0
0
Read Time:20 Second
Անցեալ շաբթուան ընթացքին, Մասաչուսէցի եւ Րոտ Այլընտի մէջ կատարուեցան Սուրիահայութեան նուիրուած հաւաքներ եւ հանգանակութիւն: Հինգշաբթի Հոկտեմբեր 11-ի երեկոյեան Պելմոնթի (Մասաչուսէց) Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հաւաք մը, ապա Կիրակի Հոկտեմբեր 14-ին, Փրովիտընսի Սուրբ Վարդանանց եկեղեցւոյ սրահին մէջ կատարուեցաւ այլ ձեռնարկ մը:
Երկու հաւաքներուն ալ խօսք առաւ “Հայրենիք“ի նախկին խմբագիր` Խաժակ Մկրտիչեան, որ ներկայացուց ներկայ իրավիճակն ու գաղութին գրաւած դժուարութիւնները: Ապա կատարուեցաւ հանգանակութիւն: