Տեղին է մրոտել եւ անդրադառնալ հաղորդագրութեան մը մասին, որ լոյս ընծայած էր Հայ Մշակութային “Համազգային“ Միութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը:
Ահաւասիկ աւետաբեր լուր մը, մանաւանդ որ խոր թմբիրէն զարթնած կը թուինք ըլլալ, եւ հայեցի կրթութիւնն ու մշակոյթը հետզհետէ անյետաձգելի օրակարգ կը թուին ըլլալ, պահելու համար պատկանելիութեան գիտակցութիւնն ու ինքնաբերաբար նաեւ` ինքնութիւնը:
Արդարեւ, լոյս ընծայուածը պարզ փրոթոքոլային, այս կամ այն պատահածն ու եղելութիւնը աւետող հաղորդագրութիւն մը չէր, ոչ ալ իշխանական նուիրատուութեան մը աւետումը…այլ ընդհակառակը` կատարուած խոստում-նուիրատուութիւնը Կայսերական էր: Այն պատճառով է, որ տարիներէ ի վեր, մերթ մոռցուած եւ մերթ լուսանցքի տակ առնուած, Սփիւռքի մէջ գործող բնաջնջման վտանգի տակ գտնուող հայերէն լեզուն դասաւանդողն ու անոր ջահակիրները այսօր ի վերջոյ յարգանքի եւ գուրգուրանքի առարկայ կը դառնան:
Անտեղի է այբուբէնին մէջ թիւեր, թուաբանութիւն եւ հաշիւ ներմուծել եւ վերլուծել տրամադրուած յաւելումը:
Փոխարէնը, սակայն տեղին է անպայմանօրէն սփռել եւ տարածել այս Կայսերական յաւելման հաղորդագրութիւնը, ի հեճուկս Սփիւռքի բոլոր վարժարաններու հայերէն լեզուի ուսուցիչներուն:
Ի վերջոյ միայն Պէյրութի եւ Մարսէյի Ճեմարաններուն մէջ չէ որ կը դասաւանդուի Մեսրոպաշունչ լեզուն:
Հոս տեղին է նշել թէ Արեւմտահայ ժողովուրդին համար կենսական է իր լեզուին` Արեւմտահայերէնի` պահպանումը: Եւ “Համազգային“ի այս որոշումը կը փաստէ թէ մշակոյթն է գոյատեւման եւ ինքնութեան առանցքը, որուն համաժողովրդական եւ պատմական առաջնահերթ խարիսխն է ազգային լեզուն:
Այսուամէնայնիւ հայերէն լեզուի եւ հայեցի գիտութիւններու դաստիարակութիւնը, հիմքը կը հանդիսանայ ազգային ռազմավարութեան: Աւելին, այսօր ո՛չ թէ միայն Սփիւռքի, այլ նոյնիսկ Հայաստանի մէջ` ստեղծուած տագնապներուն պատճառը այդ դաստիարակութեան պակասն է, ու անոնց վերացման եւ բուժման միջոցը` այդ դաստիարակութեան ամրապնդումն ու գերադասումն է, բան մը որուն քաջատեղեակ է, վերոյիշեալ հաղորդագրութեան ետին կանգնող մասսան:
Այդ հետզհետէ քիչ գործածուող ազգային լեզուն` ազգին անդամները հետեւողականօրէն իրարու միացնող ազդակն է:
Սոյն որոշումով կը շեշտուի թէ ազգային լիիրա՛ւ յանձնառութիւն է լեզուի եւ մշակոյթի պահպանումը:
Այսպէս Սփիւռքահայ կրթօճախը, հենելով իր կեանքը նուիրաբերած հայերէն լեզուի ուսուցիչին, պիտի շարունակէ մարդակերտումի ու հայակերտումի առաքելութիւնը, եւ պիտի թրծէ եւ փոխանցէ ո՛չ միայն գիտելիքներ, այլ նաեւ ապրումներ, զգացումներ, սէրեր. մանաւա՛նդ գուրգուրանք` լեզուին, գրականութեան, քաղաքակրթութեան, գիտութեան, երգին եւ ամբողջ Հայոց Պատմութեան հանդէպ:
Եւ վերջապէս, համազգային յարգանք եւ գուրգուրանք` “Համազգային“ի այս նախանձելի որոշումին առթիւ:
ՀԱՅՐԵՆԻՔ
Խմբագրական