Անցեալ տարի անոնց 25ամեակն էր: Յուլիս 27, 1983ին ՝ Սեդօ, Սիմոն, Սագօ, Արա եւ Վաչէ հնգեակը դիմած էր ծայրայեղութեան, արմատականութեան: Հայրենիքէ եւ անոր ստեղծած գուգուրանքէն զրկուած, անոնք նուիրուեցան ազատագրութեան ու դատի ի խնդիր մղուող արդար պայքարին:
Արդարեւ Յուլիս 27, 1983ին, ժամը 11:30ին, Փորթուկալի մայրաքաղաք՝ Լիզպոնի մէջ, թրքական դեսպանատունն ու անոր կից գտնուող թուրք դեսպանին բնակարանը, թատերաբեմ դարձան անձնասպանական գործողութեան մը, որ կատարուեցաւ «Հայկական Յեղափոխական Բանակ»ին կողմէ եւ վերջ գտաւ գործողութիւնը կատարող վերոյիշեալ հնգեակին անձնասպանութեամբ, երբ անոր անդամները ռումբերով եւ ուժանակով պայթեցուցին եւ կրակի տուին դեսպանին բնակարանին մէկ յարկը, զոր գրաւած էին: Գործողութիւնը սկսաւ երբ զինեալներ, վարձուած ինքնաշարժով մը, անակնկալօրէն մուտք գործեցին թրքական դեսպանատունը եւ դեսպանին բնակարանը շրջապատող պարտէզէն ներս. չորս զինեալներ խուժեցին դէպի դեսպանատան մուտքը ու կրակ բացին հոն գտնուող պահակին վրայ: Այս վերջինը վիրաւորուեցաւ ու հակադարձեց: Նոյն ոճին դիմեց նաեւ դեսպանատան գործավարին թիկնապահը, որ նաեւ մետասաներորդ պահուն, յաջողեցաւ փակել դեսպանատան դուռը: Հոս է որ սպաննուեցաւ քոմանտոյին անդամներէն մէկը:
Յարձակող զինեալները անմիջապէս գրաւեցին նոյն շրջաբակին մէջ գտնուող դեսպանին բնակարանը, ուր կը գտնուէին դեսպանատան գործավարին՝ Օսման Օզթիւրքի կինն ու զաւակը: Դեսպանատան աղբիւրները հաւաստիացուցին որ թուրք դեսպանը ներկայիս Լիզպոն չի գտնուիր: Հեռաձայնային հադորդակցութեան մը ընթացքին, զինեալները զգուշացուցին ոստիկանութիւնը՝ որեւէ միջամտութիւնէ, սպառնալով պայթեցնել շէնքը:
Այսօր, նմանօրինակ որեւէ արարք կամ գործողութիւն կը թարգմանուի իբրեւ ոճիր, իբրեւ ծայրայեղականութիւն, իբրեւ ահաբեկչութիւն: Սակայն, հոս տեղին է նշել Լիզպոնի տղոց արարքը սովորական անձնասպանութիւն չէ ու չի° կրնար ըլլալ, ինքնանպատակ արարք չէ ու չի° կրնար ըլլալ, այլ՝ յանուն արդարութեան սրբազան զոհաբերութիւն է, գիտակցական մարտիրոսացում է:
Լիզպոնի տղաքը յաջողեցան եւ հասան իրենց նպատակին՝ Հայ դատի պայքարի ընդարձակումով, Հայաստանի վերանկախացումով: Լիզպոնը պատգամներ կը փոխանցէ ներազգային, համազգային թէ պետականութեան ամրապնդման գոյերթին մէջ, բացարձակապէս մերժելով ռազմավարական նահանջ՝ հակաթուրք պայքարին մէջ, մերժելով սկզբունքներէ շեղում, յեղափոխականմարտական համոզումներուն մէջ թուլութիւն, դասալքութիւն, կը մերժէ մարտունակ ոգիի ու մարտունակ մտածողութեան բացակայութիւն: Լիզպոնը կը մերժէ այլասերումը, քաղքենիութիւնը, յոռի բարքերն ու սովորութիւնները, յոռի երեւոյթները, որոնք կը սպաննեն ազգը, այլ կ’օրհնէ հաւաքական ու միասնական պայքարը՝ յանուն մեր ինքնուրոյն դիմագիծի գոյատեւման, յանուն մեր ազգի վերելքին ու յանուն մեր հայրենիքի բարգաւաճման ու հզօրացման:
Այսպէս 26 տարի առաջ, հնչեցին նման տեսակէտներ, կոչեր, առաջարկներ: Չէին յայտնուեր նման բաղձանքներ, տրամադրութիւններ, ինչպէս հայրենական շրջանակներու մէջ բարձրաձայնօրէն չէին արտայայտուէր Արցախի հայապատկանելիութիւնը, ազատախոհական գաղափարները, մարդկային իրաւունքները, ժողովրդավարութիւնը, անկախ պետականութեան ամրակայումը, «Դէպի երկիր»ը, ազատագրուած տարածքները, ՀայաստանՍփիւռք յարաբերութիւնները եւ շատ ու շատ հայրենակերտման աշխատանքները ամրագրող ծրագիրներ եւ առաջադրանքներ:
Լիզպոնի Գործողութիւնը պէտք է դիտել իրաւունքներու հետապնդման« պահանջատիրութեան բազմաճիւղ պայքարի ամբողջական պաստառին վրայ« որովհետեւ այլապէս« անիկա լիակատար արժեւորումէ ետ կը մնայ« մինչեւ իսկ կը վերածուի անձնասպանութեան դիմող հերոսներուն կեանքերուն մեղքնալու զգացումի« փոխան ազգային հպարտանքի աղբիւր դառնալու: Այս իմաստով« արարքէն քանի մը տարի ետք« հինգ երիտասարդներուն ժառանգ թողած շօշափելի ժառանգութիւնը՝ ձայնագրեալ ժապաւէնը յստակ ու անմնացորդ լուսաբանութիւն տուաւ շարժառիթին ու նպատակին մասին« պատասխանելով նաեւ այն հարցումներուն« թէ արդեօք անհրաժե՞շտ էր հինգ կեանք զոհաբերել՝ յայտարարուած նպատակը շեփորելու համար:
***
Գործողութիւնը սկսելէն շուրջ ժամ մը ետք, վարչապետ Մարիօ Սուարէշ ստիպողական ժողովի հրաւիրեց իր կառավարութիւնն ու զինուորական պատասխանատուները: Որոշուեցաւ գործի լծել հակաահաբեկչական «Մասնայատուկ Ուժեր»ը, որոնցմէ 170 հոգի միացան դեսպանատունը պաշարման տակ առնող ոստիկանութեան:
Կէսօրէ ետք Ժամը 1:00ի մօտ, ուժգին պայթում մը տեղի ունեցաւ դեսպանին բնակարանին մէջ, ուր ծագեցաւ մեծ հրդեհ մը:
Ակնթարթ մը ետք, ոստիկանութիւնը սեղմեց շէնքին շուրջ հաստատուած պաշարման օղակը եւ անոնցմէ երեսուն հոգի անցան ուղղակի յարձակման, ներս ցատկելով պարտէզին պատէն: Տեղի ունեցաւ կարճատեւ հրացանաձգութիւն, որմէ ետք նոր պայթումներ կրկնուեցան:
Ժամը կ.ե. 3:45ին, ոստիկանութիւնը մուտք գործեց շէնքէն ներս, ուր գտաւ ածխացած հինգ մարմիններ: Անոնցմէ չորսը կը պատկանէին քոմանտոյի անդամներուն, իսկ հինգերորդը՝ ոստիկանի մը:
Ի յայտ եկած էր թէ քոմանտօն իր մօտ ունեցած ռումբերով պայթեցուցած էր բնակարանը եւ դիմած անձնասպանութեան: Մինչ այդ ոստիկանութիւնը գտած էր վարձուած երկու ինքնաշարժներ, որոնց մէջ կային ռումբեր եւ սննդեղէն: Կ’ենթադրուէր որ քոմանտօն յարձակումը գործած էր, երկարատեւ գրաւման նպատակով:
Լիզպոնի մէջ տեղի ունեցած յարձակումը հազիւ սկսած, Փարիզի մէջ, «Հ.Յ.Բանակ»ը, լրատու գործակալութեան հետ հաղորդակցութեան մէջ մտնելով, ստանձնեց գործողութեան պատասխանատուութիւնը:
Երեկոյեան «Հ.Յ.Բանակ»ը այս անգամ, Լիզպոնի մէջ միջազգային լրատու գործակալութեանց յղուած հաղորդագրութեամբ, վերստին կը ստանձնէր պատասխանատուութիւնը:
Լիզպոնի արարքը իր ամբողջութեան մէջ ներկայացող վերացականութեան եւ խորհրդաւորութեան ոլորտներուն մէջ մնալու կոչուած չէ: Այս արարքին արժեւորման հերթական փորձ չի կրնար անտեսել ազգայինպետական քաղաքականութեան մէջ դրսեւորուող այսօրուան իրականութիւնները, պարունակներու նոր սահմանագիծերը եւ այդ սահմաններուն մէջ կատարուող յայտարարութիւններն ու որդեգրուող քաղաքական կեցուածքները:
Այսպէս … Փորթուգալի մայրաքաղաքին մէջ Թուրքիոյ դեսպանատան գրաւումն ու անոր հետեւած անձնասպանական արարքը հայութեան ուժական պայքարի նորագոյն պատմութեան մէջ կերտեց բարձրակէտ մը« որ անջնջելի հետք թողուց ո°չ միայն մեր արդարատենջութեան երթին ճամբուն« այլ նաեւ մեր իրաւունքներուն աղերսակից աշխարհի յիշողութեան մէջ: