Յատուկ հաղորդագրութեամբ մը Հ.Օ.Մ.ի Կեդրոնական Գրասենեակը կը տեղեկացնէ թէ Սուրիոյ նախագահ Պաշար Ասատ նեցուկ կը կանգնի Պատսպարանին ու որբերու բարձրագոյն կրթութեան: Արդարեւ Ապրիլ 2009ին, Սուրբ Յարութեան տօնի նախօրեակին, Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան Ընկերային Հարցերու եւ Աշխատանքի նախարարուհին կապ պահած էր Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի (Ս.Օ.Խ.) Շրջանային Վարչութեան ընկերուհիներուն հետ յայտնելով, որ »պետական կարեւոր անձնաւորութիւն մը Ս. Զատկուան առաւօտուն պիտի այցելէ Հալէպի Ազգային Պատսպարանը«: Նշելով հանդերձ որ այցելութիւնը չի կրեր պաշտօնական բնոյթ, Նախարարուհին թելադրած է, որ Պատսպարան գտնուին սաներն ու պատասխանատու մարմնէն երեք անձեր միայն: Հիւրի ժամանումէն մի քանի վայրկեան առաջ միայն ի յայտ եկած էր, որ այցելուները Հանրապետութեան Նախագահ Պաշար Ասատն ու իր Տիկինն էին:
Շուրջ երկու ժամ տեւած այցելութեան ընթացքին, Նախագահ Ասատ ու Տիկինը մէկ առ մէկ կը զրուցեն Պատսպարանի սաներուն հետ, մտերմիկ մթնոլորտի մը մէջ ծանօթանալով անոնց իւրաքանչիւրի պարագաներուն, կարիքներուն ու ապագայ ծրագիրներուն: Անոնք կ’իմանան, որ Պատսպարանի սանուհիներէն երեքը շուտով պիտի պսակուին: Նախագահը իմանալով որ հարսանեկան բոլոր պէտքերը լիովին հոգացուած են խնամակալութեան կողմէ, կը խոստանայ անոնց տան կահաւորման, իսկ մնացեալ սաներուն այլեւայլ կարիքներուն նիւթապէս օժանդակել:
Համաձայն խոստումին, երեք օր ետք Ս.Օ.Խ.ի պատսպարանի խնամակալութիւնը կը հրաւիրուի Դամասկոս, Պալատ, ուր անոնց կը յանձնուի նախագահի նուէրը՝ 500 հազար սուրիական ոսկի (շուրջ տաս հազար տոլար):
Այցելութեան ընթացքին, Պատսպարանի սանուհիներէն մին խօսելով իր ապագայ ծրագիրներու մասին, նախագահին կը յայտնէ համալսարանական ուսումը Ֆրանսայի մէջ կատարելագործելու իր ցանկութիւնը: Նախագահը կը խոստանայ ֆրանսական որեւէ համալսարան ընդունման պարագային, ստանձնել եւ հոգալ ուսման ծախսերը:
Ս.Օ.Խ.ի Պատսպարանի սանուհիի ֆրանսական համալսարան ընդունման մասին վերջերս Պալատ փոխանցուած տեղեկութեան ի պատասխան, քանի մը օր ետք, Յուլիս 19, 2009ին, պատկառելի գումար մը կը փոխանցուի սանուհիին, Ֆրանսայի մէջ համալսարանական իր կրթութիւնը շարունակելու համար:
»Մեծապէս շնորհակալ ենք Նախագահի եւ Տիկնոջ մեր Պատսպարանի հանդէպ ցուցաբերած վերաբերմունքէն«, յայտնեց Ս.Օ.Խ.ի ատենապետուհի Սօսի Գլըճեանը ընդգծելով այն ազնիւ ու հոգատար մօտեցումը, որ Սուրիոյ Առաջին Ամոլը ցուցաբերած էր Պատսպարանի իւրաքանչիւր սանի հանդէպ: Ատենապետուհին դրուատեց նաեւ Սուրիոյ Աշխատանքի եւ Ընկերային Հարցերու նախարարուհիի երախտարժան մօտեցումը եւ դրական դերակատարութիւնը, վերոյիշեալ այցելութեան իրականացման գծով:
Հալէպի Ազգային Պատսպարանի հոգատարութիւնը , 1935էն ի վեր« վստահուած է Սուրիահայ Օգնութեան Խաչին: Այս բացառիկ հիմնարկը« իր տասնամեակներու արգասիքով« կարեւոր ներդրում ունեցած է սուրիահայ գաղութի ընկերային կարիքներու բաւարարման, մասնաւորաբար երիտասարդ սերունդներու անօգնական մնացած տարրերուն պատսպարման ու դաստիարակման ծիրէն ներս:
Պատսպարանը նաեւ եղած է հիւրընկալ ու ջերմ տուն մը Սուրիոյ զանազան շրջաններէն հայկական վարժարաններ եւ — աւելի ուշ — Քարէն Եփփէ ճեմարան յաճախող ուսանողներուն համար: Հիմնուած օրէն ի վեր« այս հաստատութիւնը պատսպարած է շուրջ 2000 սաներ:
Read Time:1 Minute, 58 Second