ՀԱՅ ՏՊԱԳ­ՐՈՒ­ԹԵԱՆ 500-ԱՄ­ԵԱ­ԿԻ ՑՈՒ­ՑԱ­ՀԱՆ­ԴԷՍ ՎԻ­ԵՆ­ՆԱ­ՅԻ ՄԷՋ

0 0
Read Time:8 Minute, 8 Second

VIENNA     MKH

Վի­են­նա­յի Մխի­թար­եան վան­քի եւ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան դես­պա­նու­թեան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեամբ տե­ղի ու­նե­ցաւ հայ տպագ­րու­թեան 500-ամ­եա­կի, Վի­են­նա­յի մխի­թար­եան տպա­րա­նի 200-ամ­եա­կի եւ Ու­նես­քո­յի կող­մէ Երե­ւա­նը որ­պէս  մի­ջազ­գա­յին գրքի մայ­րա­քա­ղաք հռչակ­ուե­լու առի­թով,  հայ հնա­տիպ գրքե­րու  յա­ջող ցու­ցա­հան­դէս, Նո­յեմ­բեր 22-ին, Մխի­թար­եան վան­քի մէջ:

Ցու­ցա­հան­դէ­սի բա­ցու­մը կա­տար­ուե­ցաւ ժա­մը 18:00-ին, եկե­ղեց­ւոյ մէջ, որ ծայ­րէ ծայր լեց­ուած էր` բա­ցի նստա­րան­նե­րէն գրա­ւե­լով նա­եւ բո­լոր  յա­ւել­եալ աթոռ­նե­րը: Ներ­կայ էին Աւստր­ի­ա­կան կա­ռա­վա­րու­թեան, նա­խա­րա­րու­թիւն­նե­րու, խորհր­դա­րա­նի, քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նի եւ մշա­կոյ­թի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, ար­տա­սահ­ման­եան 27 պե­տու­թիւն­նե­րու դիւա­նա­գէտ­ներ, մեծ մա­սով յան­ձինս իրենց դես­պան­նե­րուն, եւ հայ գա­ղու­թէն կա­րե­ւոր անձ­նա­ւո­րու­թիւն­ներ:

Իր բաց­ման խօս­քին մէջ գեր­մա­նե­րէն լե­զուով աբ­բա­հայ­րը` Հ. Պօ­ղոս Գո­ճան­եան‘ ող­ջու­նե­լէ վերջ պե­տու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը, մաս­նա­ւոր  ու­րա­խու­թեամբ  իր ող­ջոյ­նի խօս­քը ուղ­ղեց ներ­կայ 27 պե­տու­թիւն­նե­րու դիւա­նա­գէտ­նե­րուն` յան­ձին Վա­տի­կա­նի դես­պան-նուի­րակ Պե­տեր Ստե­ֆան Ար­քեպ. Ցուրպ­րի­կը­նի`  կար­դա­լով նա­եւ  27 ներ­կա­յաց­ուած եր­կիր­նե­րու անուն­նե­րը: Յե­տոյ պատ­մա­կա­նը ըրաւ հայ տպագ­րու­թեան: Յի­շեց, որ հա­յե­րէն առա­ջին գիր­քը տպուե­ցաւ 500 տա­րի առաջ, բայց  ո՛չ Հա­յաս­տա­նի մէջ, ին­չը բնա­կան  պի­տի ըլ­լար, այլ օտա­րու­թեան մէջ, Վե­նե­տիկ: Եւ աւել­ցուց.  Հայ ժո­ղո­վուր­դի մշա­կու­թա­յին եւ յատ­կա­պէս տպագ­րա­կան վաս­տա­կը գնա­հա­տե­լու հա­մար, անհ­րա­ժեշտ է գո­նէ որոշ գա­ղա­փար ու­նե­նալ անոր պատ­մու­թե­նէն: Յի­շեց, որ 11-րդ դա­րուն ար­դէն հայ ժո­ղո­վուր­դը կորսն­ցուց իր պե­տա­կա­նու­թիւնը Հա­յա­տա­նի մէջ եւ 14-րդ դա­րուն ալ` Կի­լիկ­իա­յի մէջ, եւ այ­նու­հե­տեւ գրե­թէ 600 տա­րի մնաց ան առանց պե­տա­կա­նու­թեան: Եւ ա՛յդ պայ­ման­նե­րու մէջ, առանց պե­տա­կան հո­վա­նա­ւո­րու­թեան, միայն ան­հատ­նե­րու նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ եւ ան­հա­տա­կան մի­ջոց­նե­րով հա­յը ձեռ­նար­կեց ու գլուխ հա­նեց տպագ­րա­կան իր գոր­ծու­նէ­ու­թիւնը: Աւե­լի՛ն.  Հա­յե­րը առա­ջի­նը եղան, որ մեր­ձա­ւոր եւ մի­ջին արե­ւել­քի մէջ  տպա­րան  բա­ցին: Պոլ­սոյ մէջ առա­ջին հա­յե­րէն գիր­քը տպուե­ցաւ ար­դէն 1567-ին, մինչ առա­ջին թրքե­րէն գիր­քը` միայն 1729-ին:  Պարս­կաս­տա­նի մէջ առա­ջին հա­յե­րէն գիր­քը լոյս տե­սաւ 1641-ին, մինչ պարս­կե­րէն առա­ջին գիր­քը` 1830-ին: Նա­եւ Եւ­րո­պա­յի մէջ հա­յե­րը աւե­լի առաջ ձեռ­նար­կե­ցին տպագ­րա­կան աշ­խա­տան­քի, քան որոշ արե­ւել­եան եր­կիր­ներ:

Հայագէտ Եասմին Տում Թրակութ
Հայագէտ Եասմին Տում Թրակութ

Այ­նու­հե­տեւ աբ­բա­հայ­րը ներ­կա­յա­ցուց առան­ձին առան­ձին ԺԶ.,  ԺԷ. եւ ԺԸ.  դա­րե­րու հայ տպագ­րա­կան գոր­ծու­նէ­ու­թիւնը, տուաւ լոյս տե­սած  գրքե­րու քա­նա­կը` ԺԶ. դա­րուն 17, ԺԷ. դա­րուն 161, ԺԸ. դա­րուն 917 եւ անու­նով յի­շեց անոնց մէջ տպագր­ուած կա­րե­ւոր գոր­ծե­րը: Նոյն­պէս պատ­մա­կա­նը   ըրաւ տպա­րան­նե­րուն, նշե­լով անոնց  սկզբնա­ւո­րու­թեան թուա­կան­նե­րը իւ­րա­քան­չիւր երկ­րի մէջ, եւ շեշ­տեց, որ  տպագ­րու­թեան առա­ջին երեք դա­րե­րուն, միայն Պոլ­սոյ մէջ, գոր­ծած է 28 տպա­րան, թէ­եւ ոմանք շատ կարճ ժա­մա­նակ:

Աբ­բա­հայ­րը խօ­սե­ցաւ նա­եւ Վի­են­նա­յի Մխի­թար­եան տպա­րա­նի մա­սին անոր 200-ամ­եա­կի առի­թով, հոգ չէ թէ  14 տա­րի առաջ Մի­ա­բա­նու­թիւնը ստիպ­ուե­ցաւ, ծանր տնտե­սա­կան վնա­սի պատ­ճա­ռով, փա­կել: Պատ­մեց, որ Մխի­թար­եան հայ­րե­րը Վի­են­նա հաս­տատ­ուե­ցան 1811-ին եւ յա­ջորդ տա­րին ար­դէն լոյս տե­սաւ իրենց տպա­րա­նէն առա­ջին գիր­քը: Տպա­րա­նը ըլ­լա­լով բազ­մա­լե­զու եւ ու­նե­նա­լով բարձր որա­կի ար­տադ­րու­թիւն, սկիզբէն մեծ յա­ջո­ղու­թիւն ու­նե­ցաւ, բա­ցի հա­յե­րէն հրա­տա­րա­կու­թիւն­նե­րէ, շատ պատ­ուէր­ներ ստա­ցաւ կա­ռա­վա­րու­թե­նէն` կայս­րու­թեան զա­նա­զան ազ­գե­րու լե­զու­նե­րով: 1818-ին այս­տեղ լոյս տե­սաւ սեր­պե­րէն-գեր­մա­նե­րէն-լա­տի­նե­րէն  բա­ռա­րա­նը,  յե­տոյ սեր­պե­րէն առա­ջին Աստ­ուա­ծա­շուն­չը եւ այլ բազ­մա­թիւ գոր­ծեր սլա­ւա­կան տար­բեր լե­զու­նե­րով: Այս­տեղ տպուե­ցաւ  գեր­մա­նե­րէն-ճա­փո­նե­րէն առա­ջին բա­ռա­րա­նը, տպուե­ցան նոյ­նիսկ հուն­գա­րա­կան դրա­մա­նիշ­ներ, վեր­ջա­պէս այս  տպա­րա­նէն 1898-ին լոյս տե­սաւ պա­տա­րա­գի աղօթք մը  (Որ օրհ­նես զայ­նո­սիկ)  յի­սուն լե­զու­նե­րով, որոնց մէջ նա­եւ սանսկ­րի­տը (հին հնդկե­րէն) եւ չի­նա­րէ­նը:

Երկ­րորդ բա­նա­խօսն էր Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան լի­ա­զօր դես­պան Ար­ման Կի­րա­կոս­եան, որ անգ­լե­րէ­նով օտար դիւա­նա­գէտ­նե­րուն  ներ­կա­յա­ցուց Մխի­թար­եան Մի­ա­բա­նու­թիւնը որ­պէս “հայ մշա­կոյ­թի ամե­նա­կա­րե­ւոր կենդ­րոն­նե­րէն մէ­կը“ եւ որ­պէս կա­մուրջ Աւստր­իա­յի եւ Հա­յաս­տա­նի մի­ջեւ: Այդ կա­պակ­ցու­թեամբ յի­շեց Հա­յաս­տա­նի դես­պա­նու­թեան հաս­տա­տու­մը Վի­են­նա­յի մէջ 20 տա­րի առաջ, Աւստր­իոյ նա­խա­գա­հի այ­ցը Հա­յաս­տան այս ամառ եւ Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գա­հին կա­տա­րե­լիք այ­ցը եկող տա­րի:

Արման Կիրակոսեան
Արման Կիրակոսեան

Եր­րորդ բա­նա­խօ­սը աւստր­ի­ա­ցի հա­յա­գէտ Եաս­մին Տում Թրա­կութ անգ­լե­րէ­նով ներ­կա­յա­ցուց հայ տպագ­րու­թեան պատ­մու­թիւնը գեր­մա­նե­րէն չհասկ­ցող ներ­կա­նե­րուն հա­մար: Յի­շեց, որ Կի­լիկ­եան թա­գա­ւո­րու­թեան ան­կու­մէն վերջ, օս­ման­եան եւ պարս­կա­կան եր­կա­րա­տեւ պա­տե­րազմ­նե­րուն հե­տե­ւան­քով Հա­յաս­տա­նը աւե­րակ դար­ձաւ, մշա­կոյ­թի կենդ­րոն­նե­րը` վան­քե­րը քանդ­ուե­ցան եւ ձե­ռագ­րա­կան աշ­խա­տան­քը գրե­թէ դադ­րե­ցաւ: Ճիշդ այդ ժա­մա­նակ, ԺԶ. դա­րու սկիզ­բը, տպագ­րա­կան հրա­տա­րա­կու­թիւնը եկաւ փո­խա­րի­նե­լու ձե­ռա­գիր­նե­րը: Խօ­սե­ցաւ առան­ձին առան­ձին երեք դա­րե­րու տպագ­րա­կան գոր­ծու­նէ­ու­թեան մա­սին  եւ շեշ­տեց մաս­նա­ւո­րա­բար ԺԸ. դա­րուն Պոլ­սոյ կա­րե­ւոր դե­րը հրա­տա­րակ­չա­կան մար­զի մէջ:

Բա­նա­խօ­սու­թիւն­նե­րէն վերջ “Բխի­եան“ լա­րա­յին քառ­եա­կի եւ ռու­սա­կան անու­նով հայ երգ­չու­հի Էկա Հորստ­կա­յի մա­տու­ցած  Կո­մի­տա­սի, Աս­լա­մազ­եա­նի եւ միջ­նա­դար­եան հայ եր­գե­րով շատ հա­ճե­լի պա­հեր ապ­րե­ցան ներ­կա­նե­րը: Քառ­եա­կը, որ կը կազ­մեն Կրաց քա­ղա­քի ար­ուես­տի հա­մալ­սա­րա­նի ու­սա­նող­ներ` Մա­րի­նա Բխի­եան, Գայ­ի­ա­նէ Միր­զոյ­եան, ուք­րա­նա­ցի Մի­խայ­լօ Սա­խա­րով եւ սերպ Մի­լան Քա­րա­նո­վիչ, ար­ժա­նա­ցած է մի­ջազ­գա­յին գնա­հա­տան­քի:

Բաց­ման հան­դի­սու­թե­նէն վերջ ժո­ղո­վուր­դը առաջ­նորդ­ուե­ցաւ վան­քի բարձ­րա­գոյն յար­կը դի­տե­լու ցու­ցա­հան­դէ­սը` պատ­րաստ­ուած ըն­տիր հնա­տիպ հրա­տա­րա­կու­թիւն­նե­րով թան­գա­րա­նի վեր­ջին սրա­հին մէջ:

Այ­նու­հե­տեւ ներ­կա­նե­րը հրա­ւիր­ուե­ցան ըն­դու­նե­լու­թեան մը, վան­քի  ճա­շաս­րա­հէն ներս:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles