում­նա­սի­րող­նե­րուն, որե­ւէ մէկ վայ­րէ ուր հա­մա­ցան­ցի գոր­ծա­ծու­թիւնը կա­րե­լի է: 

2009-ի սկիզ­բէն »Ար­մինի­ըն Րի­վիու«ն երաշ­խա­ւո­րած է եր­կու զրոյց­ներ, որոնց­մէ մէ­կը, »Նիւ­թեր եւ Քա­ղա­քա­ցի­ներ. (Ան)հա­ւա­սար յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ Թուր­քե­րու, Քիւր­տե­րու եւ Հա­յե­րու մի­ջեւ« խո­րագ­րով, կազ­մա­կերպ­ուած էր հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեամբ Պենթ­լի հա­մալ­սա­րա­նի Հա­մաշ­խար­հա­յին Գի­տու­թիւն­նե­րու Բա­ժան­մուն­քին եւ տե­ղի ու­նե­ցաւ Ապ­րի­լին: Զրոյ­ցի մաս­նա­կից­նե­րը քննար­կե­ցին զա­նա­զան նիւ­թեր՝ Հա­յե­րու, Թուր­քե­րու եւ Քիւր­տե­րու մի­ջեւ պատ­մա­կան եւ ներ­կայ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն առն­չու­թեամբ:

Օգոս­տոս 6ին, այլ նիւ­թով կլոր սե­ղան մը՝ »Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին Քա­ղա­քա­կա­նու­թիւնը Եր­կու Ճա­կատ­նե­րու Վրայ. Ներ­կայ Զար­գա­ցում­ներ Ղա­րա­բա­ղի եւ Թուրք- Հայ Յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու Հար­ցով«, կազ­մա­կերպ­ուած էր Հայ­կա­կան Ու­սում­նա­սի­րա­կան՝ National Association for Armenian Studies and Research (NAASR) Հիմ­նար­կի կեդ­րո­նին մէջ: Մաս­նա­կից­նե­րը քննար­կե­ցին Ղա­րա­բա­ղի բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու վեր­ջին զար­գա­ցում­նե­րը ինչ­պէս նա­եւ՝ Հա­յաս­տա­նի յա­րա­բե­րու­թիւնը Թուրք­իոյ հետ, աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան գետ­նի վրայ: Ձեռ­նար­կը տե­ղի ու­նե­ցաւ NAASR-ի եւ »Ար­մինի­ըն Րի­վիու«ի հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ: Զրոյ­ցին մաս­նակ­ցող­ներն էին Տոքթ. Լե­ւոն Չոր­պաճ­եան, Տոքթ. Աս­պետ Գո­չիկ­եան, եւ Տոքթ. Հեն­րի Թերիօ:

Յա­ռա­ջի­կայ ամիս­նե­րուն յա­ւել­եալ կլոր սե­ղան­ներ եւ հա­ւաք­ներ տե­ղի պի­տի ու­նե­նան »Ար­մինի­ըն Րի­վիու«ի հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ:

»Ար­մինի­ըն Րի­վիու«ի յա­ջորդ թիւը՝ նա­խա­տես­ուած Սեպ­տեմ­բեր 2009ի հա­մար, նուիր­ուած պի­տի ըլ­լայ հան­րա­յին կար­ծիք­ներ (civil society) ար­ծար­ծող նիւ­թե­րու: Յա­ւել­եալ եր­կու թիւեր լոյս պի­տի տես­նեն յա­ռա­ջի­կայ վեց ամիս­նե­րուն ըն­թաց­քին, որոնց­մէ մէ­կը պի­տի նուիր­ուի պար­բե­րա­թեր­թի 60- ամ­եա­կին:

»Ար­մինի­ըն Րի­վիու«ն առա­ջին ան­գամ լոյս տե­սած է 1948 թուա­կա­նին Հայ­րե­նիք Հրա­տա­րակ­չա­տան կող­մէ: Ան շու­տով դար­ձաւ առաջ­նոր­դող եռամս­եայ հրատա-րակութիւն, որ կը պա­րու­նա­կէր Հա­յոց պատ­մու­թեան, ըն­կե­րա­յին, քա­ղա­քա­կան եւ մշա­կու­թա­յին յօդ­ուած­ներ գնա­հատ­ուած ակա­դե­մա­կան­նե­րու կող­մէ: Ներ­կա­յիս »Ար­մինի­ըն Րի­վիու«ն կը հրա­տա­րակ­ուի տա­րին եր­կու ան­գամ: 

Պար­բե­րա­թեր­թի  վե­րա­նո­րոգ­ուած կայ­քէ­ջը,  տա­կա­ւին փո­փո­խու­թեան եւ զար­գաց­ման ըն­թաց­քին մէջ է:

Հե­տաքրք­րուող­նե­րը կրնան բա­ժա­նոր­դագր­ուիլ կամ PayPal-ի  մի­ջո­ցաւ վճա­րում­ներ կա­տա­րել՝ նախ­կին թիւե­րը ստա­նա­լու հա­մար: Տոքթ. Գո­չիկ­եա­նին հետ կա­րե­լի է կապ պա­հել ե-նա­մա­կով editor@armenianreview.org հաս­ցէ­ին: Նախ­կին թիւե­րը ստա­նա­լու կամ բա­ժա­նոր­դագր­ուե­լու հա­մար հա­ճե­ցէք դի­մել հե­տեւ­եալ հաս­ցէ­ին՝ orders@armenianreview.org:

Կայ­քէ­ջ.-

 www.armenianreview.org

About Post Author

admin

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles