Յօդուածներ

Հ.Օ.Մ – Ի ՆԻՒ ԵՈՐ­ՔԻ “ՄԱՅՐ“ ՄԱՍ­ՆԱ­ՃԻՒ­ՂԻ ՃԱՇ­ԿԵ­ՐՈՅ­ԹԸ` Ի ՆՊԱՍՏ ՍՈՒՐ­Ի­Ա­ՀԱ­ՅՈՒ­ԹԵԱՆ

ny hom1 Տօ­նա­կան օրե­րու նա­խօր­եա­կին ,  կա­րի­քա­ւո­րին հաս­նե­լու եւ ու­րա­խու­թեան ու գո­հու­նա­կու­թեան ժպի­տը գծագ­րե­լու նպա­տա­կաւ կազ­մա­կերպ­ուե­ցաւ ճաշ­կե­րոյթ մը, նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ` Նիւ Եոր­քի  Հայ Օգ­նու­թեան Միու­թեան “Մայր“ մաս­նա­ճիւ­ղին: Ձեռ­նար­կը տե­ղի ու­նե­ցաւ Կի­րա­կի, Դեկ­տեմ­բեր 2-ին, կ.ե ժա­մը 2:00-էն սկսեալ  ճա­շա­րան  “Պիպ­լոս“ի (Ման­հա­թան) մէջ, ի նպաստ սուր­ի­ա­հա­յու­թեան,  կեր­պով մը կի­սե­լու իրենց դժուա­րու­թիւն­նե­րը եւ մեղ­մաց­նե­լու անոնց հո­գե­րը:

Ճաշ­կե­րոյ­թին ներ­կայ էին Սուրբ Լու­սա­ւո­րիչ Մայր եկե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր ­հո­վիւ` Արժ. Տէր Մես­րոպ քհնյ. Լա­քիս­եան եւ “Ար­մէն Գա­րօ“ կո­մի­տէի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ` ըն­կեր Նա­զա­րէթ  Մար­գար­եան , Հ.Օ.Մ-ի Էրէ­բու­նի մաս­նա­ճիւ­ղի փոխ ատե­նա­պե­տու­հի ըն­կե­րու­հի Նայ­տա Ոս­կերիչ­եան եւ մեծ թիւով հայ­րէ­նա­սէր­ներ , բա­րե­րար­ներ ու նուի­րա­տու­ներ  եկած էին օգ­նե­լու մեր հա­րա­զատ սուր­ի­ա­հա­յե­րուն որոնք այս օրե­րուս կ՛ապ­րին աղէ­տա­լի կա­ցու­թեան­ մէջ:

Ճաշ­կե­րոյ­թին  բա­ցու­մը կա­տա­րեց “Մայր“ մաս­նա­ճիւ­ղի ատե­նա­պե­տու­հին ընկհ. Անա­յիս Չօ­լաք­եան: Ըն­կե­րու­հին բա­րի գա­լուստ մաղ­թեց բո­լո­րին եւ անդ­րա­դար­ձաւ Հ.Օ.Մ-ի առա­քե­լու­թեան  մա­սին: Շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց բո­լոր ըն­կե­րու­հի­նե­րուն  որոնք հա­ւա­քա­կան ու­ժով, ձեռք ձեռ­քի տա­լով աշ­խա­տե­ցան այս ճաշ­կե­րոյ­թի յա­ջո­ղու­թեան: Ապա  հրա­ւի­րեց Ս. Լու­սա­ւո­րիչ եկե­ղեց­ւոյ հովիւը Արժ. Տ. Մես­րոպ քհն. Լա­քիս­եա­նը :Ան  քա­ջա­լե­րեց ներ­կա­նե­րուն որ թի­կունք  կանգ­նին եւ աղօ­թեն Սուր­ի­ա­հա­յու­թեան ի մաս­նա­ւո­րի Հա­լէ­պա­հա­յու­թեան  որ կ՛ապ­րի  վտան­գա­ւոր կա­ցու­թեան մէջ : Ան նշեց թէ փոք­րիկ նուի­րա­տուու­թիւն մը կրնայ ու­րա­խաց­նել շատ մը Սուր­ի­ա­հայ կա­րի­քա­ւոր ըն­տա­նիք­ներ: Ապա  Տէր­հօր օրհ­նու­թեամբ կա­տար­ուե­ցաւ ճաշ­կե­րոյ­թին բա­ցու­մը:

Անգ­լե­րէ­նով խօսք առաւ  մաս­նա­ճիւ­ղիս փոխ ատե­նա­պե­տու­հին  ընկհ. Անա­հիտ Ու­ղուր­լա­եան:  Ան անդ­րա­դար­ձաւ Հ.Օ.Մ.-ի յա­րա­տեւ գոր­ծու­նէ­ու­թեան մա­սին : Հ.Օ.Մ.-ը կը գո­յա­տե­ւէ հա­րիւր տա­րի է ի վեր: Ապա, ան յի­շեց թէ այս օրե­րուն հա­մայն աշ­խարհ նոր տար­ուայ ըն­դու­նե­լու­թեան  սլաց­քի մէջ է, իսկ Սուր­ի­ա­հա­յը վիթ­խա­րի ճի­գե­րով կը ջա­նայ գո­յա­տե­ւել փրկու­թեան ճիւղ մը բարձ­րաց­նե­լով այդ մար­տա­դաշ­տին մէջ:ny hom2

Ճաշ­կե­րոյ­թը խան­դա­վառ մթնո­լորտ ու­նե­ցաւ   երբ  հայ­կա­կան  երաժշ­տու­թիւնը  սկսաւ պատ­րաս­տու­թեամբ սուր­ի­ա­հայ երի­տա­սարդ` Յա­րութ Պար­սում­եա­նի կող­մէ որ բո­լոր  նուա­գի գոր­ծիք­նե­րը սի­րա­յօ­ժար , եւ իր անձ­նա­կան մի­ջոց­նե­րո­վը ապա­հո­ված էր: Նշենք թէ Յա­րու­թը ու­նի իր անձ­նա­կան  խումբր  “Յոյ­սեր“ անու­նով:

Վի­ճա­կա­հա­նու­թիւնը  վա­րեց ընկհ. Սօն­իա Պզտիկ­եան, որուն   ըն­կե­րակ­ցե­ցաւ ընկհ. Հու­րի Կէ­օ­տէ­լէք­եան: Բախ­տա­ւոր­նե­րը ստա­ցան նուէր­ներ որոնք նուիր­ուած էին մաս­նա­ճիւ­ղիս ըն­կե­րու­հի­նե­րուն եւ օտար ան­հատ­նե­րու կող­մէ:

Ապա  ըն­թերց­ուե­ցաւ  նուի­րա­տու­նե­րուն անուն­նե­րը որոնք ներ­կայ չէ­ին  ճաշ­կե­րոյ­թին բայց ու­ղար­կած էին իրենց նուի­րա­տուու­թիւնը: Իսկ ու­րիշ­ներ խան­դա­վառ­ուե­լով եւ յար­գե­լով ճաշ­կե­րոյ­թին նպա­տա­կը կա­տա­րե­ցին իրենց սրտա­բուխ  նուէր­նե­րը  մաղ­թե­լով խա­ղա­ղու­թիւն:

Ու­րախ  տրա­մադ­րու­թեամբ եւ ըն­տա­նե­կան ջերմ մթնո­լոր­տով ձեռ­նար­կը վերջ գտաւ հա­ւա­քե­լով 3500 տո­լար Սուր­ի­ա­հա­յու­թեան : Մտեր­միկ եւ բա­րի նպա­տա­կի մր ծա­ռա­յեց այս շա­բա­թա­վեր­ջը  բո­լոր ներ­կա­նե­րուն :

Շնոր­հա­կա­լու­թիւն բո­լոր ներ­կա­նե­րուն, բա­րե­րար­նե­րուն ու նուի­րա­տու­նե­րուն որ ան­սա­կարկ ներդ­րու­մով իրենց մաս­նակ­ցու­թիւնը  բե­րին այս ձեռ­նար­կին:

Աւար­տին մաս­նա­ճիւ­ղի ատե­նա­պե­տու­հի Անա­յիս Չօ­լաք­եան շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց ճա­շա­րան “Պիպ­լոս“ի տնօ­րէ­նու­թեան, նուի­րե­լով շիշ մը  Հայ­կա­կան Քոն­ի­աք :

Վարձ­քեր­նիդ կա­տար սի­րե­լի ըն­կե­րու­հի­ներ:

 

ՄԱՐԻԱ ՇԱՄԼԵԱՆ-ԵՓՐԵՄԵԱՆ

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button