ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

0 0
Read Time:1 Minute, 8 Second

Արեւմտահայ լեզուի, հայ գրականութեան եւ հայոց պատմութեան պատրաստուած եւ կարող ուսուցիչ-ուսուցչուհի գտնելը, տարուէ տարի, Սփիւռքի հայկական վարժարաններուն համար, կը վերածուի պարտականութեան մը, որ շատ դժուար է իրագործելը, եթէ ոչ անկարելի:

Այս այսպէս է, որովհետեւ կեանքի այլ ասպարէզներու մէջ յաջողելու կարողութիւնը ունեցող հայ երիտասարդին համար հայերէնագիտական նիւթերու ուսուցչութեան ասպարէզը գրաւիչ չէ: Գրաւիչ չէ երկու պատճառով. առաջին` այդ ասպարէզին ապահովելիք նիւթական հասոյթը համեստ է: Երկրորդ` հայ հանրութիւնը անհրաժեշտ յարգանքը չի տածեր այդ ասպարէզի ուսուցիչին հանդէպ: 

Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութիւնը կը հաւատայ, որ ժամանակը եկած է, որ այս կացութիւնը փոխուի, եւ հայ հանրութիւնը մեծ յարգանքով մօտենայ հայերէնագիտական նիւթերու ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն, ու անոնց ասպարէզը դառնայ գրաւիչ նաեւ` առաջարկուող նիւթական hատուցումներով: 

Առ այդ, ան որոշած է յետ այսու աւելի բարձր նիւթական գնահատումի արժանացնել իր հովանաւորած վարժարաններուն Պէյրութի եւ Մարսէյի Ճեմարաններուն հայերէնագիտական նիւթերու ուսուցիչ-ուսուցչուհիները: Այսպէս, ներկայիս գործող ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն ամսական հատուցումը պիտի կրէ տասը առ հարիւրի (10%) անմիջական յաւելում, իսկ ապագային գործի կոչուողներուն ամսական հատուցումները պիտի ըլլան քսանհինգ առ հարիւրով (25%) աւելի բարձր, քան ուսուցչական ասպարէզին մէջ ընդհանրապէս ընդունուած եւ գործադրուող հատուցումները: 

Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութիւնը կը յուսայ, որ այս նախաձեռնութիւնը պիտի ծառայէ որպէս օրինակ, եւ նոյն մօտեցումը պիտի որդեգրուի կրթական մարզի այլ պատասխանատու հաստատութիւններու կողմէ: Կեդրոնական Վարչութիւնը կը յուսայ նաեւ, որ յետ այսու հայ հանրութիւնը հայերէնագիտական նիւթերու ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն հանդէպ պիտի սկսի տածել այն յարգանքը, որուն արժանի են անոնք: 

Համազգային

Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան

Կեդրոնական Վարչութիւն

 

Հոկտեմբեր 17, 2012

Պէյրութ

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles