Յուլիս 18, 2009ին, Սոււրբ Էջմիածնի մէջ, նեորկայութեամբ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին, տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն՝ Յուլիս 15ին, Թեհրանէն Երեւան ուղղուող օդանաւի ահաւոր արկածին պատճառով զոհուածներուն յիշատակին:Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը այս առիթով տուած իր քարոզին մէջ ցաւակցութիւն յայտնեց Հայաստանի, Իրանի եւ Վրաստանի, ինչպէս նաւ իր վշտակցութիւնները փոխանցեց զոհուածներուն հարազատներուն:
Արարողութեան ներկայ էին Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեան, վարչապետ Տիգրան Սարգսեան, պաշտօնական անձնաւորութիւններ, ինչպէս նաեւ զոհուածներուն ընտանեկան պարագաները: Օդակայանին մէջ զոհուածներուն հարազատներուն դիմաւորելու եկած էին Հայաստանի կառավարութեան զուգահեռ գործող քաղաքացիական օդանաւային փոխադրութեան գլխաւոր վարչութեան պետ Արտիոմ Մովսիսեան, Արմաւիրի մարզպետ Աշոտ Ղահրամանեան, Երեւանի փոխքաղաքապետ Կամօ Արէեան, այլ անձնաւորութիւններ եւ հոգեւորականներ:
Օդակայան գտնուող «Քասփիըն Էրլայնզ» օդանաւային ընկերութեան ներկայացուցիչ Արմէն Դաւիթեան յայտնած է, որ բոլոր զոհուածները ապահովագրուած էին, եւ արդէն փոխհատուցումներ տալու աշխատանքները սկսած են: Արկածի պատճառներուն մասին հարցումներուն մերժած է պատասխանել Արմէն Դաւթեան՝ նշելով, որ պէտք է սպասել մասնագէտներու ուսումնասիրութիւններուն:
Թեհրանէն Երեւան ուղղուող «Թիւփոլեւ 154» տիպի օդանաւի արկածին պատճառով զոհուած քառասուն հայերուն խորհրդանշական մասունքները թաղելու եւ անոնց վերջին հանգիստ տալու առնչութեամբ դասաւորումները սկսած էին, մանաւանդ որ, օդանաւի հրկիզման պատճառով զոհուածներուն դիակները ոչնչացած էին:
Միւս կողմէն, Երեւանի փոխքաղաքապետը Կամօ Արէեան նշեց թէ այս արկածին առնչուած աշխատանքները համակարգելու նպատակով ստեղծուած կառավարական յանձնաժողովը արդէն իսկ սկսած է գործելու եւ Հայաստանի կառավարութեան կողմէ յատկացուած 1,5 միլիոն դրամէն իւրաքանչիւր զոհուածի ընտանիքին պիտի յանձնէ 678 հազար դրամ: Այս յանձնաժողովը ստանձնած է նաեւ դագաղներու փոխադրութեան եւ զանոնք իրենց հանգստեան վերջին վայրին մէջ ամփոփելու պարտականութիւնը:
Զոհերուն երեքը Երեւանէն են, երկուքը՝ Արմաւիրէն: Անոնց նուիրուած յուշաքարեր պիտի զետեղուին իրենց գերեզմաններուն վրայ:
Երեւանի Կապոյտ մզկիթին մէջ կատարուեցաւ յատուկ աղօթք: Երեւանաբնակ իրանցիներ եկած էին սգալու եւ իրենց վերջին յարգանքը մատուցելու զոհերուն, որոնց կարգին էին մեծ թիւով երիտասարդ ուսանողներ եւ Իրանի ճիւտոյի երիտասարդական հաւաքականի տաս պատանիներ:
Թեհրանի հայոց թեմի Ազգային Առաջնորդարանին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը սգաւոր ընտանիքներու անդամներուն հետ: Կատարուեցաւ աղօթք, ապա թեմի Առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգսեան իր վշտակցութիւնը յայտնեց եւ մխիթարական խօսքերով փորձեց սփոփել ներկաները: Նաեւ, Ազգային իշխանութեան ներկայացուցիչները եւ զոհուածներուն հարազատները ցաւակցութիւն ընդունեցին «Արարատ» մարզաւանի սրահին մէջ:
Ազգային օդանաւորդութեան միաւորման նախագահ Տմիթրի Ատբաշեան արկածին մասին անդրադառնալով, յայտնեած էր թէ, արկածին հաւանական պատճառներէն մէկը կրնայ ըլլալ այն« որ օդանաւի շարժիչներէն մէկուն մէջ բռնկած հրդեհի պատճառով շարժակը բեկորներու բաժնուած է« պատճառ դառնալով որ օդանաւի կառավարման համակարգը խանգարուի: Օդանաւի մաշուածութիւն մասին անդրադառնալով« Ատպաշեան ըսաւ թէ. «Օդանաւի հինն ու նորը յարաբերական է: Օդանաւը ունի 30 տարուայ կեանք« որը հնարաւոր է նաեւ երկարացնել: Կրնայ ըլլալ որ օդանաւը հին ըլլայ« իսկ շարժիչը նոր: Տուեալ սաւառնակը կը համապատասխանէր անվտանգութեան չափանիշներուն»:
ՌուսԻրանական «Քասփիըն Էրլայնզ»Ի ռուսական «Թիւփոլեւ 154» տիպի օդանաւ մը ջախջախուած էր, հազիւ թռիչք առնելէ ետք, Թեհրանի միջազգային օդակայանէն:
Հազիւ բարձրացած, աւելի քան երեսուն տարուայ կեանք ունեցող այս օդանաւը ունեցաւ թեքնիք խանգարում, որուն արդիւնք շարժակներէն մէկը կրակ առաւ եւ օդանաւը կորսնցնելով իր հաւասարակշռութիւնը, ջախջախուեցաւ խոր ցնցում յառաջացնելով մօտակայ բնակչութեան մօտ:Ընդամէնը 153 ճամբորդներն ու անձնակազմի 15 անդամներն ալ մահացան:
«Քասփիըն Էրլայնզ» կը գործէ 1993էն ի վեր եւ միշտ ալ կ°օգտագործէ «Թիւփոլեւ 154» տիպի օդանաւերը, որոնց գործածութիւնը Արեւմտեան օդակայաններէն ներս, գրեթէ արգիլուած է:
Սոյն ընկերութիւնը միակն է որ կը գործէ ԵրեւանԹեհրան գիծին վրայ: Այլապէս ճամբորդը ստիպուած է գործածել ցամաքային ճամբան որ կը տեւէ…քսանըութ ժամ:
Նշենք թէ մօտաւորապէս չորս տարի առաջ «Արմաւիա» ընկերութեան պատկանող մէկ «Էրպաս 320» տիպի նորակառոյց օդանաւը ջախջախուած էր Օտէսայի օդակայանին մօտակայքը, տիրող փոթորիկին պատճառով:
Ցարդ Իրանի եւ Հայաստանի պատասխանատուները յատուկ որոշում չեն առած, յառաջիկայ ամիսներուն այլ դասաւորումներ կատարելու եւ աւելի մօտէն հետեւելու վերոյիշեալ ընկերութեան աշխատանքներուն: «Քասփիըն Էրլայնզ» ոչ մէկ դասաւորում կատարած է արդի օդանաւեր գործի լծելու: