ԱՐ­ՑԱ­ԽԻ ՄԷՋ ՆԱ­ԽԱ­ԳԱՀ­ՆԵՐ ՍԱՐԳՍ­ԵԱՆ ԵՒ ՍԱ­ՀԱԿ­ԵԱՆ ԿԸ ՀԵ­ՏԵ­ՒԻՆ ՌԱԶ­ՄԱ­ՓՈՐ­ՁԵ­ՐՈՒ

0 0
Read Time:1 Minute, 35 Second

 

 ԵՐԵՒԱՆ, ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Շա­բա­թաս­կիզ­բին, Ար­ցա­խի նա­խա­գահ Բա­կօ Սա­հակ­եան Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գահ Սերժ Սարգս­եա­նի հետ մի­ա­սին այ­ցե­լե­ցին հան­րա­պե­տու­թեան հիւ­սի­ս-ա­րե­ւել­եան մա­սին մէջ գտնուող շարք մը զօ­րա­մա­սեր:

Նա­խա­գահ­նե­րը հե­տե­ւե­ցան հրաձ­գա­յին վար­ժու­թիւն­նե­րու ըն­թաց­քին, նա­եւ ծա­նօ­թա­ցան նոր հրա­մա­նա­տա­րա­կան կէ­տի պայ­ման­նե­րուն եւ մաս­նակ­ցե­ցան զօ­րա­մա­սե­րէն մէ­կուն մէջ Սուրբ Գէ­որգ եկե­ղեց­ւոյ բաց­ման արա­րո­ղու­թեան:

Նա­խա­գահ­նե­րը այ­ցե­լե­ցին նա­եւ Մա­ղա­ւու­զի քա­րա­ծու­խի հանք եւ ծա­նօ­թա­ցան այն­տեղ իրա­կա­նա­ցուող աշ­խա­տանք­նե­րուն:

Հայ­աստանի եւ Արցախի  պե­տու­թիւն­նե­րու ղե­կա­վար­նե­րուն կ՛ու­ղեկ­ցէ­ին պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար­նե­րը եւ բարձ­րաս­տի­ճան սպա­յա­կան կազ­մի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը:

Միւս կող­մէ Ար­ցա­խի Հան­րա­պե­տու­թեան Ար­տա­քին Գոր­ծոց նա­խա­րար Կա­րէն Միր­զոյ­եան ըն­դու­նեց սահ­մա­նա­յին դի­տարկ­ման առն­չու­թեամբ Ար­ցախ ժա­մա­նած ԵԱՀԿ-ի գոր­ծող նա­խա­գա­հի անձ­նա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Ան­ճէյ Քասփր­չի­քը: Հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին կող­մե­րը քննար­կե­ցին սահ­մա­նին տի­րող իրա­վի­ճա­կը, ինչ­պէս նա­եւ անդ­րա­դար­ձած են եր­կուս­տեք հե­տաքրք­րու­թիւն ներ­կա­յաց­նող շարք մը կա­րե­ւոր հար­ցե­րու:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles