ՀՀ Արտաքին Գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան «միամտութիւն», «պղտոր ջուրի մէջ ձուկ որսալու փորձեր» եւ «անիմաստ աղմուկ» որակած էր հայթրքական յարաբերութիւններու բնականոնացման հարցին եւ Արցախեան տագնապի լուծման հոլովոյթին շուրջ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան արտայայտած բացասական կարծիքները, որոնց շարքին՝ յատկապէս նոյնինքն Հ.Յ. Դաշնակցութեան արծարծած իր անձին ուղղուած հրաժարականի պահանջը:
Աւելին, նախարար Նալպանտեան աւելցուցած էր թէ յաւելեալ մանրամասնութիւններ չտալով եւ լուր մնալով կը յայտնէ թէ այլ մեկնաբանութիւններու կարիք չկայ, յայտնելով թէ. «Մենք միայն ըսած ենք, որ Մատրիտեան փաստաթուղթը բանակցութիւններու հիմք է»…մէջբերուած խօսք մը, որ իր կարգին պղտոր ջուրի մէջ, ձուկ որսալու փորձ մըն է եւ բնականաբար տեղին է աղմկել, որովհետեւ անգամ մը եւս կը հաստատենք թէ ազգային շահերն ու ազգային անվտանգութիւնն է որ դաժանօրէն կը հարուածուին եւ կը ստեղծեն ահազանգային եւ անընդունելի իրավիճակ:
Անդրադառնալով հայթրքական յարաբերութիւններուն, ՀՀ Արտաքին Գործոց նախարարը անգամ մը եւս կը շեշտէ, թէ ոչ մէկ նոր փաստաթուղթ ստորագրուած է, «…Եւ պատմաբաններու միացեալ յանձնախումբ ստեղծելու Թուրքիոյ առաջարկին Հայաստան իր համաձայնութիւնը չէ տուած Ապրիլ 23ի հռչակագիրէն ետք»:
Վերոյիշեալ յայտարարութեան մէջ, եթէ Արտաքին Գործոց նախարարին համար այդ ահաւոր գոյժ ու սուգ սփռող թուականը, եթէ պարզ նշումով մը կը յիշատակուի… Տարբեր իմաստ ունի, տարբեր ծանրութիւն ու կշիռ ունի ազգային արժանապատուութեան տէր հայորդիին համար, որ բնականաբար չկրնար անաղմուկ եւ լուռ մնալ եւ իր կարգին առանց նախապայմանի կը մտահոգուի:
Նախարար Նալպանտեան կ՝աւելցնէ թէ չի կարծեր, որ ազգային նշանակութիւն ունեցող Արցախի հիմնախնդիրին շուրջ, շահարկումները ոեւէ մէկուն պատիւ կը բերեն: Ճիշտ հաստատում մը, որուն կրնայ շտապօրէն պատասխանել.«…Եւ ո՞վ է խօսողն ու մատնանշողը»…ազգային պահանջատիրութեան հիմքերուն կառչած՝ արդարամիտ հայորդին:
Անկասկած որ իրաւունք ունի հայորդին ահազանգ հնչեցնելու, յամառօրէն կառչած մնալու իր գաղափարներուն եւ հետեւողականօրէն աղմուկ բարձրացնելու…աղմու¯կ, արդար հրաժարականի պահանջք եւ իմաստալի° աղմո¯ւկ:
Read Time:1 Minute, 21 Second